Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ կասկած մը ունիք ձեր որոշած գործին յաջողութեան, դասեր քաղեցէք անցեալին կատարուած նման խնդիրներու լուծումէն եւ ըստ այնմ գործի անցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Աշխատանքային լաւ գործունէութիւն: Ձեր ներկայութիւնը գործատեղիին մէջ արդէն յաջողութիւն կը նշանակէ: Արժեւորեցէք ձեր գործակիցները:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Աշխատանքային փնտռտուքի մը լծուած էք նորութիւններ ստեղծելու նպատակով: Քայլ պիտի պահէք արհեստագիտութեան հետ եւ պիտի ունենաք հոգեմտաւոր գոհունակութիւն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Շատ լաւ գործունէութիւն պիտի ունենաք` որոշ խնդիր մը յաջողցնելու: Ձեր այս իրագործումէն պիտի օգտուին նաեւ ձեր շուրջինները: Ապրի՛ք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մի՛ տատամսիք ձեր որոշումը իրագործելու: Քաջութեամբ սկսեցէք աշխատանքի, որպէսզի օրը ըլլայ աշխուժ: Կեանքը փորձառութիւն կը պահանջէ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մտիկ ըրէք ձեր բարեկամներուն խօսքերը: Կրնաք փոփոխութեան ենթարկել ձեր որոշումը: Կարծիքներու յայտնաբերումը նոր ճամբայ կը բանայ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դիմեցէք անձի մը խորհուրդին եւ խրատին` ձեր ծրագրին իրագործումը լաւ հիմքի վրայ դնելու համար: Մարդը մարդով ուժեղ է:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ճամբորդութեան ծրագիր մը կը պատրաստէք աշխատանքի վերաբերեալ: Նախքան մեկնում` լաւ սերտեցէք հարցին պայմանները: Անորոշութեան մէջ մի՛ մնաք: Յստակացուցէք ձեր միտքը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Նամակ մը կամ նոր էջ մը պիտի գրէք ձեր հարազատին կամ բարեկամին, անոր հետ զրոյցի նստելու հեռուէ հեռու: Յստակ միտքեր փոխանցեցէք իրարու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ ընկերովի կեանք մը ունիք, այսինքն ամուսնացած ըլլաք կամ բարեկամութիւն ունիք, հարցեր քննարկելու ատեն եղէք հասկցող եւ անկեղծ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր գիշերները խաղաղած են` համեմատած նախկին օրերու: Ասիկա յաջողութիւն մըն է` ձեր առողջութիւնը պահելու: Անիմաստ հանդիպումներու մի՛ մասնակցիք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Օրը պիտի անցնի խանդավառ մթնոլորտի մէջ, բարեկամներու ընկերակցութեամբ: Պիտի մոռնաք ձեր հոգերը եւ պիտի ըլլաք լաւատես, զուարթ:

