Հոգեբանական Ուսումնասիրութիւններ. Մտովին Որոճալու Վտանգը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

ՎԵՐՋԵՐՍ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՀՈԳԵԿԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԱՄԷՆԷՆ ԼԱՅՆԱԾԱՒԱԼ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ Է ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՃԱՄԲՈՎ, «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ԵՒ ԼԻՎԸՐՓՈՒԼԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ: ԱՐԴԻՒՆՔԸ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ, ԹԷ ՄՏՈՎԻՆ ՈՐՈՃԱԼԸ ԳԼԽԱՒՈՐ ՆԱԽԱՆՇԱՆՆ Է ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ ԸՆԴՀԱՆՐԱՑԱԾ ՄՏԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿՇԻՌԸ ԵՒ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐԸ ՆՈՐ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆԷ ԴԱՐՄԱՆԵԼՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ:

Որոշ չափով ինքնախորհրդածելը լաւ բան է, կ՛ըսեն հոգեբաններ: Սակայն որքա՞ն կը լրջանայ հարցը, երբ ներհայեցողութիւնը կը կեդրոնանայ մէկ կէտի վրայ եւ նոյն մտածումները տեւաբար կը կրկնուին մեր ուղեղին մէջ:

Առողջապահութեան մասնագէտներ երկար ժամանակէ ի վեր մտովին որոճալը եւ ինքզինք մեղադրելը կը նկատեն անբաժան մէկ մասը այն հարցերուն, որոնք կ՛առաջնորդեն դէպի ընկճուածութիւն եւ անձկութիւն. իսկ այս երկուքը Բրիտանիոյ տարածքին ամէնէն աւելի ընդհանրացած մտային հիւանդութիւններն են, ինչպէս կը հաստատէ Բրիտանիոյ Մտային առողջապահութեան հիմնարկը:

Միւս կողմէ` նոր ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն յատկանշական եւ լուրջ է այս երկու երեւոյթներուն անդրադարձը մտային առողջութեան վրայ:

Վերջերս «Փլոս Ուան» թերթին մէջ լոյս տեսած ուսումնասիրութեան համաձայն, ժխտական դէպքերու մասին երկար որոճալը ընկճուածութեան եւ անձկութեան գլխաւոր նախանշանն է, որ ցոյց կու տայ անձի մը հոգեկան լարուածութեան մակարդակը: Ուսումնասիրութիւնը նոյնիսկ ի յայտ բերած է, թէ անձի մը հոգեբանական հակազդեցութիւնը շատ աւելի յատկանշական ազդակ մըն է, բաղդատած` զինք ցնցած դէպքին:

Ընդհանուր հաշուով 172 երկիրներէ 32827 անձեր մասնակցած են համացանցի վրայ կատարուած հոգեկան լարուածութիւնը չափող քննութեան, որուն ձեռնարկած են «Պի. Պի. Սի.»-ի գիտական փորձարկութիւններու յատուկ «Լապ Եու. Քէյ.»-գիտաշխատանոցը եւ Լիվըրփուլի համալսարանէն հոգեբաններ: Քննութիւնը ցարդ մեծագոյնն է, որուն ձեռնարկուած է Բրիտանիոյ մէջ:

«Ի յայտ բերինք, թէ այն անձերը, որոնք մտովին չեն որոճար իրենց դժուարութիւնները կամ իրենք զիրենք չեն մեղադրեր, ընկճուածութեան եւ լարուածութեան շատ աւելի ցած համեմատութիւններ ունին, նոյնիսկ, երբ ժխտական բազմաթիւ դէպքերու փորձառութիւնը ապրած են իրենց կեանքին մէջ», կ՛ըսէ Լիվըրփուլի համալսարանին մէջ հոգեբանութեան դասախօս Փիթըր Քինտըրման, որ գլխաւորած է ուսումնասիրութիւնը:

«Ժխտական մտածումներ որոճալը եւ ինքզինք մեղադրելը նախապէս արդէն նկատուած են յատկանշական գործօններ` մտային առողջութեան մէջ, սակայն ոչ այն տարողութեամբ, ինչպէս ի յայտ եկած է այս ուսումնասիրութեան մէջ»:

«Մեր յայտնաբերումները մտածել կու տան, թէ այս երկուքը հոգեբանական ճակատագրական ուղիներ են, որոնք կ՛առաջնորդեն ընկճուածութեան եւ անձկութեան», կ՛աւելցնէ ան:

Մարդկային ուղեղը չափազանց բարդ գործիք մըն է, եւ այս մարզին մէջ մասնագէտներուն կողմէ ընդհանրապէս ընդունուած կարծիքը այն է, թէ ընկճուածութիւնը եւ անձկութիւնը միայն մէկ պատճառի հետեւանք չեն: Իսկ կարգ մը ազդակներու ներգործութիւնը շատ աւելի զօրաւոր է:

Ուսումնասիրութիւնը ի յայտ բերած է, թէ կեանքի մէջ հոգեկան ծանր խոցեր պատճառած դէպքեր, ինչպէս` չարաշահութիւն եւ մանկութեան տարիներուն բռնութեան ենթարկուած ըլլալու փորձառութիւն, մտովին որոճալու նիւթ դառնալով` կը դառնան անձկութեան եւ ընկճուածութեան գլխաւոր պատճառներ: Մտովին որոճալու այլ դրդապատճառներ կ՛առնչուին ընտանեկան վիճակի, եկամուտի պատկերի եւ ուսման մակարդակի հետ: Երրորդ մակարդակի վրայ կը նշուին ամուսնական վիճակը եւ ընկերային միջավայրի կողմէ ընդունուելու չափը:

«Սակայն այս գործօնները առանձինն ընկճուածութիւն եւ անձկութիւն չեն պատճառած», կ՛ըսէ Քինտըրման:

«Անոնք ընկճուածութեան եւ անձկութեան առաջնորդած են, որովհետեւ մարդիկ մտովին որոճացած են իրենց հարցերը եւ իրենք զիրենք մեղադրած են անոնց համար»:

«Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ հոգեբանական հարցերը մաս կը կազմեն այն պատճառներուն, որոնք կ՛առաջնորդեն հարցերու բարդացումին: Այնպէս չէ, որ մարդիկ յանկարծ կը հիւանդանան, ապա փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան անոնց հոգեբանութեան մէջ»:

Ի յայտ եկած է, թէ մտովին որոճալը շատ աւելի աւեր կը գործէ, քան` ինքզինք մեղադրելը: Էսէքս քաղաքէն 50 տարեկան կին մը` Թըրիզա (ոչ իրական անունը) տարիներէ ի վեր կը տառապի մտովին կրկնելէ հարց մը:

«Երբ կը զգամ, թէ ամէն ինչ կատարեալ չէ կեանքիս մէջ, աւելի դժուար կը վանեմ ժխտական մտածումներս», կ՛ըսէ ան:

«Երբ աշխատավայրիս կամ տանս մէջ հոգեպէս լարուած կը զգամ, բոլոր ժխտական մտածումները կ՛ողողեն ուղեղս եւ չեմ կրնար տրամաբանութեամբ հակազդել անոնց: Կը սկսիմ ջղայնանալ ինքզինքէս, որովհետեւ առիթ կու տամ, որ անոնք կրկնուին ուղեղիս մէջ»:

«Վերջերս ինծի առաջարկուեցաւ դիմել հոգեբանի խորհուրդին: Սակայն շաբաթը մէկ ժամ պէտք էր հոգեբանին հետ խօսէի հեռաձայնով: Դժուար է հեռաձայնով մարդկային որեւէ կապ հաստատել անձի մը հետ: Անշուշտ չօգտուեցայ»:

Թըրիզա ամուսնացած է աւելի քան 20 տարիէ ի վեր եւ ունի երկու զաւակ: Սակայն, հակառակ ընտանեկան ուրախ կեանքին, պատահած է, որ երբեմն ժխտական մտածումները գերակշռած են անոր առօրեային մէջ:

«Կեանքիս մէջ երկու անգամ ապրած եմ պահեր, երբ իրապէս պայքարած եմ յարմարելու համար: Անցեալի ժխտական մտածումներ եւ ժխտական բաներ վերադարձած են` հալածելու զիս»:

«Այսքան տարի ետք կը մտածեմ, թէ այլեւս չ՛արժեր մտածել անոնց մասին, սակայն կը թուի, թէ անոնք միշտ ներկայ են խորապատկերի վրայ, պատրաստ` անմիջապէս յայտնուելու»:

«Երկու պարագաներուն ալ դիմած եմ բժիշկիս օգնութեան, որ պարզապէս ընկճուածութեան դէմ դեղեր յանձնարարած է: Չէի ուզեր այս միջոցին դիմել: Հետեւաբար փորձած եմ տարիներու ընթացքին զարգացնել յարմարելու իմ սեփական միջոցներս: Զգացած եմ, թէ բացօթեայ կեանքը եւ բնութիւնը մեծապէս բարերար ազդեցութիւն կը գործեն: Կը թուի, թէ բնութիւնը կը հանդարտեցնէ ուղեղս»:

Մտովին որոճալը երբեմն կը նկատուի մտային առողջութեան «լուռ» հարց մը, որովհետեւ անոր ներգործութիւնը յաճախ թերագնահատուած է: Սակայն անիկա մեծ դեր կը խաղայ սննդականոնի եւ ուղեղին մէջ անընդհատ միջամտող մտածումներու (օպսեսիւ քոմփալսիւ տիսորտըր) նման խանգարումներու մէջ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Իսկ մտային առողջութեան հետ կապուած հարցերու ներգործութիւնը հսկայական է: Անոնց ենթակայ է 4 անձէն մէկը: Աշխարհի առողջապահութեան կազմակերպութեան համաձայն, այս հարցերը անկարողութեան գլխաւոր պատճառ են աշխարհի տարածքին: Ուըրլտ էքոնոմիք ֆորումի համաձայն, միայն 2010-ին անոնք 2.5 թրիլիոն տոլար արժած են աշխարհին:

Բրիտանիոյ Մտային առողջապահութեան հիմնարկին համաձայն, Բրիտանիոյ մէջ որեւէ տարուան ընթացքին 4 անձէն մէկը կը դիմագրաւէ մտային առողջութեան հետ կապուած հարց մը: Անձկութիւնը եւ ընկճուածութիւնը ամէնէն սովորական հարցերն են անոնց շարքին:

Հետեւաբար այս նոր ուսումնասիրութիւնը ի՞նչ կ՛ըսէ անոնց, որոնք կը դիմագրաւեն մտովին որոճալու լուրջ հարցեր, ինչպէս նաեւ` անոնց, որոնք կը փորձեն դարմանել զանոնք:

«Յստակ է, թէ միայն մէկ ուսումնասիրութիւն ունինք, եւ հաւանաբար ուրիշներ եւս իրենց յատկանշական ներդրումները պիտի կատարեն,- կ՛ըսէ հոգեբան Էլի Փոնթին, որ օգնական ուսումնասիրող է Լիվըրփուլի համալսարանին մէջ եւ մասնակցած է ուսումնասիրութեան աշխատանքներուն: Իրականութեան մէջ ուսումնասիրութիւնը դրական պատգամ մը կ՛ուղղէ եւ պէտք է յոյս ներշնչէ»:

«Դժուար է լսել, թէ մեր հարցերուն պատճառը անցեալի փորձառութիւններն են կամ ծինական ժառանգութիւնը. բաներ, զորս կարելի չէ շրջել: Սակայն կարելի է փոխել մտածելու մեր ձեւը եւ իրերը դիմագրաւելու մեր մօտեցումները», կ՛աւելցնէ ան:

Այլ մասնագէտներ եւս կը բաժնեն այս կարծիքը: Անոնք կը վիճին, թէ նման ուսումնասիրութիւններ լուսարձակի տակ կ՛առնեն առողջապահական համակարգին մէջ հոգեբանական սպասարկութիւններուն հիմնական տեղ շնորհելու կարեւորութիւնը:

«Ասիկա դրական պատգամ մըն է», կ՛ըսէ Ուեսթմինսթըրի համալսարանին մէջ բնախօսական հոգեբանութեան դասախօս Անճելա Քլաու:

«Պայման չէ, որ բացառապէս հոգեբուժներ օգնեն այն անձերուն, որոնք կը փորձեն դիմագրաւել իրենց ժխտական մտածումներուն գործընթացները»:

«Առողջապահութեան մարզին մէջ աշխատող այլ մասնագէտներ եւս կրնան իւրացնել հոգեբանական օգնութիւն եւ միջոցներ ընձեռելու վարժութիւնը: Պայման չէ, որ մեծ գումարներ ծախսուին այս մարզին մէջ»:

Որո՞նք Մասնակցած Են Հոգեկան
Լարուածութեան Քննութեան

Լոտենի «Մտածողը»:

 

 

 

 

 

 

 

 

  • Ընդհանուր հաշուով` 32827 անձեր:
  • Անոնց շարքին` 12677 տղամարդիկ եւ 20165 կիներ:
  • Անոնք մասնակցած են 172 երկիրներէ:
  • Անոնց տարիքը կը տարուբերի 18-85-ի միջեւ:
  • Անոնց միջին տարիքը 39 է:
  • Անոնց մեծ մասը լիաժամ աշխատող է:
  • Մեծ մասին ամուսնական վիճակը կայուն է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )