Խմբագրական. Ընկերային Նազովրեցիութիւնը` Ազգային Արժէք (Սիմոն Զաւարեանի Մահուան 100-ամեակին Առիթով)

Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Սիմոն Զաւարեանի  մահուան 100-ամեակի նշումը, այդ առիթով եղած նախաձեռնութիւններն ու նշումի վայրերը ինքնին դիտարժան երեւոյթներ են եւ այդ առումով ալ բազմանշանակ:

Ոչ միայն հայ գիտական միտքը պեղումնային դաշտ ունի իր առջեւ` ուսումնասիրելու Զաւարեան երեւոյթը իր տարբեր երեսներով, այլ նաեւ յատկապէս այժմէականացման փորձ կատարելու կարգով` հայ քաղաքական միտքը, Զաւարեանի հաստատած ուղենիշերուն ընդառաջ երթալու հրամայականով:

Զաւարեանական բարոյականութիւնն է այն հիմը, որուն վրայ կառուցուած է ամբողջ կուսակցական-հասարակական գործունէութիւնը: Բարոյական ըմբռնումներու շատ վճռորոշ ամբողջութիւն  մը, որ յաջողեցաւ անսասան վէմի վրայ կառուցել կուսակցութեան  եւ անոր ճամբով հայ ազատագրական շարժումի ամբողջ արժեհամակարգը: Իսկ այս բարոյականութիւնը զուտ տեսաբանութիւն չէր կամ կարգախօսային  առաջադրանք: Ապրում էր, կենդանի օրինակ, ամէնօրեայ իրականացուող կենսաձեւ Զաւարեանի համար, որ թելադրական էր, օրինակելի եւ շարժումին համար ճիշդ ուղի հարթող գործելու եղանակ:

Այս մասին շատ անդրադարձած է դաշնակցական գրականութիւնը, ինչպէս յուշագրական, այնպէս նաեւ ուսումնասիրական հրապարակումներով: Այժմ, երբ գիտական հարթութեան վրայ նախաձեռնութիւններ կ՛առնուին Զաւարեան երեւոյթն ու անոր ունեցած ազդեցութիւնը ազատագրական շարժումին վրայ լոյսին բերելու, Զաւարեանը արդէն կ՛անդրանցնի կուսակցական արխիւներու բաժանմունքը եւ կ՛արժանանայ ազգային եւ պետական գնահատանքի: Ի վերջոյ թէ՛ Ակադեմիան եւ թէ՛ Արխիւը ազգային-պետական հիմնարկներ են եւ անոնց կողմէ առնուած նախաձեռնութիւնները կ՛ընդգծեն այդ կարեւոր անդրանցումը:

Զաւարեանով ամրագրուած այս արժէքաբանութիւնը սակայն, միայն պատմական լուսարձակներ բանալու չի ծառայեր: Այժմէական է անիկա սուր կերպով. յատկապէս իր ընկերային հարցերուն նկատմամբ դաւանած հաւատամքը, որ անշուշտ առանցքային տեղ ունի Դաշնակցութեան ընկերային հարցերու վերաբերող սկզբունքներու ձեւաւորման եւ կայացման աշխատանքին մէջ, հրատապ հարցերու արծարծման եւ քննարկման համար թելադրական նշանակութիւն ունի անպայման:

Ընկերային նազովրեցիութիւնը  գուցէ ամէնէն այժմէական պատգամները կը պարփակէ իր մէջ: Տնտեսային-քաղաքական արեւելումներու ընտրանք կատարելու հարկադրանքին առջեւ կանգնած մեր պետութեան համար օդի ու ջուրի պէս անհրաժեշտ է Զաւարեանի դաւանած ընկերային արդարութեան հաստատումը:

Հարցերը փոխկապակցուած են հիմնովին, եւ որեւէ անջատ փրկօղակի կառչելով կարելի չէ հիմնախնդիրներուն լուծում ապահովել: Այսպէս. երբ սաստկացած են արտաքին ճնշումները, երբ հակառակորդը մէկ կողմէ շրջափակումի ճամբով տնտեսապէս կ՛ուզէ ծունկի բերել երկիրը, միւս կողմէ թափ կու տայ ռազմական ոտնձգութիւններու, երբ տակաւին, միջազգային ատեաններու մօտ պիւտճէ եւ մարդուժ չի խնայեր երկրին ու պետութեան դէմ բանաձեւեր ապանովելու, աւելի քան հրամայական է ներքին ամրակայումը, որ բացառապէս մեկնակէտ կրնայ ունենալ արդար հասարակարգի ձեւաւորումը:

Այստեղ է, որ իրաւական պետութեան ստեղծման, հարստապետական կարգերուն վերջ տալու, ստուերի չքացման, հովանաւորչութեան եւ ամենաթողութեան վերացման համար պէտք է աշխատի ընկերային նազովրեցիութեան տեսութիւնը: Արդար հասարակարգն է, իր բոլոր բաղադրիչներով, որ կը յաջողի կերտել ներքին ամրակայումը` պայքարելու համար արտաքին մարտահրաւէրներուն դէմ: Եւ այստեղ աւելի քան անհրաժեշտ է պետութեան ղեկը ստանձնողներուն Զաւարեանի օրինակին հետեւելու փորձ կատարելը: Բայց նախ` հսկայական այս արժէքին ճանաչողութիւնը:

Զաւարեան երեւոյթին գիտական ճանաչողութենէն քաղաքական ուղենշային հանգամանքներու անցումը աւելի քան անհրաժեշտ է: Զուգահեռ ողջունելի նախաձեռնութիւնը առնուած է: Կուսակցական արժէքին առընթեր ազգային արժէքի դաւանումի նուիրականացումով:

Ընկերային նազովրեցիի օրինակին հետեւելու անհրաժեշտութեան առջեւ է մեր պետական համակարգը այսօր: Բոլոր պատճառներով:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )