Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Սալամը

Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին Պաապտայի մէջ ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան առնչուող իրադարձութիւնները:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց Պուլոս Եազիժի եւ Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսներուն ազատ արձակման բանակցութիւններուն արդիւնքները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ:

Միւս կողմէ, անպաշտօն աղբիւրներ յայտնեցին, որ շաբաթ երեկոյեան «Պիել»-էն վերադարձի միջոցին, նախագահ Սլէյմանի շքախումբը Պէյրութի մէջ ենթարկուած է կրակոցի:

Նախագահական պալատին մօտիկ աղբիւրներ հերքեցին վերոնշեալ տեղեկութիւնը` ընդգծելով, որ նախանցեալ երեկոյեան «Պիել»-էն վերադարձի պահուն նախագահ Սլէյմանի շքախումբին դէմ ոչինչ կատարուած է:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )