50 Տարի Առաջ (29 Հոկտեմբեր 1963)
Տոմսեր
Պարտք Վճարելու
Նոր Եղանակ Մը
Խորհրդային Միութիւնը Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին 11 միլիառ տոլարի օժանդակութիւններ ստացած է Միացեալ Նահանգներէն` «վերջը վճարելու» խոստումով:
Այս «վերջ»-ին վերջը չի գար, ու թէեւ Ամերիկա համաձայնած է մինչեւ 2.6 միլիառ տոլարով փակելու հաշիւը, Մոսկուա շարունակ կը խուսափի եւ կը ջանայ «անցուկը մոռցուկ» նկատել:
Ու տակաւին Ա. Աշխարհամարտէն եւս Ռուսիա 600 միլիոն տոլար պարտք ունի Ամերիկայի:
Մոսկուայի կարմիրները պարտք վճարելն ալ դրամատիրական գէշ սովորութիւն մը կը նկատեն, մանաւանդ որ դրամատէրներու ունեցածներն ալ իրենց կը նկատեն:
Վերջերս, Խորհրդային Միութեան պատուիրակներ ցորեն գնելու նպատակով Ամերիկայի դիմած են` յայտարարելով.
– Շատ կը փափաքինք ձեր ցորենը գնել: Կը խոստովանինք, թէ անօթի ենք: Մեր երկիրը դրախտ չէ, «Պայքար»-ի, «Արեւ»-ի կամ «Լրաբեր»-ի գրածներուն մի՛ հաւատաք: Սոված ենք, էլի: Ապառիկ ցորեն կու տա՞ք…
Ամերիկա պատասխանած է.
– Ձեր հին պարտքերը վճարել յանձն կ՛առնէ՞ք:
– Ո՞ր պարտքերը…
– Չգիտնալ կը ձեւանաք, հա՞: Յիշեցնենք: Առաջին մեծ պատերազմէն` 600 միլիոն տոլար
– Օ՜, այդ ցարին օրով էր. մենք պատասխանատու չենք, որովհետեւ պատմութիւնը մեր յեղափոխութենէն կը սկսի…
– Հապա Բ. Աշխարհամարտի 11 միլիա՞ռը…
– Ներեցէք, որ ըսենք, թէ բնա՜ւ լուր չունէինք: Ստալինի տուած էիք չէ՞: Մենք այդ անպիտանը գերեզմանէն իսկ դուրս շպրտեցինք, որովհետեւ առանց մեր գիտակցութեան այդպէս գործեր տեսած էր…
– Իսկ այս նոր պարտքին ո՞վ պատասխանատու պիտի ըլլայ…
– Անշուշտ մենք, ընկերներս…
– Չեմ հաւատար…
– Մի լքէք մեզ: Ձեզի գաղտնիք մըն ալ ըսենք: Կը յուսանք շուտով մեծ ժառանգութեան մը տիրանալ, եւ բոլոր պարտքերը վճարել…
– Ի՞նչ ժառանգութիւն…
– Ազատ աշխարհը պիտի թաղենք, չէ՞…
– Օ՜, այդ ճիշդ է, մոռցած էի: Շա՜տ ճիշդ: Կորսուեցէ՛ք, անպիտան անաստուածներ…
Յետոյ, կարմիրները խոստացած են կանխիկ վճարել, ցորենին երեսը տեսնելէ առաջ:
ԳԻՍԱՒՈՐ
Հայկական Կեանք
10 Հազար Տոլար Տիթրոյթի
Եկեղեցւոյ Համար
Հացկերոյթին Ներկայ Կ՛ըլլայ
Լիբանանի Հիւպատոսը
Տիթրոյթէն (Հիւսիսային Ամերիկա) կը գրեն «Հայրենիք»-ին.
Կիրակի, հոկտեմբեր 20, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Կիլիկիոյ թեմի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հայ համայնքը խանդավառութեամբ նշեց իր նորակառոյց եկեղեցւոյ առաջին տարեդարձը, Հենրի Ֆորտ պատմական թանգարանի Լովէթ սրահին մէջ, աւելի քան 600 հոգիներու մասնակցութեամբ:
Հացկերոյթին նախագահեց Միացեալ Նահանգներու Կիլիկիոյ թեմի առաջնորդ Հրանդ եպիսկոպոս Խաչատուրեան, որ նոյնպէս պատարագեց եւ իր սրբազան պատգամը տուաւ այդ առաւօտ, եկեղեցին լեցուած յոգնախուռն հաւատացեալ ժողովուրդին:
Հացկերոյթին ներկայ էին Տիրպորնի քաղաքապետը, Ուայ. Էմ. Սի. Էյ. հաստատութեան ներկայացուցիչները, եւ Լիբանանի հանրապետութեան Տիթրոյթի հիւպատոսը Ճորճ Պշարա, որոնք առանձին ելոյթներով ողջունեցին հայ ժողովուրդի ստեղծագործութիւնն ու շինարարական ոգին, հակառակ դարերու պարտադրած չարաբաստիկ ճակատագրին:
Ոգեշունչ պատգամներ տուին առաջնորդ սրբազանը եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Սուրէն քահանայ Բաբախեան:
Գործադրուեցաւ վայելուչ յայտագիր մը: Փոխաբերաբար ատենապետեցին Գուրգէն Տիրացեանն ու Բաբգէն Սարգիսեան: Դաշնակի գեղեցիկ սոլօ մը տուաւ Մարկրիթ Լեֆեանը` Արամ Խաչատուրեանէն: Անժէլ Պենեան, Ստեփան Քարուկեան` դաշնակի ընկերակցութեամբ` Հէլէն Մամբրէեանի, երգեցին ազգային տոհմիկ երգեր:
Աննախընթաց խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ ներկաներուն մէջ, որոնք կարճ ատենի մէջ նուիրաբերեցին 10.000 տոլարի պատկառելի գումար մը:
Նուիրահաւաքումը ձեռնհասօրէն վարեց Յակոբ Մուրատեան:
Առաջնորդ հօր պահպանիչով եւ «Կիլիկիա» երգով փակուեցաւ այս տպաւորիչ հանդէսը: