Կիրակնօրեայ Խօսքը. Մարմնին, Սրտին, Կամքին Ու Մտքին Սիրերգութեամբ…

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, վերջին սիւնակիս մէջ յիշած սուրբ վարդարանին «Ուրախութեան խորհուրդները», «Տրտմութեան խորհուրդները» եւ «Փառաւորութեան խորհուրդները» պատճառ եղան, որ անոնց բովանդակութեան ու ներկայութեան մասին ուղղուած հարցումներուն շատ համառօտ պատասխանեմ այս սիւնակովս:

Անշուշտ կը մնամ «սուրբ վարդարանին հայոց պատմութիւն»-ին ծիրէն ներս լոկ, որուն 5-6 դարերու հոլովոյթին մասին իմ երկարամեայ եւ խրթին ուսումնասիրութիւնս քանի մը տարիէ աւարտագրելու անմար յոյսով պարաւանդուած է միտքս:

Ինչպէս արդէն իմացուցի, ԺԶ. դարուն` «հայրենի պատմական հողերուն վրայ մեր նախնիքներէն բիւրաւոր մարեմասէրներ, իբրեւ առաջիններն արեւելքի մէջ, կ՛աղօթէին վարդարանը` մտածելով երկուշաբթի, երեքշաբթի ու շաբաթ` Ուրախութեան խորհուրդները, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ` Տրտմութեան խորհուրդները, հինգշաբթի ու կիրակի` Փառաւորութեան խորհուրդները»:

Վարդարանը, որ յիսուն «Ողջոյն Քեզ, Մարիամ»-ներուն կրկնութիւնն է հինգ տուներու մէջ, կ՛աղօթէ մարեմականը սիրող սրտով, օրհներգող հոգիով, խորհրդածող մտքով եւ ասուն շրթունքով:

Այս «յիսունին» կրկնութիւնը աղօթողին դիւրացնելու կամ աւելի ճիշդ` գուցէ ձանձրացուցիչ եւ յոգնեցնող միապաղաղութենէն զինք ազատելու դիտաւորութեամբ, ամէն մէկ վարդարանին կը կցուին հինգ խորհուրդները: Մինչ կը կատարենք բերանացի աղօթքը «Ողջոյն Քեզ, Մարիամ»-ին, մեր հոգին ու միտքը կը կենդրոնանան խորհուրդներուն մտածականին վրայ: Ուրեմն, ամէն մէկ տունին տեւողութեամբ, կը խոկանք այդ տունին կցուած խորհուրդին բովանդակութեան մասին:

Մարմնին, սրտին, կամքին ու մտքին այս աղօթական եւ սիրերգու միախառնումին դիմաց, ժամանակակից ծանօթ հոգեւոր մատենագիր մը կ՛եզրակացնէ.«Այսպէս միայն, արտաքին ջերմեռանդ բերանացիութեամբ, ներքին հոգեւորութեամբ ու մտաւոր խորհրդածութեամբ մենք թէ՛ կ՛աշխուժացնենք մեր վարդարանասացութիւնը, թէ՛ կը լիցքաւորուինք մեր վարդարանասացութենէն եւ թէ՛ կը պտղաբերենք մեր վարդարանասացութեամբ` միշտ Քրիստոսի ներկայութեան ու Մարիամ Յիսուսամօր առաջնորդութեամբ»:

Հետեւաբար կը կրկնեմ` շեշտելով, ա՛յս ընել եւ այսպէ՛ս աղօթել կարենալու համար` որոշուած ամէն մէկ օրուան կը տրուին հինգ տուներուն հինգ խորհուրդները: Փորձառութեամբ եզրակացնելու եմ, որ ստոյգ է, թէ շատ կարեւոր եւ օգտակար է վարդարանն ըսել մտածելով տրուած խորհուրդներուն վրայ, որոնք առնուած ըլլալով Յիսուսի ու Մարիամի կեանքէն` նաեւ կը բովանդակեն հաւատքի ճշմարտութիւններ:

Հայաշխարհին անգերազանցելի մարեմասէրն ու վարդարանին հայ առաքեալը կը հանդիսանայ Սեբաստացի Մխիթար աբբահայրը (1676-1749), որուն յաջորդ խօսքը միշտ այժմէական է, երբ կու տայ պատճառն անպայման խոկալու Տիրամօր ամէնէն աւելի սիրած այս աղօթքին խորհուրդներուն մասին:

«Իրապէս տափակ եւ չոր է առանց խորհրդածութեան աղօթել տասնեակը, ինչպէս նաեւ ենթակայ ես մեծ ցրուածութեան: Եթէ դուն ամէն տասի ընթացքին չկատարես մտածականը, այն ատեն պիտի զգաս քիչ մխիթարութիւն, բայց միաժամանակ պիտի ունենաս մեծ ձանձրոյթ: Եթէ դուն չխորանաս խորհուրդներուն մէջ, այն ժամանակ ինքզինքդ կը զրկես Քրիստոսի եւ Մարիամի կեանքին մասին բուժիչ ու հիւթեղ յիշատակումէն»:

Մարմնիդ, սրտիդ, կամքիդ ու մտքիդ այս աղօթական եւ սիրերգու միախառնումին կը յանձնարարեմ ամէնօրեայ վարդարանը, որուն Ուրախութեան խորհուրդներն են Մարդեղութեան աւետումը, Մարիամի այցելութիւնը Եղիսաբէթին, Յիսուսի ծնունդը, Յիսուսի ընծայումը տաճարին մէջ, Մանուկ Յիսուսի գտնումը դպիրներուն քով:

Տրտմութեան խորհուրդներն են Յիսուսի աղօթքն ու ձերբակալութիւնը, Յիսուսի ձաղկումը, Յիսուսի փշեայ պսակումը, Յիսուսի խաչակրութիւնը, Յիսուսի խաչելութիւնը: Փառաւորութեան խորհուրդներն են Յիսուսի յարութիւնը, Յիսուսի համբարձումը, Ս. Հոգիին գալուստը, Մարիամի վերափոխումը, Մարիամի թագադրութիւնը:

Վերջաւորութեան, թոյլ տո՛ւր յանձնելու մարմնիդ, սրտիդ, կամքիդ ու մտքիդ այս աղօթական եւ սիրերգու միախառնումին հայցող աղաչանքը ամէն օր վարդարանն ըսող անգերազանցելի ազգօգուտին, հայրենասէրին ու հանճարեղ իմացականութեան տիտանին` սրբաշնորհ Մխիթար աբբահօր:

«Քու գթութեանդ լոյսով ճառագայթէ՛, որովհետեւ Դուն ողորմութեան Մայրն ես: Իմ խեղճ միտքս արժանի ըրէ՛ Քեզ ամէն ժամանակ փառաբանել կարենալու համար: Զօրացո՛ւր իմ էութիւնս սիրով, որպէսզի Քեզ գովաբանեմ իմ հոգիովս: Դուն, Հայր Աստուծոյ Դո՜ւստր, Որդի Աստուծոյ Մա՜յր եւ Հոգի Աստուծոյ Հա՜րս, լեցո՛ւր իմ պարապ հոգիս սիրով: Ձգէ՛ զիս` Քու ծառադ, որ Քու յաւիտենական սիրոյդ մէջ ես հրճուիմ: Թոյլ տո՛ւր ինծի, որ բազմազան խօսքերով գովքդ հիւսեմ եւ Քեզ, ո՜վ անզուգական Կոյս, փառաւորեմ: Տո՛ւր ինծի շնորհքը գովերգութեան, որ ես Քեզ միշտ եւ անդադար հռչակեմ, Տիրամա՜յր, Ս. Կոյս Մարիամ:

«Տո՛ւր ինծի սէրդ յաւերժութեան համար: Հրճուեցո՛ւր զիս միայն Քու սիրովդ: Ջամբէ՛ դժբախտիս ու ծարաւիս Քու լոյս-սէրդ: Նորոգէ՛ մաշած սիրտս եւ զայն կերտէ՛ իջեւան Քու լոյս-սիրո՛յդ: Լեցո՛ւր պարապ հոգիս սիրովդ, Դուն, Խորան գովաբանեալ Խօսքին: Արթուն պահէ՛ իմ խեւ միտքս, որ ես խորհիմ Քու անչափ սիրոյդ մասին»:

Երեւան, 22 Հոկտեմբեր 2013

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )