Եաղի. «Ականուած Ինքնաշարժները Հարաւային Արուարձաններ Ղրկող Կողմերը Յստակացան, Եւ Անոնց Պատիժը Խիստ Պիտի Ըլլայ»

Հըզպալլայի Պեքաայի պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Մոհամետ Եաղի յայտնեց, որ ականուած ինքնաշարժները  Հարաւային արուարձաններ ղրկող կողմերը յստակացած են` աւելցնելով, որ անոնք խիստ պատիժներու պիտի ենթարկուին:

Եաղի շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը պէտք է առանց արաբական կամ եւրոպական միջամտութեան վստահելու ազգային երկխօսութիւն կատարեն:

Եաղի նշեց, որ իրենք կ՛ընդունին 9+9+6 տարազին հիման վրայ կազմուելիք կառավարութիւնը եւ կը մերժեն 8+8+8 տարազին հիման վրայ գոյանալիք կառավարութեան կազմը: «Ոչ կուսակցական անձնաւորութիւններէ բաղկացած կառավարութեան պահանջները եւս մերժելի են», ըսաւ Եաղի:

 

Share this Article
CATEGORIES