Դեսպան Քոչարեան Այցելեց Ատնան Քասսարի
Լիբանանի մէջ Հայսաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան երէկ այցելեց Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Ատնան Քասսարի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արաբական երկիրներու միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Ա. Քոչարեան առաջարկեց կազմակերպել Հայաստան-Լիբանան տնտեսական համաժողով մը, քննարկելու համար երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական գործակցութեան բարելաւման կարելիութիւնները` առեւտրական եւ ներդրումներու իմաստով:
Երկու կողմերը համաձայնեցան նաեւ տեղեկութիւններ փոխանակել` երկու երկիրներուն մէջ փոխադարձ ներդրումի կարելիութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ տնտեսական նպատակներով իրականացուելիք փոխադարձ այցելութիւններուն շուրջ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Հայաստանի եւ արաբական երկիրներու միջեւ տնտեսական համաժողով մը կազմակերպելու հեռանկարները: Այս շրջագիծին մէջ Քասսար` իբրեւ արաբական երկիրներու առեւտրական պալատներու համադաշնակցութեան նախագահ, խոստացաւ 6 նոյեմբեր 2013-ին Տոհայի մէջ տեղի ունենալիք համադաշնակցութեան տնօրէն խորհուրդի նիստին ընթացքին ներկայացնել այդ առաջարկը:
Այս նպատակով ան դեսպան Քոչարեանէն ստացաւ թղթածրար մը, որ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ իրագործուելիք ներդրումային ծրագիրներուն:
Ա. Քոչարեան Քասսարի հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ Հայաստան յանձնառու կը մնայ Լիբանանի հետ քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններուն պահպանումին, ինչպէս նաեւ կը զօրակցի լիբանանեան եւ արաբական բոլոր դատերուն արդար լուծման: