Պըրրի Ընդունեց Ազատ Արձակուած Լիբանանցիները

Պըրրի` ազատ արձակուած լիբանանցիներուն հետ հանդիպման ընթացքին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց ազատ արձակուած լիբանանցիներուն պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ Շիիներու գերագոյն խորհուրդին կողմէ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին հետեւած շէյխ Ապպաս Զղէյպ:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի ներկաները շնորհաւորեց եւ անոնց ներկայացուց զիրենք ազատ արձակելու նպատակով կատարուած բանակցութիւններուն մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք շէյխ Զղէյպ պատուիրակութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդարանի նախագահին եւ բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին առեւանգուած լիբանանցիներու ազատ արձակման:

«Առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը լարուած ռումբ մըն էր, որ անլոյծ մնալու պարագային կրնար հրկիզել ամբողջ Լիբանանը իր բոլոր համայնքներով», ըսաւ ան:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխաններուն մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Իպրահիմ Քանաան, Ալեն Աուն, Զիատ Ասուատ եւ Սիմոն Ապի Ռամիա` ներկայութեամբ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզիի:

Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած են շարք մը հարցեր եւ համաձայնութիւն գոյացուցած, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Ամալ շարժումին միջեւ կազմուի միացեալ յանձնախումբ մը, որ պիտի քննարկէ երկկողմանի բոլոր հարցերն ու թղթածրարները:

Քանաան շեշտեց նաեւ խորհրդարանի օրէնսդրական աշխատանքը վերսկսելու կարեւորութիւնը:

Քանաան նշեց, որ պատուիրակութիւնը իր շրջապտոյտը պիտի շարունակէ` այցելելով խորհրդարանը բաղկացնող երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն:

Պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն` Քանաան յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած են նաեւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES