Վարչապետ Միքաթի Հետեւեցաւ Թրիփոլիի Կացութեան
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ունեցաւ շարք մը քաղաքական եւ ապահովական հանդիպումներ, որոնց շրջագիծին մէջ ան քննարկեց Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութիւնը եւ հետեւեցաւ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն գործադրած ապահովական ծրագիրներուն, որոնք նախանցեալ օր մշակուած էին Պաապտայի մէջ:
Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ: Քննարկուեցան Թրիփոլիի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակն ու օրինազանցներուն դէմ ապահովական միջոցառումներուն գործադրութեան քայլերը:
Միքաթի խորհրդակցեցաւ նաեւ Թրիփոլիի երեսփոխաններուն եւ հեղինակութիւններուն հետ` շրջանին մէջ արձանագրուած զարգացումներուն մասին եւ շեշտեց ապահովական եւ դատական որոշումներուն գործադրութեան կարեւորութիւնը:
Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ: Քննարկուեցան Թրիփոլիի մէջ որդեգրուած ապահովական լուրջ քայլերը գործադրելու հեռանկարները:
Սինիորա զօրակցութիւն յայտնեց Պաապտայի մէջ տրուած որոշումներուն գործադրութեան` ընդգծելով, որ օրէնքը առանց բացառութեան բոլորին կը վերաբերի:

