Ապպաս-Իպրահիմի Հանդիպում
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ Քաթար կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ տագնապի լուծման միջազգային պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հալէպի մէջ առեւանգուած Պուլոս Եազիժի եւ Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսները ազատ արձակելու բանակցութիւններուն եւ այդ բանակցութիւններուն ՄԱԿ-ի օժանդակութեան կարելիութիւններուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Իպրահիմ շաբաթ օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքին հետ եւ անոր ներկայացուց առեւանգուած եպիսկոպոսներու ազատ արձակումին մասին Քաթարի մէջ իր կատարած բանակցութիւններուն մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ Եազիժի պատրիարքին փոխանցեց Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ իշխանին ողջոյնները:
Նշենք, որ Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ յայտնեց, որ առեւանգուած եպիսկոպոսներուն գտնուած վայրը յստակ է եւ բացայայտուած, թէ զանոնք առեւանգողները չեչեններ են, եւ յստակ ապացոյցներ կան, թէ անոնք ողջ են. ան մաղթեց, որ այդ թղթածրարը բարի աւարտ մը ունենայ:
ԵՐԷԿ երեկոյեան Սուրիոյ միւֆթի Ահմետ Պատրէտտին Հասսուն հաստատած է, որ Եուհաննա Իպրահիմ եւ Պուլոս Եազիժի եպիսկոպոսները ողջ են եւ կը գտնուին Թուրքիոյ մէջ: