Ուրուկուէյի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Մեծարէ Երեք Օրէնսդիրներ
Ուրուկուէյի Հայ դատի յանձնախումբը չորեքշաբթի, 23 հոկտեմբերին, Մոնթեվիտէոյի «Քրիսթըլ Փալաս» պանդոկի հանդիսասրահին մէջ մեծարեց Հայ դատին սատար հանդիսացող երեք ուրուկուէյցի քաղաքական գործիչներ` ծերակոյտի անդամ Ռաֆայէլ Միքելինի, երեսփոխան Ռուբէն Մարթինես Ուելմօ եւ խորհրդարանի նախկին նախագահ, այժմ պատգամաւոր Խորխէ Օրիքօ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Տիանա Իթութմազեն, այնուհետեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալբանդեան ներկայացուց ծերակուտական Ռաֆայէլ Միքելինին: Նալպանտեան Միքելինին նկատեց մղիչ ուժը ՓԱՐԼԱՍՈՒՐ-ի (Հարաւային Ամերիկայի երկիրներու միացեալ խորհրդարան) մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ պետական մակարդակով Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան մը ստեղծելու գլխաւոր դերակատարը:
Ուրուկուէյի առաջին տիկին եւ ծերակոյտի անդամ Լուսիա Թոփոլանսքի ներկայացուց երեսփոխան Ռուբէն Մարթինես Ուելմոն` նկատել տալով, որ Հայ դատի պաշտպան մը ըլլալէ աւելի, Ուելմօ Հայ դատը ուսումնասիրող քաղաքական գործիչ մըն է:
Ուրուկուէյի փոխնախագահ Տանիլօ Ասթորի, ներկայացնելէ առաջ խորհրդարանի նախկին նախագահ եւ այժմ երեսփոխան Խորխէ Օրիքոն, նշեց, որ Ուրուկուէյը` իբրեւ կառավարութիւն եւ ժողովուրդ, մեծ սէր կը տածէ հայ ժողովուրդին նկատմամբ:
Երեք մեծարեալները իրենց շնորհակալական խօսքին ընթացքին կրկին հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը կարելի բոլոր միջոցներով պաշտպան կանգնելու հայ ժողովուրդի դատին:
Աւարտին Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ մեծարեալներուն յանձնուեցան խորհրդանշական յուշանուէրներ: