Սիմոն Զաւարեան (1866-1913). Հայոց Յեղափոխական Վերածնունդի Անզուգական Առաքեալը (Մահուան Հարիւրամեակին Առիթով)

Ն.

Հոկտեմբեր 27-ին, հարիւր տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ հրատարակուող ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»-ի խմբագրատունէն տուն դարձի ամէնօրեայ իր ճամբու ընթացքին, 47 տարեկանին սրտէն կաթուածահար ինկաւ Սիմոն Զաւարեան:

Այդպէս յանկարծամահ` իր վերջին շունչը փչեց հայ ժողովուրդի յեղափոխական վերածնունդին անզուգական առաքեալը, որ բարոյական իր խստապահանջութեամբ եւ գաղափարական վեհութեամբ արժանաւորապէս մարմնաւորեց հայ ազգային-ազատագրական շարժման դրօշակիրին` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Խիղճը:

ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ եւ ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ գաղափարական ու բարոյական արժէքներուն արթուն, այլեւ խստապահանջ պահապանն ու մղիչ ուժը հանդիսացաւ Սիմոն Զաւարեան, որուն անժամանակ կորուստը ողբաց բովանդակ հայ ժողովուրդը` իր բոլոր խաւերով եւ քաղաքական հոսանքներով:

Զաւարեան արժանացաւ համազգային աննախընթաց յուղարկաւորութեան. անկենդան մարմինը թափօրով Պոլիսէն տարուեցաւ մինչեւ Թիֆլիս, որպէսզի իր վերջնական հանգիստը գտնէր Խոջիվանքի գերեզմանատան մէջ:

Հայ մտաւորականութիւնն ու երիտասարդութիւնը, ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի, բոլոր ծագերէն փութաց արժանին մատուցելու հայութեան յեղափոխական վերածնունդին Մեծ Ուսուցիչին, Աշխարհիկ Սուրբին, Ընկերային Նազովրեցիին եւ Գաղափարի Մարտիկին:

Զաւարեան արդարօրէն հռչակուեցաւ Դաշնակցութեան Խիղճը` գաղափարի իր ընտանիքին կողմէ, իր կենդանութեան իսկ: Չէր կրնար տարբեր արժեւորում ստանալ Զաւարեանով միս ու ոսկոր կապած Խստակրօն Դաշնակցականը, որ ամէն բանէ առաջ եւ վեր` գաղափարի իր ընկերներէն պահանջեց, անձնական անսակարկ ու գերագոյն զոհաբերութեան օրինակով, հայ յեղափոխականի իրենց արժանաւորութիւնը փնտռել գաղափարական պարտաւորութեանց խղճամիտ կատարման եւ ոչ թէ կուսակցականի իրենց իրաւունքներուն հետապնդման մէջ:

Հայ բանաստեղծը Զաւարեանի մէջ մեծարեց ու անմահացուց հայոց ազատամարտի «Ընկերային Նազովրեցին», որովհետեւ Առաջին Նազովրեցիին մաքրակրօնութեամբ` Սիմոն Զաւարեան մինչեւ վերջին շունչ անվհատ պայքար մղեց հայ ժողովուրդի ազգային¬ազատագրական կռուի սրբազան դաշտն ու գաղափարական տաճարը արատաւորող յոռի բարքերուն` գձուձ եսասիրութեանց, շահախնդրութեանց եւ մեղանչանքներուն դէմ:

Իսկ հայ մտաւորականն ու ազգային գործիչը հարազատ թարգմանը հանդիսացաւ մեր ժողովուրդի սրտին ու մտքին, երբ Զաւարեանին մէջ տեսաւ ու արժեւորեց հայ յեղափոխական շարժման յառաջապահ «Աշխարհիկ Սուրբ»-ը, որ հաւատք սերմանեց եւ իր անձնուիրութեամբ ու գաղափարական կուսակրօնութեամբ հաւատաւորներու սերունդ ստեղծեց հայ երիտասարդութենէն.

– Հաւատք` հայ ժողովուրդի քաղաքակրթական յառաջադէմ կոչումին հանդէպ:

– Հաւատք` ազատ ու անկախ հայրենիքի մէջ ազգային ու ժողովրդավարական պետականութիւն կերտելու հայ ժողովուրդի արժանաւորութեան հանդէպ:

– Հաւատք` մանաւա՛նդ մարդկային տկարութիւններն ու սայթաքումները յաղթահարելու եւ հաւաքական կամք ու կազմակերպ ուժ կոփելու հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ներուժին հանդէպ:

Իբրեւ հաւատքի սերմնացան` Սիմոն Զաւարեան յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ, որովհետեւ բառին խորագոյն իմաստով խստակրօն առաքեալի կեանք ապրեցաւ` կենդանի գործով թոյլ չտալով, որ մեռեալ խօսքի ճակատագրին դատապարտուին գերագոյն զոհաբերութեամբ իր պաշտպանած եւ տարածած գաղափարները:

«Խօսքը առանց գործի մեռեալ է» պատգամով ալ Զաւարեան հեռացաւ աշխարհիկ այս կեանքէն: Իր մահուան օրը «Ազատամարտ»-ի խմբագրութեան յանձնած էր նոյն այդ խորագրով իր վերջին յօդուածը, որ այդպէ՛ս դարձաւ գաղափարական կտակը հայոց յեղափոխական վերածնունդի ճակատաբաց դրօշակիրին:

Սիմոն Զաւարեան Հայաստան աշխարհի լեռնային եւ անտառուտ Լոռիի զաւակն էր: Ծնած էր 1866-ին, Այգեհատ գիւղը: Ինչպէս որ Ս. Վրացեան կը վկայէ ՀՅԴ վաթսունամեակին առիթով իր խմբագրած «Յուշապատում»-ին մէջ, Այգեհատի բնակիչները ընդհանրապէս ազնուական տոհմերէ սերած էին: Ազնուական ծագում ունէր եւ Զաւարեան ընտանիքը: Որոշապէս Սիմոն Զաւարեանի նկարագրին եւ անհատականութեան վրայ զգալի էր տիրական դրոշմը ազնուականութեան, որ կը դրսեւորուէր սեփական արժանաւորութեան շեշտակի գիտակցումով եւ, անկէ թելադրուած, նախ սեփական անձին նկատմամբ խստապահանջ գտնուելու եւ ապա այլոց խստակրօնութեան մղելու նախանձախնդրութեամբ:

Տարրական կրթութիւնը ստացաւ գիւղին մէջ եւ հազիւ 7-8 տարեկան էր, երբ ղրկուեցաւ Թիֆլիս, ուր նախապատրաստական ուսումէ ետք մտաւ պետական Ռէալական դպրոցը եւ յաջողութեամբ աւարտեց զայն:

Այնուհետեւ մեկնեցաւ Մոսկուա` բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար: Ընդունուեցաւ հռչակաւոր «Պետրովկա» գիւղատնտեսական ճեմարանը եւ աւարտեց 1889-ին` առաջին կարգի մրցանակով: Զաւարեանին առաջարկեցին մնալ Ճեմարան եւ դասաւանդել, բայց Մոսկուայի մէջ միաժամանակ յեղափոխական խմորումներու բովէն անցած եւ հայ յեղափոխական շարժման գաղափարականօրէն զինուորագրուած Զաւարեանը նախընտրեց վերադառնալ Թիֆլիս ու նուիրուիլ հայ ազգային¬ազատագրական պայքարի ընդլայնման եւ կազմակերպման սուրբ գործին:

Մոսկուայի ուսանողական տարիները Զաւարեանի մէջ պարզապէս ամրապնդեցին եւ գաղափարականօրէն հունաւորեցին հայ ազգային¬ազատագրական պաքարին նուիրուելու վճռականութիւնը: Թիֆլիսի աշակերտական իր օրերէն իսկ, Զաւարեան աշխուժ մասնակցութիւն ունեցած էր ինքնազարգացման խմբակներու կազմութեան ու հայրենասիրական գիրքերու եւ մամուլի ընթեցանութեամբ գաղափարական միութիւն առաջացնելու փորձերուն մէջ:

Մոսկուան լայն հորիզոն բացաւ երիտասարդական տարիքը նոր թեւակոխած Զաւարեանի առջեւ, որ իրեն հոգեհարազատ գտաւ համառուսական «Նարոդնայա վոլիա» («Ժողովրդային կամք») յեղափոխական շարժումը, որուն համակրողներ էին նաեւ, նոյնպէս ուսման համար Մոսկուա գտնուող, Քրիստափորն ու Հայր Աբրահամը, Ռոստոմն ու Մարտին Շաթրեանը, Աւետիս Ահարոնեանն ու յեղափոխաշունչ այլ հայ ուսանողներ, որոնք եւ շուտով պիտի դառնային հիմնադիր կորիզը Հայ յեղափոխականների դաշնակցութեան ստեղծումին:

Հետեւաբար, Թիֆլիսի մէջ, իբրեւ գիւղատնտես պետական աշխատանքի կոչուելով հանդերձ, Զաւարեան ամբողջապէս նուիրուեցաւ հայ յեղափոխական խմբակները ի մի բերող կազմակերպութեան մը ստեղծումին` յատկապէս Քրիստափորն ու Ռոստոմը ունենալով իբրեւ անմիջական գործակից: Անոնց միացեալ ջանքով, 1890-ի ամառը, գումարուեցաւ Հայ յեղափոխականների դաշնակցութեան հիմնադիր ժողովը, ուր Զաւարեան ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան առաջին ղեկավար մարմինին` Կենդրոնական վարչութեան անդամ:

Հիմնադիր ժողովէն ետք, ՀՅԴ Կենդրոնին որոշումով յեղափոխական գործիչները ցրուեցան զանազան շրջաններ` նորաստեղծ կազմակերպութեան դրօշին տակ համախմբելու համար արդէն գործող կուսակցութիւններն ու խմբաւորումները: Զաւարեան, Յովսէփ Արղութեանին հետ, անցաւ Տրապիզոն` ազգային վարժարանի տնօրէնի պաշտօնով: Սակայն չկրցաւ երկար մնալ Տրապիզոնի մէջ, որովհետեւ թրքական իշխանութիւնները ձերբակալեցին Զաւարեանն ու Արղութեանը` իբրեւ յեղափոխականներու: Զաւարեան դատուեցաւ եւ դատավարութեան ընթացքին յանդուգն պաշտպանողականով մը, խարազանեց սուլթանին նեխած վարչաձեւը: Հետեւանքը եղաւ չորս տարուան բերդարգելութեան դատավճիռ մը: Շուտով, սակայն, ռուսական դեսպանի միջամտութեամբ, Զաւարեան եւ Արղութեան իբրեւ ռուսահպատակներ, յանձնուեցան Ցարական իշխանութեանց, որոնք հայ յեղափոխականները աքսորեցին Պեսարապիա, ուր աքսորուած էր նաեւ Քրիստափոր:

Աքսորէն վերադառնալէ ետք, 1892-ին, Զաւարեան մասնակցեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան առաջին Ընդհանուր ժողովին, որմէ ետք Քրիստափորի ու Ռոստոմի հետ մշակեց կուսակցութեան ծրագիր¬կանոնագիրը:

Այնուհետեւ, մինչեւ 1902, Զաւարեան մնաց Թիֆլիս` իբրեւ ՀՅԴաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ ու կուսակցութեան ղեկավար ուժերէն մէկը: 1902-ի գարնան, երբ Քրիստափորը «Փոթորիկ»-ի գործով Ժընեւէն անցաւ Ռուսիա, զայն փոխարինելու համար Ժընեւ մեկնեցաւ Զաւարեան` իբրեւ «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան անդամ, Է. Ակնունիի եւ Մ. Վարանդեանի հետ:

1904-ին գումարուած ՀՅԴ Գ. Ընդհանուր ժողովին (Սոֆիայի մէջ) որոշուեցաւ, որ Զաւարեան իբրեւ գործիչ անցնի Կիլիկիա` Խանասորի Վարդանին հետ, տեղւոյն վրայ յեղափոխական շարժման կազմակերպումը ժողովրդային ուժեղ հիմերու վրայ դնելու յանձնարարութեամբ:

1906-ին Զաւարեան վերստին Թիֆլիս էր, ուր նախագահ ընտրուեցաւ Էջմիածնի մէջ գումարուած Ազգային կեդրոնական ժողովին, որ հայոց եկեղեցապատկան կալուածներու վերստացումէն եւ հայ-թաթարական ընդհարումներէն ետք արեւելահայութեան առջեւ ծառացած ազգային-քաղաքական հիմնախնդիրներուն լուծում տալու կոչուած կարեւոր ժողովը եղաւ:

1908-ին, երբ օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումին զուգահեռ Կովկասի մէջ ծայր առին ցարական հալածանքները Դաշնակցութեան դէմ, Զաւարեան անցաւ Պոլիս, ուր գործեց իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցչական դէմքը:

1911-ի ամառը Զաւարեան մասնակցեցաւ ՀՅԴ Զ. Ընդհանուր ժողովին, Պոլիս: Իթթիհատի հետ գործակցութեան փորձերուն վերջակէտ դնող այդ Ընդհանուր ժողովէն ետք, Զաւարեան շարունակեց մնալ Պոլիս` իբրեւ Բիւրոյի անդամ: Ապրեցաւ Եսայեան վարժարանի ուսուցչական պաշտօնէն ստացած համեստ աշխատավարձով` դպրոցէն դուրս իր ամբողջ ժամանակն ու եռանդը նուիրելով կուսակցութեան եւ հասարակական գործունէութեան: Այդ շրջանին էր, որ պատրիարքարանի որոշումով Զաւարեան, իբրեւ հայկական վարժարաններու ընդհանուր քննիչ, ղրկուեցաւ գաւառները, ուր ոչ միայն մօտէն ծանօթացաւ տիրող կացութեան եւ իր նպաստը բերաւ բարենպաստ պայմաններու ստեղծումին, այլեւ նորովի թափ տուաւ Երկրի հայութեան ազգային-քաղաքական ինքնակազմակերպումին եւ դիմադրական կորովի ուժեղացումին:

Միաժամանակ Զաւարեան մնայուն ներկայութիւն եղաւ «Ազատամարտ»-ի էջերուն` իր ստորագրած յօդուածներով հունաւորելով ինչպէս Դաշնակցութեան, նոյնպէս եւ հայ քաղաքական մտքի ընդհանուր ուղղութիւնը` ներքին-ազգային թէ արտաքին-միջազգային խնդիրներու նկատմամբ:

Յատկապէս այդ շրջանի իր գործունէութեամբ եւ պաշտպանած գաղափարներով, հայ ազգային իրականութեան խոցելի ծալքերն ու յոռի բարքերը մերկացնող եւ խարազանող իր հետեւողական ուղեգծով եւ վարքով Զաւարեան դարձաւ հոգեհարազատ պատգամաբերը Հայաստանի ու հայութեան յեղափոխական վերածնունդին:

Ամբողջ հայ ժողովուրդը խորապէս ցնցուեցաւ, երբ 27 հոկտեմբեր 1913-ին ճակատագիրը այդպէս` յանկա՛րծ կտրեց կեանքի թելը Գաղափարի մեծ ուսուցիչին, Դաշնակցութեան Խիղճը մարմնաւորած հայոց ազատամարտի «Աշխարհիկ Սուրբ»-ին, հայ ազգային ինքնութիւնը նոր ժամանակներու ոգիով իր կապանքներէն ազատագրած «Ընկերային Նազովրեցի»-ին:

Այսօր կը լրանայ հարիւրամեակը հայ ժողովուրդի անմահ մեծերու փաղանգին մէջ իր ուրոյն եւ բարձրադիր պատուանդանը նուաճած Սիմոն Զաւարեանի, որուն անձն ու գործը, կեանքն ու վարքագիծը մեր օրերուն եւս գաղափարական փարոսի պէս կը լուսաւորեն Հայաստանի ու հայութեան ինքնահաստատման եւ ինքնամաքրման` ամբողջական ազատագրութեան ու բազմակողմանի զարգացման դժուարին երթը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )