Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Սիրոյ հովուերգութիւն մը պիտի ստանայ լուրջ բնոյթ, որովհետեւ երկու կողմի զգացումները նոյնն են:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Խնամք տարէք ձեր բնակարանին, ձեր ընտանիքին: Կարեւոր են այս յարդարանքները եւ մաքրութիւնը: Ընտանեսէր եղէք, զիրար յարգեցէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դաստիարակչական աշխատանքը առաջնակարգ տեղ պիտի գրաւէ ձեր առօրեային մէջ: Մանկավարժական ձեր գիտութիւնը կիրարկեցէք, որքան որ կարելի է:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Գործի մարզին մէջ խորամանկ պիտի ըլլաք դէպքերու բերումով, ինչպէս որ կ՛ընեն բախտախաղի պարագային: Դիւանագէտ ըլլալը կարեւոր է:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կարեւորութիւն տուէք ձեր արտաքին տեսքին, խնամեցէք ձեր հագուածքը: Ասիկա շատ բան կը փոխէ ձեր կեանքին մէջ: Օրը յաջող կ՛ընթանայ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Այսօր անօգուտ գնումներ մի՛ կատարէք: Կը զղջաք: Ձեր գումարը յատկացուցէք կարեւոր պիտոյքներու: Խնայասէր եղէք: Գալիք օրերուն դրամի պէտք կ՛ունենաք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Բարեկամութեան մէջ պիտի հաստատէք ու փաստէք ձեր պարկեշտութիւնը եւ բարեկամական անկեղծ զգացումները: Սիրելի անձն էք ձեր շրջանակին մէջ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ուշադիր եղէք ձեր աշխատանքին մէջ: Նոր դիրքի մը պիտի արժանանաք ձեր յաջող գործունէութեան համար: Ուրախ պիտի մնաք նոր պաշտօնով:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընթերցանութիւն կատարեցէք, ուրկէ պիտի հասկնաք ճշմարտութիւնները ոչ միայն ուրիշներու մասին, այլեւ ձեր մասին: Ինքնաճանաչման լաւ առիթ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր պիւտճէն, ձեր տնտեսութիւնը լաւ վիճակի մէջ է: Մտահոգուելու ոչինչ ունիք: Ուրեմն կրնաք հանգիստ կատարել ձեզի յանձնուած գործերը:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Անուշադրութիւն մը կրնայ պատճառ դառնալ ձախողութեան մը, կրնաք կորսնցնել համաձայնութեան մը կնքումը: Նախօրօք շարժեցէք այդ հարցը կարգադրելու համար:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ստեղծագործական ձեր տաղանդը պիտի ծաղկի աշխատանքի մէջ եւ տունը: Այսպիսի յաջող եւ արդիւնաւէտ բախտ քիչ կը պատահի: Օգտուեցէք:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )