Թրիփոլիի Մէջ Զինեալ Բախումները Աւելի Ծանր Թափով Կը Շարունակուին Զոհերուն Թիւը Կը Հասնի 13-ի

Թրիփոլիի մէջ շաբաթավերջին տիրեց զգուշաւոր հանդարտութիւն, սակայն առանց վերջ տալու արձակազինութեան, որուն պատճառով արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորուեցան ուրիշներ` Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի մէջ:

Բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը շարունակեցին պահել իրենց ներկայութիւնը` ապահովելու համար քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Շաբաթ օր Պարրանիէ եւ Զահրիէ շրջաններուն մէջ կատարուած թաղման արարողութեան մը ընթացքին արձանագրուեցան կրակոցներ:

Միւս կողմէ, քաղաքացիական ընկերութիւնը շաբաթ կէսօրին կատարեց բողոքի նստացոյց մը, որուն ընթացքին մերժեց Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած ապահովական խախտումները` պահանջելով Թրիփոլիի մէջ վերահաստատել ապահովական կայունութիւնը:

Նստացոյցին ընթացքին Հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի դրամատուներու պաշտօնէութեան սենտիքայի նախագահ Մահա Մըքատտեմ ըսաւ, որ Թրիփոլիի կացութեան պատասխանատու են բոլոր երեսփոխանները, նախարարներն ու վարչապետը` շեշտելով, որ ամօթ է ընդունիլ, թէ անոնք անկարող են եւ ձեռնածալ մնալ:

Ան կոչ ուղղեց բոլորին ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնները:

Ան շեշտեց, որ ինք անձնական հանգամանքով կը դատապարտէ նաեւ ապահովական կառոյցները, որոնք մեծաւ մասամբ մեղսակից են Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումներուն:

Նստացոյցին մասնակիցները նաեւ շեշտեցին, որ եթէ ապահովական խախտումները շարունակուին, իրենք նստացոյցը պիտի շարունակեն եւ պիտի դիմեն քաղաքացիական անհնազանդութեան:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ քաղաքական եւ ապահովական հանդիպումներուն ընդմէջէն շարունակեց հետեւիլ Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութեան, ինչպէս նաեւ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ գործադրուած ապահովական միջոցառումներուն:

Այս շրջագիծին մէջ ան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիէն իմացաւ գետնի վրայ բանակին որդեգրած ապահովական քայլերուն մասին:

Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ նաեւ արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Շաքիպ Քըրթպաուիի եւ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըրի հետ` շեշտելով, որ պէտք է արագացնել Թրիփոլիի մզկիթներուն պայթումը գործող յանցագործներուն թղթածրարով հետաքննութիւնը եւ բոլոր յանցագործները յանձնել դատավարութեան:

Միքաթի ընդգծեց, որ առաջնահերթութիւնը կը մնայ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումներուն կասեցումը:

Ան նաեւ հաստատեց, որ ապահովութեան ուժերը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն Թրիփոլիին վերադարձնելու համար իր իրաւասութիւնները եւ ապահովական կայունութիւնը:

Միւս կողմէ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի տեղեկատու գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ լիբանանեան պետութիւնը իր բոլոր կառոյցներով պատասխանատու է Թրիփոլիի մէջ տիրող ներկայ կացութեան` շեշտելով, որ իրենք ձեռնածալ պիտի չդիտեն Թրիփոլիի հրկիզումն ու անոր ապահովութեան դէմ սպառնալիքներու արձակումը:

Հարիրիի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, սուրիական վարչակարգին որոշումով եւ Թրիփոլիի մէջ անոր «արբանեակ»-ներուն միջոցով է, որ Թրիփոլիի բնակչութեան դէմ այս պատերազմը կը գործուի:

Իր կարգին, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ այս շաբաթ Թրիփոլիի մէջ ապահովական լուրջ քայլեր պիտի որդեգրուին ապահովութեան ուժերուն եւ բանակին կողմէ:

Նշենք, որ հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար նշեց, որ Թրիփոլիի մէջ տիրող այսօրուան կացութիւնը շարունակութիւնն է 7 մայիսին Պէյրութի մէջ արձանագրուած ապահովական իրադարձութիւններուն:

Միւֆթի Շաար յայտնեց, որ ոչ մէկ արգելք կայ, որ բանակը Պապ Թըպպանէ մուտք գործէ, սակայն պայման է, որ մուտք գործելէ ետք ան իր յառաջընթացը շարունակէ մինչեւ Ժապալ Մըհսեն: «Եթէ բանակը որոշէ Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ կրակոցներուն վերջ մը դնել, ապա ան կը կարենայ նաեւ կարճ ժամանակէ մը ետք վերահաստատել Թրիփոլիի ապահովութիւնը», ըսաւ ան:

 

Share this Article
CATEGORIES