Թրիփոլիի Մէջ Արիւնահեղութիւնը Կը Շարունակուի

Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումները, որոնք հիմնականին մէջ կը կեդրոնանային Պապ Թըպպանէի, Ժապալ Մըհսենի եւ անոնց շրջակայ կարգ մը շրջաններուն, ինչպէս` Պաքքարի, Ռիվայի, Քըպպէի եւ Մալլուլէի մէջ, երէկ հասան Պապ Ռամլի շրջան եւ Նուր հրապարակ:

Հարկ է նշել, որ նախանցեալ երեկոյեան Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումները ամէնէն սուրերն էին, որոնց ընթացքին օգտագործուած էին ծանր զէնքեր, ինչպէս` «Պէ. 7» եւ «Պէ. 10» տիպի նռնականետեր, հրասանդեր եւ տարբեր տեսակի գնդացիրներ:

Թրիփոլիի զինեալ բախումներուն ընթացքին արձանագրած մարդկային վնասները հասան չորս զոհի եւ շուրջ 50 վիրաւորի:

Բանակը շարունակեց իր դիրքաւորումը բախումներու շրջանին մէջ եւ հակադարձեց կրակ բացող կողմերուն:

Միւս կողմէ սակայն, Պապ Թըպպաննէի շրջաններուն զինուորական պատասխանատուները գումարեցին նիստ մը, որմէ ետք սպառնացին Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան` Ժապալ Մըհսենը խստիւ ռմբակոծել. անոնք պահանջեցին նաեւ, որ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան պատասխանատուները անձնատուր ըլլան:

Թրիփոլիի բոլոր դպրոցները, համալսարաններն ու վաճառատուները մնացին փակ:

Նշենք, որ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր լիբանանեան բանակէն եւ ապահովութեան ուժերէն պահանջեց զինք տեղեակ պահել զինեալ բախումներուն մասնակցողներուն ինքնութեան մասին, որպէսզի ինք իր կարգին զանոնք բերման ենթարկելու գիրեր արձակէ:

Իր կարգին, Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութիւնը յայտնեց, որ ինք մնայուն կապի մէջ է Ժապալ Մըհսենի մէջ դիրքաւորուած լիբանանեան բանակին հետ` աւելցնելով, որ ինք կը մնայ օրէնքին, պետութեան եւ դատական իշխանութիւններուն ենթակայ:

Հարկ է աւելցնել, որ երէկ կէսօրէ ետք Թրիփոլիի անձնաւորութիւնները հանդիպում մը ունեցան Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարայի բնակարանին մէջ:

Հանդիպումէն ետք Քապպարա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ապահովական կառոյցի պետերը ձախողած են իրենց առաքելութեան գործադրութեան մէջ:

«Վերջերս կատարուած հետաքննութիւնները փաստած են, թէ Ժապալ Մըհսենի աւազակախումբը ահաբեկչութեան եւ սպանդի աղբիւրն է, եւ պատկան մարմինները այդ իրականութեան հիման վրայ պէտք է վարուին անոնց հետ` պաշտպանելու համար Թրիփոլին եւ անոր բնակիչները», ըսաւ Քապպարա:

Քապպարա շեշտեց, որ հանդիպումին ներկաները բարձր գնահատած են հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ջանքերը` Թրիփոլիի մէջ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )