«Քրիստոնեաները Պէտք Է Շարունակեն Իրենց Գոյատեւումը Արեւելքի Մէջ» . Ընդգծեց Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Ա. Համագումարը

Նախագահ Սլէյման իր խօսքը կ՛ուղղէ Համագումարին ներկաներուն

Շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Արեւելքի քրիստոնեաներուն Ա. համագումարը` Ռապուէի մէջ գտնուող Քաղաքակրթութիւններուն միջեւ երկխօսութեան համաշխարհային կեդրոնին մէջ:

Արեւելքի քրիստոնեայ յարանուանութիւններուն հոգեւոր պետերուն կողքին, համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սամիր Մուքպել, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով երեսփոխաններ, նախարարներ, քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ եւ հոգեւորականներ: Քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն շարքին համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս եւ Լիբանանի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Նախագահ Սլէյման իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ Արեւելքի քրիստոնեաներուն ապագան մեկուսացումի կամ օտար զինուորական պաշտպանութեան ներքեւ կարելի չէ երաշխաւորել, այլեւ` ուրիշին հանդէպ բացուելու եւ չափաւորականութիւնը ամրապնդելու ընդմէջէն:

Նախագահ Սլէյման իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Հալէպի մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսները ազատ արձակելու ջանքերուն` աւելցնելով, որ ինք այս մասին նամակ մը ստացած է Քաթարի իշխանէն, որ խոստացած է ճիգ չխնայել ամէնէն մօտիկ ապագային ազատ արձակելու համար զանոնք:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը իր կարգին ակնարկեց Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուող յարանուանական տագնապին` հաստատելով, որ քրիստոնեաները կառչած կը մնան Արեւելքի մէջ իրենց գոյութեան:

Նշենք, որ Արեւելքի քրիստոնեաներուն Ա. համագումարէն բխած եզրափակիչ հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ

քրիստոնեաները պէտք է շարունակեն իրենց գոյատեւումը Արեւելքի մէջ, ուր պէտք է շարունակուի իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES