Եւրասիական Միութիւնը Պիտի Սկսի Գործել 2015-ին
«Ռիա Նովոսթի» գործակալութիւնը փոխանցեց, որ Ղազախստանի նախագահ Նորսուլթան Նազապայեւը յայտնած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը իր աշխատանքներուն պիտի սկսի 1 յունուար 2015-ին: Ան նշեց, որ իբրեւ նախապատրաստութիւն պէտք է նախ յաջորդ տարուան մայիսին ստեղծել փաստաթուղթի նախագիծը, որպէսզի երկիրներու խորհրդարանները կէս տարուան ընթացքին զայն կարենան վաւերացնել:
Ըստ Նազարպայեւի, ատիկա պիտի ըլլայ համարկման ամէնէն լաւ ձեւը ամբողջ յետխորհրդային տարածքին մէջ:
Նախագահը նշեց, որ պետութիւնը շատ մը հարցեր չի կրնար առանձինն լուծել, ուստի անոնք պէտք է միացեալ որոշում տան: Իսկ ատիկա պէտք է կատարուի համարկուելով, երբ բոլոր կողմերը ունենան հաւասարութիւն եւ օգտակարութիւն:
Ան տեղեկացուց, որ ստեղծուած է աշխատանքային խումբ մը, որ կը զբաղի Հայաստանի եւ Խրխըզիստանի միութեան անդամակցութեան կարելիութեան ուսումնասիրութեամբ:

