«Ասպարէզ»-ի 105-ամեակի Նշում` Պատուելով Թերթի Նախկին Խմբագիրներէն Սերժ Սամոնեանցը

Կիրակի, հոկտեմբեր 20-ին, «Ասպարէզ»-ի բարեկամներէն 450 հոգի հաւաքուեցաւ Մոնթեպելլոյի «Բաղրամեան» սրահը` նշելու համար թերթին 105-րդ տարեդարձը` պատուելով անգլերէն բաժինի նախկին խմբագիրներէն Սերժ Սամոնեանցը:

Տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած ճաշկերոյթը սկսաւ ընդունելութեամբ, որմէ ետք «Ասպարէզ»-ի ընթերցողներէ, հովանաւորներէ, ծանուցողներէ, աշխատակիցներէ եւ միութենական նեկայացուցիչներէ բաղկացած բազմութիւնը մուտք գործեց սրահ, ուր հայր Միւռոն Ազնիկեանի աղօթքէն ետք վայելեց Վիգէն Կիւլեսերեանին պատրաստած ճաշերը:

Ընթրիքի ընթացքին «Հոշարեան» նուագախումբին կատարած երաժշտական կտորները կ՛ընդմիջուէին խմբագիրներ Աբօ Պողիկեանի եւ Արա Խաչատրեանի ամփոփ զեկոյցներով` թերթի ներկայ վիճակին եւ ապագայ ծրագիրներուն մասին:

Պատէն կախուած պաստառներու վրայ իրարու կը յաջորդէին «Ասպարէզ»-ի առաջին տարուան` 1908-ի էջերու թուայնացուած պատկերները: Այդ տարուան «Ասպարէզ»-ի թուայնացումը կատարուած էր ազգային բարերար Մանաս Պուճիքեանի տրամադրած գումարով:

Յատուկ առաքելութեամբ շրջան այցելող Արցախի Հանրապետութեան փոխվարչապետ, զօրավար Արթուր Աղաբէկեան սիրով ընդառաջած էր «Ասպարէզ»-ի հիւրը ըլլալու մեր խնդրանքին: Փոխվարչապետը ողջունեց «Ասպարէզ»-ի տարեդարձը եւ ամփոփ ձեւով անդրադարձաւ իր այցելութեան նպատակին:

Ապա յայտնի հրապարակագիր, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» անգլիատառ շաբաթաթերթի հրատարակիչ Յարութ Սասունեան ներկայացուց «Ասպարէզ»-ի անգլերէն բաժինի նախկին խմբագիրներէն Սերժ Սամոնեանցի կենսագրութիւնն ու վաստակի գնահատումը:

Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան Ամերիկայի Կիլիկեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան շնորհաւորեց «Ասպարէզ»-ի տարեդարձը եւ անդրադառնալով թերթի կտրած ճանապարհին` բարձր գնահատեց անոր ծառայութիւնը համայնքին: Ան շեշտեց 105-ամեայ հրատարակութեան իրերայաջորդ խմբագրական կազմերու նուիրումը եւ ողջունեց վերջին շրջանին աւանդութիւն դարձած հասարակական գործիչներ պատուելու թերթի պատասխանատուներուն գործելակերպը:

Սրբազանը յայտնեց, որ «Ասպարէզ»-ի խմբագրութիւնը դիմած էր Ազգային առաջնորդարան` խնդրելով, որ առաջնորդը խնդրամատոյց ըլլայ Արամ Ա. վեհափառին` շքանշանով պատուելու թերթի անգլերէն բաժինի նախկին խմբագիրներէն Սերժ Սամոնեանցը:

Վեհափառ հայրապետը ընդառաջելով առաջնորդին` «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պատուած է Սամոնեանցը: Ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին շքանշանի տուչութեան առթիւ վեհափառ հօր կոնդակը:

Շքանշանի յանձնման արարողութնէն ետք, մեծարեալը` Սերժը, իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն` յայտնելով, որ իր աշխատանքի ընթացքին ծառայած է այն գիտակցութեամբ, թէ իր պարտքն է, որ կը կատարէ: Ապա ան անդրադարձաւ լրագրութեան դժուարին ասպարէզի առանձնայատկութիւններուն ու պահանջուած յատկանիշներուն, որոնց կը ձգտի մամուլի իւրաքանչիւր աշխատող:

Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Վիգէն Յովսէփեան փակեց յայտագիրի այս բաժինը` շեշտելով, որ «Ասպարէզ» 105 տարի դիմացած է ու այսօր եւս կը մնայ կենսունակ լրատուական միջոց մը` շնորհիւ զինք առաջնորդող գաղափարախօսութեան ուժին: Տոքթ. Յովսէփեան շեշտեց, որ մնալով այս տարածաշրջանի միակ հայկական օրաթերթը` «Ասպարէզ» այսօր առաւել եւս պարտաւորուած է դառնալու համայն համայնքին թերթը:

Ապա բեմ հրաւիրուեցան «Ասպարէզ»-ի ներկայ եւ անցեալի խմբագիրները` կտրելու համար տարեդարձի կարկանդակը: «Ասպարէզ»-ի երկար տարիներու հաւատարիմ հովանաւորներէն «Սարգիս Փէյսթրի»-ն պատրաստած ու նուիրած էր կարկանդակը:

Յայտագիրէն ետք նուագախումբը շարունակեց կատարել ժողովրդական երգեր:

Ձեռնարկին ընթացքին կատարուեցան նուիրատուութիւններ, ինչպէս նաեւ` «Ասպարէզ»-ի արխիւներու թուայնացման գործին նպաստելու յանձնառութիւններ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )