Ըստ Իրանի Սահմանապահ Ուժերուն. Շրջանէն Երեք Երկիրներ Ահաբեկիչներուն Կ՛աջակցին` Հարուածելու Համար Իրանեան Վարչակարգը

Իրանի ներքին գործոց նախարարութեան ենթակայ սահմանապահ ուժերու հրամանատար զօր. Հիւսէյն Զուլֆիքար յայտնեց, որ «սահմանապահ ուժերուն կողմէ հաղորդուած տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, որ շրջանին մէջ երեք երկիրներ զինեալ ահաբեկիչներուն գաղտնի սպասարկական տեղեկութիւններ կը տրամադրեն` Իրանի մէջ իսլամական հանրապետութեան վարչակարգը հարուածելու համար»:

Ան լրագրողներուն յայտնեց, որ ըստ տեղեկութեանց, այդ երկիրները նաեւ նիւթական, գումակային օժանդակութիւն կը տրամադրեն եւ կը մարզեն իրանեան վարչակարգին հակադրուած այդ ահաբեկչական խմբաւորումները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )