Տաւութօղլու Կը Հերքէ, Թէ Թուրքիա Սուրիոյ Մէջ Քայիտայի Առնչակից Խմբաւորումներու Աջակցած Է
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը բոլոր քիւրտերը չի ներկայացներ»` նշելով, որ «գոյութիւն ունին խմբաւորումներ, որոնք նեղացած են Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ճնշումներէն եւ այդ խմբաւորումները աջակցութեան խնդրանքով Անգարա կու գան»:
Տաւութօղլու թրքական պատկերասփիւռի կայաններէն մէկուն հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին փափաք յայտնեց, որ կուսակցութիւնը սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինին միանայ: «Թուրքիա այս կուսակցութենէն յուսացածը այն է, որ սուրիական վարչակարգին հետ իր յարաբերութիւնները խզէ, որեւէ կատարուած իրողութիւն չստեղծէ մինչեւ Ազգային համաձայնական մարմինին համարկուելու բանակցութիւնները եւ սուրիական ընտրովի խորհրդարանի մը կազմութիւնը», ըսաւ ան` միեւնոյն ժամանակ հերքելով, որ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ Քայիտայի առնչակից խմբաւորումներու որեւէ աջակցութիւն ցուցաբերած է:
Խօսելով Թուրքիա-Իրաք յարաբերութեանց մասին` ան ըսաւ, որ անոնք երբեմն վերիվայրումներ կ՛ապրին` նշելով, որ այդ մէկը բնական է, «եւ կարելի է ըսել, որ իրաքեան բոլոր կողմերը խաղաղ հոլովոյթին մասնակից դարձնելու առնչութեամբ Թուրքիոյ թափած ջանքերը սխալ ձեւով հասկցուեցան: Մենք իրաքեան որեւէ խմբակի չաջակցեցանք ընդդէմ մէկ այլ խմբակի»:
Ինչ կը վերաբերի Իրանի, թրքական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Իրան նախագահ Հասան Ռուհանիի ընտրութենէն ի վեր ինքնեկ փոփոխութիւն մը կ՛ապրի` նշելով, որ «ամերիկեան վարչակազմը 2010-ին Թեհրանի հետ փոխադարձ հասկացողութիւն չգոյացուց, եթէ ատիկա գոյանար, օրին սկսած բախումը կրնար վերջ գտնել»:

