Սերժ Սամոնեանցը Մեծարուեցաւ 35-ամեայ Լրագրողական Գործունէութեան Համար

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Այս յօդուածը նուիրուած է Սերժ Սամոնեանցին` Լոս Անճելըսի մէջ լոյս տեսնող «Ասպարէզ» թերթի անգլերէն բաժնի 10 տարուան նախկին խմբագիրին, եւ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի վերջին 25 տարիներու ներկայ խմբագիրին:

Սերժը համեստ մարդ է, իր կեանքին մեծ մասը անտրտունջ աշխատած է` խուսափելով իրեն նկատմամբ որեւէ ուշադրութենէ: Երբ նախորդ Կիրակի երեկոյեան անոր յայտնեցի, որ «Ասպարէզ»-ը պիտի մեծարէ զինք, Սերժը հեգնական պատասխանեց իրեն յատուկ ինքնաթերագնահատման ոճով. «Ի՞նչ է, մեծարելու համար ուրիշ մարդ չէ՞ մնացած»:

Սերժը մեծարուեցաւ հայութեան հնագոյն թերթերէն մէկուն` «Ասպարէզ»-ի 105-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ճաշկերոյթին ընթացքին: «Ասպարէզ» թերթը սկսած է հրատարակուիլ 1908 թուականին, Քալիֆորնիոյ Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ, իսկ 1970 թուականին տեղափոխուած է Լոս Անճելըս:

Մինչ իմ շաբաթական սիւնակներս կ’արժանանան զգալի ուշադրութեան` հրապարակուելով աշխարհի քանի մը տասնեակ թերթերու մէջ եւ տեղադրուելով հարիւրաւոր կայքէջերու վրայ բազմաթիւ լեզուներով, Սերժը ամէն շաբաթ աննկատ կերպով կը պատրաստէ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթը հրատարակութեան համար: Ան պատասխանատու է ամէն ինչի` սկսած լուրերու հաւաքումէն մինչեւ  խմբագրում, էջադրում, ծանուցումներ:

Պէտք է արժանին մատուցել «Ասպարէզ» թերթի ղեկավարութեան Սերժ Սամոնեանցին մեծարելու համար: Թէեւ 1988 թուականէն ան այլեւս չ’աշխատիր «Ասպարէզ»-ի մէջ, սակայն թերթի հայերէն եւ անգլերէն բաժիններու ներկայ խմբագիրներ Աբօ Պողիկեան եւ Արա Խաչատուրեան չեն մոռցած իրենց նախկին գործընկերը եւ քառորդ դար ետք փափաք ունեցած են իրենց երախտիքի խօսքը ըսելու անոր գերազանց աշխատանքին համար: Յաճախ չէ, որ հայկական կազմակերպութիւնները կը յիշեն իրենց աշխատակիցները եւ հանդիսաւոր ճաշկերոյթներ կը կազմակերպեն անոնց պատուին:

Թէեւ պատշաճ է ճանչնալ անոնք, որոնք զգալի գումարներ կը նուիրեն հայկական հաստատութիւններուն, որովհետեւ առանց անոնց առատաձեռն նուիրատուութիւններուն` կարելի չէր ըլլար շատ բաներու հասնիլ, սակայն նոյնքան կարեւոր է մեծարել ազգի համեստ ծառայողները, որոնք իրենց ամբողջ կեանքը նուիրած են հայ համայնքին, օրինակ` ուսուցիչները, լրագրողները եւ հոգեւորականները:

Տօնակատարութիւնը իսկապէս յիշարժան դարձաւ անակնկալ այն յայտարարութեամբ, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան շնորհած էր պարոն Սամոնեանցին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան կարդաց կաթողիկոսարանին յղած կոնդակը` պարոն Սամոնեանցի կրծքին պատուոյ շքանշանը ամրացնելու պահուն:

Ինծի խնդրած էին ներկայացնել Սերժը հոկտեմբեր 20-ի հանդիսաւոր ճաշկերոյթի ժամանակ, որ տեղի ունեցաւ Մոնթեպելոյի «Բաղրամեան» դահլիճին մէջ: Ստորեւ կը ներկայացնեմ իմ բացման խօսքս, որ կը ներառէ Սերժ Սամոնեանցին համառօտ կենսագրութիւնը.

Սերժը ծնած է 1943 թուականին, Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքը, ուր ապրած է մինչեւ 9 տարեկան: 1952 թուականին անոր ընտանիքը տեղափոխուած է Սան Փաւլօ, Պրազիլ, իսկ 1961 թուականին` Մասաչուսեց, Միացեալ Նահանգներ: Ան ընդունուած է ՀՅԴ երիտասարդական միութեան, իսկ 1966 թուականին Մոնթեպելօ, Քալիֆորնիա տեղափոխուելէն ետք, ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէի շարքերը:

1964 թուականին Սերժը ծառայութեան անցած է Միացեալ Նահանգներու ռազմածովային ուժերուն մէջ եւ 1970 թուականին պատուով զօրացրուած է իբրեւ քսանապետ: Զինուորական ծառայութիւնը աւարտելէն ետք, Սերժը յաճախած է Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիա նահանգային համալսարանը` մասնագիտանալով պատմութեան մէջ: Հետագային աւարտած է Եու. Սի. Էլ. Էյ. համալսարանի հանրային կապերու բաժինը:

1973 թուականէն սկսեալ Սերժ եօթը տարի շարունակ ստանձնած է “Ասպարէզ” թերթի անգլերէն բաժնի խմբագիրի պաշտօնը: Ապա, 1983-84 աշխատած է իբրեւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն: Հետագային, 1985-1988 թուականներուն ան կրկին վերադարձած է «Ասպարէզ»` անգլերէն բաժնի խմբագիրի իր նախկին պաշտօնին:

1985 թուականին Ժընեւի մէջ, Սերժը եւ ես, Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան կազմի մէջ էինք` յաջողութեամբ լոպիինկ իրականացնելով ՄԱԿ-ի կողմէն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար:

1988 թուականին Սերժը միացաւ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթին իբրեւ խմբագիր, ուր արդէն 25 տարի է որ ան կ’աշխատի: Ան գերազանց լրագրող է եւ բարձրակարգ արհեստավարժ: Ինծի համար մեծ պատիւ եւ հաճոյք է քառորդ դար շարունակ աշխատիլ անոր հետ միասին` ե՛ւ իբրեւ մտերիմ ընկերոջ, ե՛ւ իբրեւ գործընկերոջ:

Սերժը լուռ ու մունջ մարդ է եւ անխոնջ աշխատող: Ան իր ողջ կեանքի ընթացքին եղած է աշխատունակ գործիչ` տարբեր հասարակական եւ քաղաքական հարցերով եւ Հայ դատի աննկուն ջատագով:

Սերժի մեծարման ուրախութիւնը անոր հետ միասին կը կիսէին անոր ընտանիքին անդամները, կինը` Մարիամը, քենին` Լաուրա Մանուկեանը, անոր որդին` Րաֆֆին ու անոր կինը` Նանոն, եւ անոնց երեխաները` Էմիլին ու Սեպուհը:

Կը շնորհաւորեմ Սերժ Սամոնեանցը` հայ լրագրութեանը վերջին 35 տարիներու ընթացքին իր անշեղ նուիրուածութեան համար եւ կը շնորհաւորեմ «Ասպարէզ» թերթի աշխատակիցները` անոնց քրտնաջան աշխատանքին եւ յանձնառութեան համար` շարունակելու ժառանգութիւնը այն մարդոց, որոնք 105 տարի առաջ հիմնադրած են այս թերթը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )