Խորհրդածութիւններ. Խարազանողը Դաշնակցական Մարդն Էր (Սիմոն Զաւարեանի Մահուան 100-ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

«Ա՜հ, երբ կ՛ուզէք լուծել հայ հաւաքական կեանքի ուշագրաւ առեղծուածներէն մէկը, երբ կը հետաքրքրուիք իմանալ, թէ ինչպէ՞ս, ի՞նչ հրաշքով մեր ցաք ու ցրիւ, դարերով անմիաբան ու պառակտուած, անհատապաշտ եւ դաւամոլ ցեղի մէջ ստեղծուեցաւ եւ շուրջ 36 տարի կանգուն մնաց փոթորիկի մէջ հայ առաջին քաղաքական ու ժողովրդական կազմակերպութիւնը ¬ որ իր անխուսափելի սայթաքումներուն հետ բերաւ նաեւ մեծ գործեր, յեղաշրջեց ցեղի մտայնութիւնն ու բարքերը ¬ երբ կ՛ուզէք հասկնալ այդ հրաշք¬երեւոյթին գաղտնիքը, յիշեցէք ղեկավարները, յիշեցէք, որ կազմակերպութեան գլուխ էին կանգնած բուռ մը Զաւարեաններ…»:

ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ

Շատ անգամ կը տարուինք մտածելու, թէ ինչպիսի՞ ժամանակներ էին անոնք, որոնք ծնունդ տուին այնպիսի առասպելական տիպարներու, վեհափառ անհատականութիւններու եւ անկրկնելի նուիրեալներու, որոնք կարողութիւնը ունեցան ո՛չ միայն յեղաշրջելու դարերով մամրակալած մտայնութիւններ, այլեւ` փարոս դառնալ հետագայ սերունդներուն:

Այլապէս, ինչպէ՛ս ըմբռնել այդ հրաշափառ սերունդի կատարած գործն ու նուիրուածութիւնը, խանդն ու գիտակցութիւնը, կամքն ու արի կեցուածքը, ինքնաճանաչումի աստիճանաչափն ու խոր համոզումը, թէ հայրենիքը շօշափելի տարրեր ընդգրկելէ առաջ եւ վեր` յաւերժական այն օրրանն է, ապառաժեայ պատուանդանն ու խորախորհուրդ շաղախը, որով կը փթթին ցեղային ամէնէն բիւրեղ առանձնայատկութիւններ` ուղենիշ հանդիսանալով սեփական ժողովուրդի հոգեկերտուածքի առաւել պայծառացման:

Արդ, ո՛ւր պէտք է փնտռել գաղտնիքը, որ այն հզօր ու վիթխարի ուժին, գաղտնիքը, որ

կարողութիւնը ունեցաւ ծնունդ տալու նաեւ ընտրելագոյն զաւակներու փաղանգի մը, որուն, կարծես, վիճակուած էր նախախնամութեամբ իսկ, ցոյց տալ հայրենասիրութեան, ազատասիրութեան  եւ ժողովրդանուէրի ամէնէն բոցավառ արտայայտութիւնները, մտքի ու հոգիի պայծառութեան զենիթը, ազնուականութեան եւ համեստութեան եզակի տիպը, մարդու տեսակի հազուագիւտ օրինակը, ժողովրդասիրութեամբ գերյագեցած հայու մոտելը, եւ առանձնապէս` ըմբոստ կերպարի, յեղափոխաշունչ ղեկավարի եւ համամարդկային տենչերով ոգեզինուած առաջնորդի իւրայատուկ դիմագիծը:

Ստուգապէս, հայ ժողովուրդի 19¬րդ դարու աւարտի եւ 20¬րդ դարու առաջին քսանամեակի ճակատագրուած իրադարձութիւնները պիտի ունենային այլ հոլովոյթ, ընդգրկէին տարբեր գործընթացներ, եթէ երբեք հայոց ցեղային արժեհամակարգը իր շտեմարանէն չցայտեր բոցաշունչ, գաղափարական ու ազգանուէր հասկացողութիւններ, որոնք իրենց կարգին պիտի մարմնաւորուէին յանձինս մեծագործ ռահվիրաներու:

Յայտնապէս, անզուգական հիմնադիր¬ղեկավար մը եղաւ Սիմոն Զաւարեան, որ հայ իրականութեան մէջ երկնեց մարդկային այնպիսի կերպար մը, որուն հասանելիութեան համար ինք դարձաւ «ընկերային նազովրեցի», «աշխարհիկ սուրբ», «մաքրամաքուր քրմապետ» եւ «անաչառ խարանող»:

Աւելի՛ն. ան հանդիսացաւ այն անկրկնելի եւ անգերազանցելի դաշնակցականը, Քրիստափորի եւ Ռոստոմի կողքին, որ յանձն առաւ ստեղծել դաշնակցականի դիմագիծը, որուն կենդանութիւն ջամբելու  համար նուիրաբերեց իր կեանքը համակ, մաշեցնելով` վտիտ մարմնին առընթեր, անհուն ազգասիրութեամբ եւ գիտականութեամբ յագեցած լուսաւոր միտքն ու պայծառ հոգին:

Հայաստանի հրաշք բնութեան` Լոռիի Այգեհատ գիւղի զաւակ Սիմոնի բնութենապաշտի ու բացարձակ ազատասէրի կազմաւորումին համար պէտք չէ զարմանալ այնքան, որքան անոր ծայրայեղ մարդասէրի խառնուածքին, որով ճանչցուեցաւ եւ յարգուեցաւ բոլորին կողմէ:

Իրօք, իր եզակի մեծութեան ապացոյցը տուաւ այն օրէն, երբ մօտէն ճանչցաւ իր ժողովուրդի անասելի տառապանքը, դարերու խորերէն եկող ստրկամտութեան ցաւը, թուրքին ու քիւրտին բարբարոսութիւններուն ենթարկուող սերունդներու հառաչանքը, եւ, ի տես ազգային ամէնէն նուիրական արժէքներու տակաւ կորուստին, հայոց պատմութեան դաժան օրագրութեան մէկ պահուն ան երդուեց մինչեւ մահ ծառայել եւ անմնացորդ նուիրաբերել ազգային տենչերու իրականացման:

Իր պատանեկանի, երիտասարդականի թէ ուսանողականի տարիներուն, արդէն նուաճած էր այն պատուանդանը ան, որով պիտի կարենար հաստատագրել իր աշխարհահայեացքային մօտեցումները, գաղափարականի հասունութիւնը, ազգային հարցերու իւրովի ըմբռնումներն ու կուսակցականի հաւատամքը:

Դեռ ուսանողութեան օրերուն, Մոսկուայի թէ Թիֆլիսի մէջ, շնորհիւ իր աշխարհաքաղաքացիի մտածումներուն ան արդէն կրցած էր իր շրջապատին ուշադրութիւնը գրաւել, որպէս եռանդոտ, խանդավառ,  յանդուգն եւ ջղուտ անհատականութիւն մը:

Այդուհանդերձ, դէպի հայ իրականութիւն անոր շրջադարձը արդէն զինք պիտի հասցնէին այնպիսի մտածական մակարդակի, որով աւելիով պիտի փարէր իր ազգային արմատներուն ու պատմութեան եւ նետուէր հայոց գուպարի դաշտ յանուն բազմաչարչար ժողովուրդի ազատագրութեան եւ ինքնաճանաչումին:

Այո՛, Սիմոն Զաւարեան ազնուարիւն դաշնակցականի կեանքի այս հանգրուանը (1890` ՀՅԴ¬ի ծնունդ), մինչեւ իր անժամանակ մահը` 1913, հոկտեմբերի 27), հանդիսացաւ ո՛չ միայն զոհողութիւններու, անդուլ աշխատանքի, յարատեւ պայքարի ու նուիրաբերումի դիպաշարեր, այլ նաեւ ան յաջողեցաւ ամուր հիմերու վրայ դնել Դաշնակցութիւնը, հոգեզինել իր շրջապատը, դաստիարակել փաղանգներ եւ մղել ժողովուրդ մը ամբողջ դէպի պայքարի դաշտ եւ արդար իրաւունքներու ձեռքբերում:

Դաշնակցականի այս տիպը չեղաւ եւ կամ չուզեց ըլլալ այն անհատը, որ գրասեղաններու ետին պիտի առաջնորդէր առաջին հերթին իր կազմակերպութիւնը, ապա ժողովուրդը: Մնաց միշտ իր ժողովուրդի կողքին, ապրեցաւ անոր հետ, շրջեցաւ գաւառէ գաւառ, տեսաւ, ուսումնասիրեց, իր զգացական աշխարհին եւ յոյզերուն առանցքը ամբողջ ժողովուրդի մը տառապեալ հոգեվիճակները հանդիսացան, ուժգնօրէն հաւատաց, թէ հազարամեայ այս ժողովուրդը կրնայ իր թմբիրէն արթնցնել եւ լծել ինքնաճանաչումի ու ինքնապաշտպանական սուրբ գործին:

Փաստօրէն ան շրջագայեցաւ ամբողջ հայրենիքի տարածքին: Անոր այցելութիւններու քարտէսը ընդգրկեցին Մուշէն դէպի Տրապիզոն, Կովկաս, ու Ժընեւ` հասնելով Լիբանան եւ հեռաւոր հայրենի գաւառներ: Ան ուր որ գնաց, ինչպիսի պայմաններու մէջ ալ գտնուեցաւ տարածեց խանդ ու ոգեւորութիւն, համակ սէր ու նուիրուածութիւն, կենդանի գործ եւ անաչառ դատողութիւն, համեստ եւ ժուժկալ կենցաղակերպ, բայց մանաւանդ` գաղափարական մաքուր եւ բարձրաթռիչ հասունութիւն, այո՛, Զաւարեանական դաշնակցականութիւն:

Հիմնադիրի եւ խիզախ առաջնորդի իր կոչումին հմայքը սոսկ անոր մտքի պայծառութեան արդիւնք չէին, այլ` անոր ճաշակած բանտային կեանքի, անվերջ ձերբակալութիւններու, ըմբոստ հոգեկերտուածքին, անխոնջ աշխատողի ու տառապողի նկարագիրին:

Տակաւին կան, անոր` Սիմոն Զաւարեանի ծայրայեղ խնայողի եւ չափազանց խղճամիտի բարեմասնութիւնները, որոնք զինք շատ անգամ մղած էին անարգել խարանելու մեծն ու պզտիկը, մօտիկն ու հեռաւորը, ընկերն ու բարեկամը, պարզապէս ցոյց տալով իր համոզումներուն եւ մօտեցումներուն հանդէպ իր անյեղլի կեցուածքը:

Ի՛նչ խօսք կարելի է ըսել` ի տես Զաւարեանական մտքի ու հոգիի ցասումին, շատ անգամ զզուանքին` դէպի շահամոլները, ցուցամոլները, պատեհապաշտներն ու աթոռամոլները:

Ան իբրեւ «տերվիշ» երբեք չէր կրցած հաշտ ըլլալ հռետոր եւ ինքնագոհ անձերու հետ, որոնք բեմական հարթակները կ՛օգտագործէին ցոյց տալու համար իրենց փառասիրութիւնները: Այս առումով, Սիմոն անզիջող մնաց նոյնիսկ ամէնէն մօտիկ կուսակիցներու նկատմամբ, մինչեւ վերջ ալ չթաքցուց իր «արգահատանք»¬ը եւ կառչած մնած իր հաւատամքին:

Միւս կողմէ, Սիմոն Զաւարեանի բաբախուն սիրտը լեցուն էր ընկերասէրի եւ բարեսէրի յատկութեամբ: Միշտ կողմնակից եւ աջակից էր համեստին, հալածուածին, տուժածին եւ հակամէտ էր պաշտպանելու ամէն փոքրամասնութիւն` ընդդէմ մեծամասնական կարծիքի:

Այս չի նշանակեր, որ ան գիտակից չէր ժողովրդավար սկզբունքի հայեցակարգերու, ընդհակառակը, ան ջատագովն իսկ էր ամէն գործի ու մտածումի, որոնք կուսակցական որոշումներու արգասիք էին եւ արժանի ամէն քաջալերանքի: Ան ներկայ էր հոն, ուր դաշնակցական ժողովներ իրմէ կը պահանջէին ըլլալ:

Եթէ երբեք ուզենք Սիմոն Զաւարեան կերպարը սահմանափակել լոկ կուսակցականի հասկացողութեամբ, ապա ազգովին մեղանչած կ՛ըլլանք այս մեծ մարդուն նկատմամբ:

Անոր մտային թէ հոգեկերտուածքային տարրերը կը տարածուին ամբողջ մարդկութեան վրայ: Փաստօրէն, անոր մարդկային ու ազգային աշխարհահայեացքը այնքան մը ընդելուզուած եւ շաղախուած էին իրարու, որ դժուար է զատորոշել իրարմէ եւ կամ սահմանազատել, պարզապէս որովհետեւ զաւարեանական հոգեպաշարը լիացած էր մարդկային ամենաբարձր յատկութիւններով:

Դիպուկ է յայտնել, թէ հակառակ այն իրողութեան որ Զաւարեան ունէր ակադեմական կրթութիւն, գիտնականի կազմաւորում եւ կոչում, գիւղատնտեսի մասնագիտական կողմնորոշում, այդուամենայնիւ, հեռու մնաց մտաւորական հրապարագրական աշխատանքէ, աւանդ ձգելով միայն «Դրօշակ»¬ի էջերուն արձանագրուած առաջնորդող յօդուածներ եւ կամ գրութիւններ, որոնք թէեւ պարզ էին եւ անպաճոյճ, սակայն իրենց խորքով եւ իմաստով` անպարագծելի:

Ատոր փոխարէն, անգնահատելի կը մնայ մեծածաւալ նամակներու եւ ուսումնասիրութիւններու զաւարեանական մտքի բերքը, որ պիտի շարունակեն ներշնչել սերունդներ համակ:

Ի զուր չէ, որ Զաւարեան կրցաւ մարմնաւորել դաշնակցականի բարոյական կերպարը եւ անով յատկանշուեցաւ իր շրջապատին համար:

Այլ խօսքով, ան յաջողեցաւ առաջին հերթին լոյսին բերել Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մաս կազմող ամէնէն էական տարրը` մարդկայնական¬ազգայնականութիւնը, որ մեզի համար բնորոշուեցաւ իբրեւ առաքինութիւն, ընկերականութիւն եւ հայրենասիրութիւն, ապա ստեղծեց դաշնակցական կեանքի ատրուշանը, եւ ինք եղաւ անոր առաջին երկրպագու քրմապետը:

Հաւանաբար հարց տրուի, որ իր ժամանակներուն չկայի՞ն հաւատաւոր եւ անձնուրաց դաշնակցականներ, որոնք կը գործէին  հայ իրականութեան մէջ: Բնականաբար կային ու մեծ թիւով: Սակայն, այն ինչ որ Զաւարեանը կը տարբերէ իր շրջապատէն, անոր արտասովոր ըլլալու յատկութիւնն էր` իր կազմաւորումի, մտածողի, տիեզերահունչ հաւատամքի եւ նուիրումի անծայրածիր տարածականութեամբ:

Փաստօրէն, Երրորդութեան մէջ Սիմոն Զաւարեան ստեղծեց իր մտածումի ու հաւատամքի ուսմունքը, եղաւ այն անհատականութիւնը, որ չբաւարարուեցաւ իր տեսլականներով, այլ նուաճեց զանոնք եւ ունեցաւ ինքնուրոյն կենցաղակերպ:

Իր կենսագիրները անթաքոյց կը պահեն նաեւ իր տարօրինակ եւ շատ անգամ անըմբռնելի կեցուածքները, մտածելու եղանակը, այո՛, «սայթաքում»¬ները, հակոտնեայ կողմնորոշումներն ու տեսակէտները, որոնք թէեւ կը նեղացնէին մօտիկ շրջապատն անգամ, սակայն անոնք երբեւէ չէին կրնար արատաւորել անոր մաքրամաքուր դիմագիծն ու պայծառ ներաշխարհը:

Սիմոն Զաւարեանի կուսակիցները քաջ գիտէին անոր անսահման ընկերասիրութեան եւ անպարագծելի ժողովրդասիրութեան էութիւնը, որով ապրեցաւ եւ գործեց մինչեւ իր անժամանակ մահը: Եւ ճիշդ այս մեկնակէտով եւ հասկացողութեամբ ներողամիտի հայեացքներ ունէին անոր կարգ մը վերաբերումներուն նկատմամբ:

Կը պատմուի, թէ դաշնակցական գործիչ Ակնունի, որ դառնօրէն ճաշակած էր Սիմոն Զաւարեանի վերաբերումը իրեն նկատմամբ, միշտ ալ մնացած էր Զաւարեանապաշտ ու Զաւարեանասէր, որովհետեւ էապէս ճանչցած էր այդ մեծ դաշնակցականի խորախորհուրդ կերպարը:

Անոր` Զաւարեանի համար դաշնակցական գործը, հանրային ծառայութիւնը, ազգանուէր աշխատանքներն ու մտածումները կը մնային անքակտելի եւ զիրար ամբողջացնող: Եւ ա՛յս էր անոր բիրտ ու շատ անգամ անզիջողի մօտեցման հասկացողութիւնը, վէճերն ու հակաճառութիւնները`  տկարութիւններու եւ մեղկ կեցուածքներու նկատմամբ:

Միւս կողմէ, յիշել է պէտք, որ Սիմոն Զաւարեան կը սիրէր կեանքը, չէր խրտչեր հանրային կեանքէ, ճգնաւորի պատմուճան չէր հանդերձած, այլեւ ընդհակառակն բեմական թէ ժողովական ամպիոնները իրեն համար պատեհութիւններ էին կրկին անգամ մատուցելու իր մտքի ու հոգիի ծառայութիւնը, բայց մանաւանդ` վերահաստատելու հաւատքի ու համոզումի ինքնուրոյնութիւնը:

Զաւարեանական քաղաքական մտածողութիւնը այլ փայք ու խորք ունէր: Ինչպէս անոր բարոյական, գաղափարական թէ տնտեսական հայեացքները ունէին եզակի ընկալչութիւն եւ խորքայնութիւն, նոյնպէս ալ անոր քաղաքական մտային տարածքը սեւեռումն իսկ էր իր համամարդկային ու ազգային աշխարհահայեացքին:

Ան քաջաբար կը հաւատար, թէ Սահմանադրական Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած կացութիւնը պիտի նպաստէր հայ ժողովուրդի դարաւոր տառապանքի մեղմացման, ուստի, ոգի ի բռին կ՛աշխատէր այդ ուղղութեամբ: Ճիշդ է, որ հետագայ քաղաքական գործընթացները այլ ողբերգութիւններու դուռ բացին, այդուհանդերձ, զաւարեանական քաղաքական մտածողութեան մէջ հարկ է տեսնել որոշ իրաւութիւններ, որոնց մէկ տարբերակին ականատես ենք հայրենի իրերայաջորդ իշխանական համակարգին մօտ:

Հաւանաբար, դաշնակցական ողջ պատմութեան մէջ չէ գտնուած անհատականութիւն մը, որ համազգային յարգանքի ու ակնածանքի արժանանայ  այնքան, որքան Սիմոն Զաւարեան:

Դէպի «Ազատամարտ»¬ի խմբագրատուն ճանապարհին վրայ (27 հոկտեմբեր 1913¬ին), կաթուածահար կ՛իյնար հայ ժողովուրդի վերջին հարիւր ամեայ պատմութեան ամէնէն մարդկայնասէր, հայրենասէր ու ժողովրդանուէր յեղափոխականը, դաշնակցական քարոզիչը, ներհուն գիտնականը, պիղծ մարդիկն ու վատոգիները հալածող նազովրեցին, բարոյականութեան պաշտպան ու ջատագով քուրմը, անկրկնելի հայասէրն ու դաշնակցական մարդու տիպը:

Ի՛նչ կը սպասէ հայրենի ներկայ պետականութիւնը` մեծարելու եւ կամ իր ժողովուրդին վերադարձնելու այս մեծ հայրենասէրին ուսմունքն ու գաղափարախօսական ժառանգը, երբ անդին թուրք¬ազերի թշնամին ամէն քայլափոխի կը յոխորտայ իր բարբարոսի ու հայատեացի, այլապէս ոճրագործի կեցուածքներով:

Միւս կողմէ, ինչու կը զլանանք առաջին հերթին դաշնակցականօրէն, ապա հաւաքաբար յիշելու եւ պահպանելու այս մեծ հայուն, հսկայ դաշնակցականին եւ անկրկնելի յեղափոխականին աւանդը, որով ապրեցաւ ինք` Զաւարեան եւ դարձաւ լուսաճաճանչ փարոս գալիք սերունդներու:

Հաստատօրէն, կը հաւատանք, թէ Սիմոն Զաւարեանէն հիւլէ մը հայրենասիրութիւն, նուիրաբերում եւ դաշնակցականասիրութիւն, արդէն հրաշքի համազօր իրականութիւններ են, որոնցմէ կրնանք հասնիլ Արարատի սէգ գագաթին, եւ ապահովել բռնագրաւուած հայրենիքի վերադարձը:

Քրիստափորի հզօր կազմակերպական տաղանդին, Ռոստոմի  ապառաժեայ կամքին ու լռակեաց աշխատանքին առընթեր, Սիմոն Զաւարեանի վսեմութեան եւ պատկանելիութեան ուժեղ ու անսպառ փայլատակումներուն իբրեւ արտայայտութիւն, աւելի քան 120 տարիէ ի վեր  ՀՅԴաշնակցութիւնը կը շարունակէ իր գոյերթը, հակառակ դժուարութիւններու, տեղատուութիւններու եւ անխուսափելի «սայթաքում»¬ներու, որոնց ակնարկած է դաշնակցական եզակի գործիչ եւ իրաւ պատմաբան Միքայէլ Վարանդեան:

Այսուհանդերձ, կը հաւատանք դաշնակցական գործին ու կամքին նուիրականութեան, որոնցմով կը դաստիարակուին նորահաս սերունդներ, սփիւռքի թէ հայրենի հողին վրայ, իբրեւ հաւատաւոր ժառանգորդներ Լոռիի բարձրաբերձ լեռներու զաւակ Սիմոն Զաւարեանի, այլապէս անոր շունչին ու հոգիին կարօտը ապրելով:

Բի՜ւր յարգանք անոր դաշնակցականակերտ վաստակին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )