Ուաշինկթընի Մէջ Ամերիկեան Վարչակազմին Կողմէ Կատարուող Գաղտնալսումներուն Դէմ Բողոքի Ցոյց
Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ բազմամարդ բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ ընդդէմ ամերիկեան վարչակարգին կողմէ կատարուող գաղտնալսումներուն:
Ցոյցը կազմակերպուած է «Դադրեցէ՛ք մեզ հսկելէ» կազմակերպութեան կողմէ: Ազգային ապահովութեան գործակալութեան կեդրոնատեղիին առջեւ կատարուած հաւաքին մասնակիցները Քոնկրեսէն պահանջեցին Ազգային ապահովութեան գործակալութեան ստիպել, որ դադրի երկրին մէջ գաղտնալսումներ կատարելէ:
Այս ցոյցը Միացեալ Նահանգներու մէջ գաղտնալսումներու հարցով իր տեսակին մէջ առաջինն է:
Ցուցարարները հեռաձայնային հաղորդակցութեանց գաղտնալսումները դատապարտող կարգախօսներ բացագանչեցին, ոմանք նաեւ բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր «Շնորհակալութի՛ւն, Էտուրըրտ Սնոուտըն»:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ կատարուող գաղտնալսումներու հարցը բացայայտուած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան գործակալութեան պաշտօնեաներէն Էտուըրտ Սնոուտընի կողմէ հրապարակուած փաստաթուղթերու ճամբով:

