50 Տարի Առաջ (28 Հոկտեմբեր 1963)

Արտակարգ Խանդավառութեան Մթնոլորտի Մը Մէջ

Պատմական Օր Մը Արձանագրեց Հայաստանեայց Եկեղեցին

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Շաբաթ, 26 հոկտեմբեր 1963, առաւօտեան ժամը 7:30-ին, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ` զօրավար Ֆուատ Շեհապի կողմէ նախագահութեան` դիւանապետ Ժորժ Հայմարի Անթիլիաս եկաւ վեհափառ հայրապետը առաջնորդելու օդակայան եւ մաղթելու բարի ճանապարհ իր դէպի Երուսաղէմ շքերթին:

Եկած էին նաեւ ազգային մարմիններու եւ զանազան կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` բազմահարիւր ազգայիններ:

Վեհափառ հայրապետը նախ մուտք գործեց մայր տաճար, ուր կատարեց իր աղօթքը, ապա նոյն շքախումբով գնաց աղօթելու Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի հողակոյտին վրայ, Անոր հոգւոյն խաղաղութեան համար:

Յուզիչ էր պահը: Տխուր յիշատակի մը վերապրումով յուզուեցաւ վեհը` յուզելով նաեւ ներկաները:

Անարդարօրէն պայքարի ենթարկուած Անթիլիասը, ողջագուրումովը երկու հայրապետներու, պիտի վերագտնէր սիրոյ եւ խաղաղ գործակցութեան միասնականութիւնը, որուն այնքան ցանկացողն էր հանգուցեալ հայրապետը:

Վեհափառ Հայրապետը Խան Ահմարի մէջ դիմաւորուեցաւ Շահէ վրդ. Աճէմեանի կողմէ: Ժամը մէկը քառորդ անց, Ազարիէ մուտքին կաթողիկոսը դիմաւորուեցաւ Երուսաղէմի պատրիարք Եղիշէ արք. Տէրտէրեանի, միաբանութեան եւ Լիբանանի հիւպատոսին կողմէ:

Սիրալիր ողջագուրումներէ ետք Յորդանանի Հիւսէյն թագաւորի անձնական ինքնաշարժով եւ աւելի քան 200 ինքնաշարժներու ընկերակցութեամբ կաթողիկոսը ճամբայ ելաւ դէպի Երուսաղէմ: Ժամը մէկը քսանհինգ անց թափօրը կանգ առաւ Դաւիթի դրան առջեւ, ուրկէ փառաւոր ընդունելիութեամբ առաջնորդուեցաւ Ս. Յակոբեանց վանք:

Առաջնորդուելով Սրբոց Յակոբեանց տաճարը` վեհը ուղղակի գնաց Ս. Գլխադիր մատուռը, իր ուխտը ըրաւ եւ ապա առաջնորդուեցաւ մայր սեղան:

Սրբազան պատրիարքին հետ փոխն ի փոխ կարդալէ ետք աղօթքը, պատրիարք սրբազանը, յանուն Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան եւ Յորդանանի պատուական ժողովուրդի եւ կառավարութեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք նորին սուրբ Օծութեան, ըսաւ.

«Աննախընթաց օրն է, որ կը տօնենք այսօր մեր պատմութեան: Մեր մէջ ունինք նուիրապետական աթոռներու գահակալները, որոնք եկած են այստեղ, այս սրբատեղեաց մէջ` նորոգելու իրենց ուխտը, ծառայելու համար Հայաստանեայց Ս. եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին:

Ապա վեհափառը թափօրով եւ «Երբ որ բացուին դռներն յուսոյ» խմբերգով առաջնորդուեցաւ պատրիարքարան:

Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոս բազմած էր աթոռին, երբ վեհ. Խորէն կաթողիկոս տասը քայլի չափ մօտեցած էր, վեհափառ Վազգէն կաթողիկոս ժպտերես ոտքի ելաւ եւ երկու վեհափառները ընդհանուր ծափերու եւ այնքան սպասուած սրտազեղումով ողջագուրուեցան ժամը երկուքը քսան անց:

Վեհափառ Վազգէն Ա. խօսք առնելով` ըսաւ.

«Շնորհազա՛րդ եղբայր Տէր Խորէն, սրտի խորին մաղթանօք բարի գալուստ կը մաղթեմ ձերդ սրբութեան: Այս կամարներուն տակ Ս. Տեղաց ողջագուրուեցանք: Այս շատ յուզիչ եւ առաջին իսկ պահուն կը փափաքիմ յայտնել ձերդ սրբութեան եւ միաբանութեան, որ բոլորիդ բերած եմ ողջոյն սիրոյ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնէն, մեր վերածնած հայրենիքէն եւ Արարատէն, Օշականի մեծ սուրբին` Մեսրոպ Մաշտոցի գերեզմանէն, որուն յիշատակին տօնը տօնուեցաւ այսօր: Սիրոյ ողջոյն` նաեւ մեր միաբանութենէն եւ Հայաստանի ժողովուրդէն:

«Շնորհազա՛րդ եղբայր, Մայր Աթոռի միաբանութիւնը եւ ժողովուրդը պատուար պիտի հանդիսանան, որ չարիքին առաջքը առնուի: Որպէսզի Հայաստանեայց եկեղեցին կարենայ իսկապէս շարունակել իր առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը, պէտք ունի իր գահակալներուն միջեւ եղբայրութեան եւ սիրոյ գործակցութեան:

«Ս. Էջմիածնի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պատրիարքական Ս. Աթոռներու վեհափառ եւ սրբազան գահակալները, տարիներու ընթացքին, բոլոր դժուարութեանց առթիւ, մէկը միւսին օգտակար լրացուցիչները եղած են: Հոն, ուր Էջմիածինը չէ հասած, հասած է Կիլիկիան: Հոն, ուր Կիլիկիան չէ  հասած, հասած է Ս. Էջմիածինը:

«Ոչ մէկ անպատեհութիւն կայ, որ այսօր ալ նոյն եղբայրական վերաբերումը ցոյց տանք իրարու հանդէպ, երկու գահակալները ձեռք ձեռքի տալով` մեր ազնուական ժողովուրդին օգնենք, պահպանենք, որպէսզի ան կարենայ իր ազգային նկարագիրը պահել ամուր հիմերու վրայ, պահէ իր գոյութիւնը, որ կու գայ դարերու խորերէն:

«Ես ալ, վեհափառ եղբայր, բերած եմ ձեզի թեմերու՛, թեմակալ առաջնորդներու, ազգային յարգարժան ժողովականներու, մեր մաքրակրօն քահանաներու, մեր միաբանութեան եւ ժողովուրդին յարգանաց հաւաստիքը, սէրն ու գուրգուրանքը ձեր վեհափառութեան առաջ:

«Յոյսով կը սպասէի այս երջանիկ օրուան: Այս հանդիսաւոր օրուան: Այս հանդիսաւոր առիթով իմ եղբայրական նուիրական պարտքը կը համարեմ շնորհաւորելու ձերին սրբութիւնը, ձերին սրբութեան ընտրութիւնը եւ օծումը իբրեւ կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:

«Կեցցէ՛ Հայաստանեայց Ս. եկեղեցին, կեցցէ՛ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ պատմական եւ դարաւոր կաթողիկոսական Ս. Աթոռը:

«Ձեր սրբութեան պատգամաւորները, երբ քանի մը օր առաջ այստեղ եկան եւ բերին պատասխան այն գեղեցիկ նամակը, որ խմբագրուած էր սիրով, ուր կը փափաքէիք, այս հանդիսաւոր հանդիպումին, մենք եւս կը փափաքէինք այս ողջագուրումը եւ այս սիրոյ եւ միութեան ոգին, այլեւս չի բաժնուիր մեզմէ: Աստուածային շնորհ մը կը նկատեմ ասիկա եւ կ՛աղօթեմ, որ այս շնորհը անբաժան ըլլայ մեզէ եւ բարի գալուստ ձեզի:

«Կեցցէ՛ Հայաստանեայց Ս.  եկեղեցին»:

Տ. Խորէն Կաթողիկոսի Պատասխանը

Վեհափառ Խորէն Ա. կաթողիկոս պատասխանելով` ըսաւ. «ԻՆծի համար հաճելի պարտականութիւն կը նկատեմ յայտնելու, թէ այս խաղաղութեան երկիրը, որ եկաք ձեր տարիներէ ի վեր երազած ուխտը կատարելու, գեղեցիկ առիթ մը եղաւ, որպէսզի բոլորին կողմէ նոր էջ մը բացուի մեր ողջագուրումով:

«Միշտ կը բաղձամ եւ կը հաւատամ Հայաստանեայց Ս. եկեղեցւոյ կոչումին եւ պարտականութեան:

«Հայաստանեայց եկեղեցին, մեր ժողովուրդի պահպանութեան տեսակէտէն, կարեւոր դեր մը ունի կատարելիք: Ձուլման մեծ վտանգ մը կը սպառնայ ամէն տեղ: Երկու կաթողիկոսներս միասնաբար աշխատինք ու խօսինք մեր եկեղեցւոյ շէնութեան եւ համայն հայ ժողովուրդի բարգաւաճման մասին:

«Մեր ալ ցանկութեան կը համապատասխանէ այս կերպը:

«Մեր եկեղեցիին եւ համայն հայ ժողովուրդին ծառայելու բարձր գիտակցութեամբ, պիտի ջանանք նոր ճամբայ մը բանալ մեր եկեղեցիին եւ ժողովուրդին համար:

«Մեր պարտքը պէտք է նկատենք յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները սիրոյ եւ համերաշխութեան ճամբով:

«Գիտեմ, շատեր հարց կու տան.

«Ո՞վ շահեցաւ, ո՞վ կորսնցուց, Էջմիածի՞ն, թէ՞ Անթիլիաս:

«Չեմ կրնար պատասխան տալ եւ չեմ գիտեր, թէ ո՞վ աւելի շահեցաւ: Բայց մէկ բան իմ հոգին կը վկայէ, որ շահաւորը եղաւ մեր սուրբ եկեղեցին եւ մեր ժողովուրդը, եւ եթէ իրաւ է այդ` շահեցան թէ՛ Էջմիածին եւ թէ, Անթիլիաս` միասնաբար եւ հաւասարապէս:

«Այս զգացումներով, շնորհազարդ եղբայր Մեր, խորին ուրախութիւնս եւ երջանկութիւնս կը յայտնեմ եւ կ՛աղօթեմ Ձեր առողջութեան եւ Ձեր Աթոռին անսասանութեան եւ բարգաւաճման համար:

«Մեր գոհունակութիւնը կ՛ուզեմ յայտնել այս առթիւ նաեւ Եղիշէ պատրիարքին, այս Տան ներկայացուցիչին, բոլոր մեր բարձրաստիճան հոգեւորական եղբայրներուն եւ բարի կամքի տէր ազգայիններուն որոնք դիւրացուցին գործս եւ հնարաւոր դարձուցին ու կազմակերպեցին ի պատիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան այս ջերմ ընդունելութիւնն ու ողջագուրումի բախտաւոր առիթը:

«Վեհափառ եղբայր, աղօթելով Ձեր թանկագին կենաց արեւշատութեան համար, Ձեր այս սրբազան պարտականութեանց մէջ Աստուած կարողութիւն տայ, որպէսզի շէն ու պայծառ պահէք Ս. Էջմիածինը:

«Կը մաղթեմ, որ երբ ծունկի գանք եւ աղօթենք միասին առ բարձրեալն Աստուած, Ան լսէ մեր ձայնը եւ անուշաբոյր ծաղիկներ ծլին ու ծաղկին մեր ժողովուրդի սրտին մէջ:

«Կը մաղթեմ, վեհափառ տէր, որ զօրանաք եւ արիանաք ձեր բոլոր դժուարութեանց մէջ եւ վառ պահէք Լուսաւորիչի պլպլացող լոյսը. ամէն»:

«Վասն խաչ»-ի աղօթքէն ետք, «Պահպանիչ»-ը ըրաւ Վազգէն կաթողիկոս: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր երկու վեհերու:

Շքեղ Ճաշկերոյթ` Պատրիարքարանին Մէջ

Երեկոյեան ժամը 8:30-ին, ի պատիւ Խորէն Ա. կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատգամաւորներուն, պատրիարքարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ մեծ ճաշկերոյթ: Ներկայ էին երկու գահակալները, պատրիարք սրբազանը, արքեպիսկոպոսներ, եպիսկոպոսներ, վարդապետներ եւ պատգամաւորներ` Կիլիկիոյ Աթոռին, աւելի քան քառասուն հոգի:

«Պատմական նշանակութիւն ունեցող դէպքի մը ներկայ եղանք: Երկու գահակալներ իրարու հանդիպեցան, միասին աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, մեր Ս. եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին ծառայելու ուխտով: Կը հաւատանք, որ իրօք յիշատակութեան արժանի ճամբայ մը պիտի բացուի այսօրուընէ սկսեալ: Առաջին պայմանն է, որ ամուր պահենք այս ոգին, հիմնական մնանք մեր այս զգացումներուն վրայ, որպէսզի կարենանք կենսագործել մեր եկեղեցաշէն եւ ազգանուէր բոլոր նպատակները, զորս մեզմէ կը սպասէ հայ ժողովուրդը, Հայաստան աշխարհէն ներս եւ ի սփիւռս աշխարհի, իբրեւ մէկ եւ անբաժանելի ժողովուրդ, առաւել եւս` եկեղեցի:

«Լրիւ գիտակցութիւնն ունիմ, որ Հայաստանի եւ արտասահմանի փոխյարաբերութիւններուն մէջ տարակարծութիւններ կան: Բայց ո՞ւր պիտի մնայ մեր արժանիքը, եթէ մեր կողմնակի շահերէն եւ նկատումներէն վեր չբարձրանանք եւ չգտնենք ուղի մը, նոյնիսկ եթէ տարբեր ձեւի կամ պայմաններու մէջ գործելու ըլլանք: Բայց ինչ որ մենք երկուքս կրնանք ընել, մեր գործակիցներով, պէտք է առաւելագոյն չափով ընենք, մեր մէկ եւ անբաժանելի եկեղեցւոյն եւ ժողովուրդին համար»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )