Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Մովսիսեանի Կոլը Նպաստեց Սպարտակի Յաղթանակին

Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Սպարտակ Մոսկուա, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ռոսթովը, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մարզիկներէն Արազ Օզպիլիս եւ Եուրա Մովսիսեան դաշտ ներկայացած էին հիմնական կազմին հետ: Երկու ֆութպոլիստները Ա. կիսախաղին կազմակերպեցին Սպարտակի առաջին կոլը: Արդարեւ, Օզպիլիսի փոխանցումէն ետք, Մովսիսեան ներխուժեց մրցակիցին մեծ քառակուսին, ուր ֆաուլի ենթարկուեցաւ:

Մովսիսեան 15-րդ վայրկեանին յաջողեցաւ փենալթին կոլի վերածել: 76-րդ վայրկեանին Քոսթա արդիւնքը բարձրացուց երկուքի:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Սպարտակ ապահովելով 30 կէտ բարձրացաւ 2-րդ դիրքը: Ռոսթով 16 կէտով կը գտնուի 9-րդ դիրքին վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )