Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ապահովական բացայայտօրէն անկայուն իրավիճակին պատասխանատու են լիբանանեան պետութիւնն ու բոլոր քաղաքական անձնաւորութիւնները:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ ցաւ յայտնեց Թրիփոլիի իրավիճակին առնչութեամբ եւ իր խօսքը ուղղելով զինեալներուն ըսաւ. «Աստուծմէ վախցէ՛ք»: Ան աղօթեց Աստուծոյ լիբանանեան բանակին յաւելեալ ուժ եւ կորով տալու, որպէսզի կարենայ դիմադրել անոնց: Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց նաեւ կազմելու կառավարութիւն մը եւ մշակելու ընտրական օրէնք մը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ ներքին քաղաքական առումով լուծումի մը յանգելու ջանքերը արգելակել փափաքող կողմերը կ՛ուզեն խոչընդոտել նաեւ նախագահական ընտրութիւնները:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման նպատակով գումարուելիք «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին Լիբանանի մասնակցութիւնը անհրաժեշտ է` նկատի ունենալով Լիբանանի վրայ այդ տագնապին ունեցած ուղղակի հետեւանքները:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր Ապրայի ապահովական միջադէպերուն առումով ամբաստանեց 72 յանցագործներ, որոնցմէ 16-ին դէմ այդ ամբաստանութիւնները ներկայացուեցան ի բացակայութեան: Սաքըրի կատարած ամբաստանութիւններուն մէջ գլխաւոր ամբաստանեալներ կը նկատուին նաեւ Ահմետ Ասիր եւ Ֆատըլ Շաքեր:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ թրքական իշխանութիւնները որոշած են օժանդակել Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսներուն ազատ արձակման ջանքերուն:

ՄԱԿ-ի թիւ 1559 բանաձեւի գործադրութեան հսկող միջազգային պատուիրակ Թերի Ռոտ  Լարսըն յայտնեց, որ քաղաքացիական պատերազմէն ետք Լիբանան իր պատմութեան ամէնէն դժուար հանգրուանին մէջ կը գտնուի: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կը տիրէ վտանգաւոր հանգրուան մը, յատկապէս նկատի ունենալով դէպի Լիբանան սուրիացի գաղթականներուն հոսքը:

ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ղեկավար խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի թիւ 1559 բանաձեւի գործադրութեան հսկող միջազգային պատուիրակ Թերի Ռոտ  Լարսընի յայտարարութիւնները եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի նախագահական պալատ կատարած գաղտնի այցելութիւնը վտանգաւոր նշաններ են եւ ապացոյցներ, որ իսրայէլեան-սէուտական ազդակներ Լիբանանի մէջ արիւնահեղութիւն պիտի պատճառեն:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը անկարող է իր պարտականութիւնները կատարել, եւ կոչ ուղղեց մշակելու ընտրական նոր օրէնք մը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը որոշած է Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցող զինեալ բախումներուն արմատական վերջ մը դնել եւ շրջանին մէջ ապահովութիւնը վերահաստատել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ժորժ Քըրմ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ իրարանցումը պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ սուրիական սահմանները բաց կը մնան զինեալներուն դիմաց:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Թրիփոլիի համար որդեգրուած ապահովական ծրագիրը մեծ ձախողութիւն արձանագրած է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ արաբական աշխարհին մէջ տարածուած ծայրայեղութիւնը կը սպառնայ քրիստոնեաներու գոյութեան:

ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ զինուորներու դասակ մը շաբաթավերջին դիրքաւորուեցաւ Քֆարքիլայի դիմաց: Մինչ իսրայէլացի զինուորները կը դիրքաւորուէին, իսրայէլեան օդուժը հարաւային Լիբանանի վերեւ թռիչքներ կը գործէր, իսկ լիբանանեան բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը շրջուն ջոկատներով կացութեան կը հսկէին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Ալի Պեզզի կոչ ուղղեց ընթացիկ հարցերու կառավարութեան` գումարելու արտակարգ նիստ մը, որ կը վերաբերի լիբանանեան քարիւղի եւ բնական կազի թղթածրարին:

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն կոչ ուղղեց կազմելու ազգային շահերու կառավարութիւն մը, որուն մէջ ներկայացուած կ՛ըլլան լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը` իւրաքանչիւրը իր կշիռին համաձայն:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Ռամի Ռայէս յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքը քաղաքական ոչ մէկ ուժ պէտք է  լուսանցքայնացնէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի կոչ ուղղեց Թրիփոլին ապազինելու եւ լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը պարտադրելու, «այլապէս` լիբանանեան պետութիւնը հետզհետէ պիտի լուծարուի», ըսաւ ան:

ԸՍՏ «Ժումհուրիա» օրաթերթին, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կը գործադրէ վատիկանեան ծրագիր մը` պաշտպանելու համար Արեւելքի քրիստոնեաները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սալիմ Սալհապ կոչ ուղղեց գումարելու կառավարութեան արտակարգ նիստ մը եւ լիբանանեան բանակին շնորհելու քաղաքական հովանի` Թրիփոլիի ապահովական միջադէպերուն վերջ տալու նպատակով:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ պիտի անդրադառնայ Լիբանանի ներկայ իրադարձութիւններուն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )