Այցելութիւն Սիմոն Զաւարեանի Շիրիմին

Սիմոն Զաւարեանի մահուան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն շրջագիծին մէջ 26 հոկտեմբերին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կազմակերպած էր այցելութիւն Զաւարեանի շիրիմին, որ կը գտնուի Լոռիի մարզի անոր հայրենի գեղատեսիլ Այգեհատ գիւղին մէջ: Արարողութեան կը մասնակցէին ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի բազմաթիւ անդամներ, ՀՅԴ երիտասարդական, պատանեկան եւ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւններու անդամներ, հրաւիրեալներ եւ գրեթէ ամբողջ Այգեհատ գիւղը:

Հոգեհանգստեան պաշտօնը մատուցեց Օձունի եւ ենթաշրջանի հոգեւոր հովիւ Վրթանէս քհնյ. Բաղալեան` Վանաձորի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ «Ս. Տիրամայր» երգչախումբին զուգերգութեամբ:

Հոգեհանգստեան պաշտօնի աւարտին, դիմելով ուխտաւորներուն, Վրթանէս քհնյ. Բաղալեան շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն եւ նշեց, որ սրբավայր-ուխտատեղիի վերածուած շիրիմին շուրջ մեծ թիւով երիտասարդներու ներկայութիւնը անգամ մը եւս կը փաստէ, որ հայրենասիրական այն ոգին, որուն կրողը հանդիսացած է Սիմոն Զաւարեան, անբաժան ուղեկիցը պիտի դառնայ մեր երիտասարդներուն եւ պիտի առաջնորդէ զանոնք իրականացնելու հայութեան ապագային հետ կապուած Լոռիի այդ մեծ զաւկին տեսիլքն ու ցանկութիւնները:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Լեւոն Մկրտչեան, «Սիմոն Զաւարեան» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Գագիկ Շահվերդեան, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, «Վէմ» գիտական հանդէսի գլխաւոր խմբագիր Գէորգ Խուդինեան, Այգեհան գիւղի դպրոցի տնօրէն Պարոյր Շահվերդեան: Անոնք անդրադարձան ժամանակի ամէնէն ճանչցուած եւ ամէնէն հեղինակաւոր գործիչներէն մէկուն կեանքին ու գործունէութեան, անոր հայեացքներուն, անոր մարդկային կերպարին ու անսակարկելի հեղինակութեան, որ պատկառանք ներշնչած է, թէ՛ հազար ու մէկ փորձութիւններ տեսած, պայքարի բովով անցած կուսակիցներուն եւ թէ տարբեր հայեացքներ ունեցող այլ նշանաւոր դէմքերու:

Լեւոն Մկրտչեան իր կարգին նկատեց նաեւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին` 2015 թուականին, կ՛ամբողջանայ մեծ հայորդիին ծննդեան 150-ամեակը, որ հերթական առիթը պիտի հանդիսանայ, որ անգամ մը եւս կարեւորութեամբ շեշտուի անոր անուրանալի ներդրումը մեր պայքարին մէջ, պայքար մը, որ պէտք է ապահովէ մեր երթը ամբողջական հայրենիքի տարածքով:

Այցելութեան աւարտին ՀՅԴ Իրաքի կազմակերպութեան ղեկավար Պարոյր Յակոբեանի կնքահայրութեամբ, տեղի ունեցան երիտասարդական խոստման եւ կուսակցական երդման արարողութիւններ: Անկէ ետք խումբ մը երիտասարդներ համալրեցին ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան եւ ՀՅԴ-ի շարքերը:

 

Share this Article
CATEGORIES