Նախագահ Սլէյման Առկախեց Աւստրիա Կատարելիք Իր Այցելութիւնը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման առկախեց Աւստրիա կատարելիք իր պաշտօնական այցելութիւնը, որ պիտի սկսէր կիրակի, 27 հոկտեմբեր 2013-ին, նկատի ունենալով լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, յատկապէս` Թրիփոլիի զարգացումները:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ Զուք Մքայելի քաղաքապետ եւ Քեսրուան-Ֆթուհի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Նուհատ Նաուֆալի յիսնամեակին առիթով կազմակերպուած հանդիսութեան մը ընթացքին շեշտեց, որ երբ երկիրը փոթորիկներու դէմ յանդիման կը գտնուի պէտք է հարց տալ, թէ ո՛վ ընտրած ենք. արդեօք ընտրա՞ծ ենք այնպիսի անձնաւորութիւններ, որոնք կ՛աշխատին մօտեցնել լիբանանցիները եւ աշխուժացնել քաղաքացիական հաստատութիւնները:
«Լիբանանցիներէն ոմանք կը կրկնեն արտաքին ուժերուն վրայ գրաւ դնելու սխալը` անտեսելով Պաապտայի յայտարարութիւնը, որ Լիբանանին վերադարձուցած է իր Ազգային ուխտի շունչը` Լիբանանը տագնապներէ զանց կացուցելու իմաստով, ինչպէս նաեւ դարձած է դէպի ազգային երկխօսութիւն առաջնորդող անհրաժեշտ անցք մը», ըսաւ նախագահ Սլէյման:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց` մշակելու ընտրական նոր օրէնք մը եւ երեսփոխանական նոր ընտրութիւններ կատարելով` կրճատելու խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը: