Հոգեբանական Ուսումնասիրութիւններ. Տրամաբանութիւն Եւ Նախապաշարում

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՆԱԽԱՊԱՇԱՐՈՒԱԾ ԱՆՁԵՐ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԲԱՆԵՐ Կ՛ԸՆԵՆ: ՍԱԿԱՅՆ ՄԻԱՅՆ ԱՆՈՆՔ ՉԷ, ՈՐ ԿԸ ԶԱՐՆԵՆ ՓԱՅՏԻՆ, ՈՐՊԷՍԶԻ «ԱՉՔ ՉԴՊՆԱՅ»: ԲՈԼՈՐՍ ՀԱԿԱՄԷՏ ԵՆՔ ԵՐԲԵՄՆ ՄԵՐ ՄԱՏՆԵՐՈՒՆ ՈՍԿՈՐՆԵՐԸ ՍԵՂԱՆԻՆ ԶԱՐՆԵԼՈՒ, ԵՐԲ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ ՓՈՐՁՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆՈՂ ԲԱՆԵՐ Կ՛ԸՍԵՆՔ: «ՏԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ» ԿԸ ՏԵՂԵԿԱԳՐԷ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՄԱՍԻՆ, ՈՐ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՓՈՐՁԱՐԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ, ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ ԿԱԽԱՐԴՈՒԹԵՆԷ ԱՒԵԼԻ` ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐ Է ՆՄԱՆ ՆԱԽԱՊԱՇԱՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ԳՈՅԱՏԵՒՈՒՄԻՆ ՄԷՋ:

«Քաղցկեղը հակակշիռի տակ է, փայտի՛ն զարկ»:

Իրօք, այնքա՛ն սովորական է փայտին զարնելը, որ յաճախ չենք մտածեր այս մասին: Սակայն կ՛արժէ հարց տալ. ինչո՞ւ այն անձերը, որոնք չեն հաւատար, որ փայտին զարնելը որեւէ ներգործութիւն ունի իրերու ընթացքին վրայ, կը շարունակեն փայտին զարնել ամէն պարագայի: Պատճառը այն է, որ անիկա արդիւնք մը կու տա՛յ:

Ո՛չ, փայտին զարնելը չի փոխեր իրերու ընթացքը: Հաւանական է, որ քաղցկեղը այս կամ այն ձեւով մնայ հակակշիռի տակ: Սակայն փայտին զարնելը որոշ ներգործութիւն մը ունի մեր հաւատալիքներուն վրայ, իսկ այս մէկը նոյնքան կարեւոր է:

Ուսումնասիրութիւններու համաձայն, նոյնիսկ այն անձերը, որոնք նախապաշարումներու չեն հաւատար, հակամէտ են հաւատալու, թէ ժխտական բաներ կը պատահին, եթէ «աչք դպնան»: Կրնանք հպարտութեամբ ըսել, թէ 20 տարուան մէջ ինքնաշարժ քշած ենք առանց որեւէ արկածի, սակայն նոյն օրը քիչ մը վախով կը քշենք դէպի տուն: Նախապաշարուած անձեր պիտի ըսէին, թէ մեր մտավախութիւնը տեղին է, որովհետեւ տիեզերքը կը պատժէ սնափառները: Հոգեբանական ուսումնասիրութիւններ նուազ կախարդական բացատրութիւն մը կու տան: Անոնց համաձայն, ինքնաշարժի արկածէ զերծ մնալու մասին յոխորտալը պատճառ կը դառնայ, որ արկածի ենթարկուելու գաղափարը ծագի մեր ուղեղին մէջ, իսկ անգամ մը որ յայտնուի անիկա, կը սկսի մտահոգութիւն պատճառել մեզի:

Ներհուն մակարդակի վրայ հասկնալի կը թուի այս բացատրութիւնը: Սակայն աւելի տրամաբանական բացատրութիւն մը կը պահանջէ այն հարցը, թէ ինչպէ՛ս ֆիզիքական սովորական արարք մը` փայտին զարնելը, կրնայ փարատել մտահոգութիւնը:

«Ընդհանուրը, մեզմէ մէկը» վերնագիրով յօդուածի մը մէջ, որ լոյս պիտի տեսնէ «Ճըռնըլ աֆ Էքսփերիմենթըլ Սայքոլոճի» թերթին մէջ, Շիքակոյի համալսարանէն վարուելակերպի գիտութեան մասնագէտ Ճէյն Ռայզըն եւ անոր պաշտօնակիցները կը նկարագրեն իրենց կատարած մէկ ուսումնասիրութիւնը: Անոնք համալսարանի ուսանողներէ պահանջած են բարձրաձայն յոխորտալ, թէ այս ձմեռ ինքնաշարժի ոչ մէկ արկածի պիտի ենթարկուին: Բաղդատած այն ուսանողներուն, որոնք այս մասին չեն յոխորտացած, այս ուսանողները ըսած են, թէ հետագային շատ աւելի մտածած են արկածի ենթարկուելու հաւանականութեան մասին:

Այնուհետեւ ուսումնասիրողները յոխորտացող ուսանողները հրաւիրած են զարնելու իրենց դիմաց դրուած փայտէ սեղանին: Անոնք, որոնք զարկած են սեղանին, նուազ մտածած են արկածի ենթարկուելու հաւանականութեան մասին, ինչպէս` այն ուսանողները, որոնք բնաւ չեն յոխորտացած, թէ արկածի պիտի չմատնուին: Այլ խօսքով, փայտին զարնելը շրջած է յոխորտալու անդրադարձները:

Թէեւ փայտին զարնելը կախարդական ներգործութիւն մը չունի, սակայն նախապաշարումը կ՛օգնէ հասկնալու, թէ ինչո՛ւ այս արարքը արդիւնաւէտ է: Բոլոր մշակոյթներուն մէջ նախապաշարումները, ինչպէս` աղ թափել կամ թքել, ծառայած են շրջելու չար բախտը: Անոնք կը բաժնեն հասարակաց տարր մը եւ այս կամ այն ձեւով կ՛առնչուին բանէ մը խուսափելու արարքի մը, ուժ մը մեզմէ հեռացնելու ճիգի մը:

Մեզմէ բան մը հեռացնելու այս արարքը անհրաժեշտ կը թուի ըլլալ, որովհետեւ մարդոց հաւատալիքները յաճախ կը կրեն ներգործութինը մարմնական զգացողութիւններու եւ շարժումներու: Օրինակ, ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ մարդիկ հակամէտ են ընդունելու կարգ մը վիճարկութիւններ, երբ զանոնք կը լսեն իրենց գլուխը շարժելով վեր-վար, այո՛ ըսելու պէս, քան` երբ իրենց գլուխը կը շարժեն աջ ու ձախ, ո՛չ ըսելու պէս:

Մարդիկ ընդհանրապէս կը փորձեն վատ բաները հեռացնել իրենցմէ: Անոնք ստեղծած են կապ մը` որոշ արարքներ իրենցմէ հեռացնելու եւ վտանգէ կամ վնասէ խուսափելու միջեւ: Ասիկա մտածել կու տայ, որ երբ մարդիկ կը զարնեն փայտին, աղ կը թափեն կամ կը թքեն, արարքը կ՛օգնէ հանդարտեցնելու ուղեղը, որովհետեւ նման բիրտ արարքներ կը խթանեն այն զգացումները, մտածումները եւ զգացողութիւնները, զորս կ՛ապրին, երբ կը խուսափին վատ բանէ մը:

Այս բացատրութիւնը ապացուցելու համար ուսումնասիրողները փայտին զարնելու փորձարկութեան ընթացքին կարգ մը ուսանողներու թելադրած են սեղանը թակել` իրենցմէ բան մը վանելու շարժումով, իսկ այլ ուսանողներէ պահանջած են զարնել սեղանին տակ` դէպի իրենց բան մը քաշելու շարժումով: Անոնք, որոնք թակած են սեղանին տակ, կատարած են բան մը մօտեցնելու եւ ոչ թէ` բանէ մը խուսափելու շարժում մը: Թէեւ անոնք ամէն պարագայի կը զարնէին փայտին, սակայն արարքը չէր յաջողած շրջել անոնց յոխորտալու անդրադարձները: Իրօք, անոնք հետագային շատ աւելի խոր մտավախութիւն ապրած են, բաղդատած անոնց, որոնք երբեք չեն թակած սեղանին:

Ուսումնասիրութեան յաջորդ հանգրուանին փորձարկուած է խուսափողական շարժումներուն ներգործութիւնը` նախապաշարումէ զերծ վիճակներու մէջ: Ուսանողներէն պահանջուած է յոխորտալէ ետք զարնել սեղանին եւ գնդակ մը նետել (որ դարձեալ խուսափողական արարք մըն է, սակայն չ՛առնչուիր որեւէ նախապաշարումի հետ): Շիքակոյի եւ Սինկափուրի մէջ անջատաբար կատարուած ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, թէ գնդակ մը նետելու շարժումը եւս մեղմացուցած է յոխորտալու յաջորդող մտավախութիւնները` տարբեր մշակոյթով երկու երկիրներուն մէջ: Նոյնիսկ գնդակ մը նետել ձեւացնելու ներգործութիւնը հաւասար է զայն իրապէս նետելու:

Թէեւ որեւէ վարմունք կրնայ վերածուիլ նախապաշարուած արարքի, սակայն ամէնէն աւելի հաւանական է գոյատեւումը այն նախապաշարումներուն, որոնք արդիւնաւէտ ներգործութիւն ունին մեր զգացումները շրջելու վրայ: Յաճախ կը փորձենք ձերբազատիլ նախապաշարումներէն` լուսաւորութեան եւ յառաջդիմութեան անունով, սակայն շատ հաւանական է, որ անդրադառնանք, թէ կարգ մը նախապաշարումներէ հրաժարիլը դժուար է, որովհետեւ թէեւ անոնք երեւութապէս անտրամաբանական կը թուին, սակայն անհիմն չեն: Նախապաշարումէ բխած արարքներ կրնան արդիւնաւէտ դառնալ, սակայն բացատրութիւնը պէտք է փնտռել ո՛չ թէ կախարդութեան մէջ, այլ` հոգեբանութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES