Եւրոպայի 17 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութեան Զտումի Մրցաշարք. Իրլանտա – Հայաստան` 2-0

Նախորդ շաբաթավերջին Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստան – Իրլանտա մրցումը, որ կ՛իյնայ Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի Է. խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ:

Իր երկրորդ պարտութիւնը կրելէ ետք, այս անգամ` 2-0 արդիւնքով, հայրենի կազմը դուրս մնաց մրցաշարքէն:

Մրցումին 3-րդ վայրկեանին Հայաստան չկրցաւ ցնցել մրցակիցին բերդին ուռկանը, երբ Հայկ Գալստեանի հարուածած փենալթին զսպուեցաւ մրցակիցին բերդին ուղղահայեաց սիւնին կողմէ:

Հիւր կազմը յաջողեցաւ նշանակել երկու կոլ` 29-րդ եւ 58-րդ վայրկեաններուն, եւ արձանագրել 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:

Անգլիա, որ առաջին մրցումին 4-0 արդիւնքով յաղթած էր Հայաստանի, երկրորդ ճակատումին 8-0 արդիւնքով ջախջախեց Ճիպրալթարը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )