Խեղկատակները Չեն Կրնար Հաշուետուութենէ Խուսափիլ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

Հոկտեմբերի առաջին կիսուն Միացեալ Նահանգներու քաղաքական դաշտը բեմադրավայր եղաւ խայտառակ իրադարձութիւններու, որոնց մէջ խեղկատակի դերերը ստանձնած էին Սպիտակ տան եւ խորհրդարանի «տիտանները»: Պիւտճէի վաւերացման դէմ կանգնելով` հանրապետականները կառավարութիւնն ու բազմամիլիոն պաշտօնեաներ պատանդ բռնեցին` պահանջելով, որ առողջապահական ապահովագրութեան նախագահ Օպամայի ծրագիրը յետս կոչուի. յետոյ աւելցաւ «պոչիկ» մը` պարտքերու բարձրացման արգելքի արարով: Ի վերջոյ, «առժամեայ» հռչակուած համախոհութեամբ մը շինծու տագնապը վերջ գտաւ, քանի մը ամիս վերջ նոյնանման խայտառակութիւն մը եւս բեմադրելու խոստումով:

Զանգուածները ընդհանրապէս անտարբեր հանդիսատեսի դիրքերէն հետեւեցան այս բեմագրութեան, միլիոնաւոր պաշտօնեաներ պահ մը զրկուեցան եկամուտէ, ոմանք անգործութեան դատապարտուեցան, իսկ պետական սպասարկութեանց ամլութեան պատճառով արձանագրուած թերացումներն ու անկէ տուժողներուն դատը հազիւ թէ լուսարձակ խլեց: Օպամա յաղթական հռչակեց ինքզինք, որովհետեւ ապահովագրութեան իր ծրագիրէն ետդարձ չըրաւ, ընդդիմադիրները եւս յաղթական հռչակեցին իրենք զիրենք, որովհետեւ կը հաւատան, թէ ի վերջոյ պիտի վիժեցնեն այս ծրագիրը, իսկ թէ պետութեան պարտքերը 17.5 եռիլիոնի բարձրացնելու համաձայնութիւնը ինչպիսի՛ հետեւանքներ պիտի ունենայ տնտեսութեան վրայ, ընկերային ինչպիսի հարցեր պիտի ստեղծէ, ո՞վ պիտի շահի անկէ… Այդ բոլորը յայտնապէս անկարեւոր են խաղը վարողներուն համար. փաստօրէն, հսկայական կարողութիւններով օժտուած այս երկրին տնտեսութիւնը անտեսանելի նահանջներ կ՛արձանագրէ եւ այդ նահանջին ծանրութիւնը կ՛իյնայ սահմանափակ եկամուտ ունեցողներու դասակարգին ուսերուն, այն զանգուածներուն, որոնք կը կազմեն բնակչութեան մեծամասնութիւնը եւ… ընդհանրապէս լուր իսկ չունին, թէ իրենք զոհ կ՛երթան «վարպետ քաղաքագէտներու» յելուզակութիւններուն, դատապարտուած են լռութեան եւ անտարբերութեան:

Ամսուան կէսերուն գոյացած համախոհութիւնը միայն երեւութական մեղմացում մը կը բեմադրէր: Փաստօրէն, իր ծրագիրը ոգի ի բռին պաշտպանող նախագահ Օպամա կը մնայ ձախլիկ կացութեան մէջ, որովհետեւ մատնուած է ինքն իր ոտքին կրակողի վիճակի. օրինա՞կ կ՛ուզէք. անոր յորդորներուն ընդառաջողներ երբ համացանցի միջոցով կը փորձեն ապահովագրութեան դիմումնագիրներ ամբողջացնել, դէմ յանդիման կու գան խայտառակութեան մէկ նոր արարին. համացանցի տուեալ կայքերը անկարող են ընդառաջելու դիմորդներուն, ունին մեծ թերութիւններ. նախագահը քանի մը օր առաջ ընդունեց, որ նման կացութիւն աններելի է, բայց… ո՞վ է ներողը, ո՞վ` յանցաւորը: Արդեօք պէ՞տք է կասկածիլ, թէ հոն ալ դիտումնաւոր բան կայ` նպատակ ունենալով ծրագիրին ձախողեցումը…

***

Կ՛արժէ պահ մը կանգ առնել ու հարց տալ, թէ ի վերջոյ սա առողջապահական ծրագիրը ի՞նչ հրաշալիք մըն է, որուն համար այսքան ծաւալուն հակամարտութիւններ տեղի կ՛ունենան. Օպամա զայն ժողովուրդին ու աշխարհին կը ներկայացնէ իբրեւ ընկերային տագնապի մը լաւագոյն, թէեւ ոչ իտէալական լուծումը, իսկ ընդդիմախօսներ զայն կը նկատեն աղէտալի ծրագիր մը, որ որոշ բարիքներու դիմաց, ահագին չարիք կը խոստանայ:

Հաւանաբար քիչեր կ՛անդրադառնան, թէ վերջին շաբաթներուն առողջապահական ապահովագրութիւն ծախող ընկերութիւնները որքան բազմացած են ծանուցումներու աշխարհին մէջ, ինչպիսի մրցակցութիւն տեղի կ՛ունենայ մարդորսութեան համար: Ոչ ոք հարց կու տայ, թէ տասնամեակներ առաջ մարդիկ ինչպէ՞ս կ՛ապրէին ու կրնային առանց սնանկանալու սպառնալիքին ենթարկուելու` հոգալ իրենց բժշկական, հիւանդանոցային ու դեղերու ծախսերը, երբ ապահովագրութեան ընկերութիւնները, նոյնինքն դեղեր արտադրողներու եւ հիւանդանոցներ վարող ընկերութեանց (եւ անոնց կամակատար քաղաքական մարդոց) հետ դաշնակցելով` իրենց մականին չէին ենթարկած զանգուածները: (Նման հարցումի մասին մտածողը կա՛մ մանկամիտ կը սեպուի, կա՛մ ալ անոր կ՛ըսուի, թէ ներկայ դարէն խզուած է):

 

 

 

 

 

 

 

Խորքին մէջ Օպամայի ծրագիրին մասին ոչ ոք յստակ պատկերացում ունի, ոչ ալ կրնայ յստակ ու ամբողջական պատկերացում փոխանցել: Մարդս պէտք է ապահովագրութեան հարցերու մասնագէտ մը կամ այս կալուածի իրաւաբան մը ըլլայ, որպէսզի կարենայ աղօտ գաղափար մը կազմել թէ «բանը ինչումն է»: Սոյն տողերը արձանագրելէ առաջ, այցելեցինք բազմաթիւ կայքէջեր, տեղեկութիւն քաղելու համար այս ծրագիրին տաքին ու պաղին մասին, սակայն շփոթեցնող տեղեկութիւններն էին յաղթանակ տանողը: Ծրագիրին համամիտներ զայն կը ներկայացնեն իբրեւ լաւագոյն լուծում մը` բարդ կացութեան մը, պնդելով, որ անիկա կը խոստանայ մատչելի պայմաններով ապահովագրել զանգուածներ, կը ջնջէ նախօրօք գոյութիւն ունեցող հիւանդութեան մը պատճառով ապահովագրութիւն չունենալու պարագաները, տակաւին, կը խոստանայ որոշ առաւելութիւններ: Ընդդիմախօսները կը պնդեն, որ այս ծրագիրը հարցը պիտի չլուծէ, այլ դուռ պիտի բանայ նոր հարցերու: Օրինակի համար, շուրջ 20 միլիոն ապահովագրեալ պիտի զրկուին իրենց նախասիրած ապահովագրութենէն, բազմամիլիոն ուրիշներ պիտի չկարենան ապահովագրութիւն գնել, որովհետեւ նորը պիտի ըլլայ աւելի սուղ, եւ այդ պարագային պիտի ստիպուին… տուգանք վճարելու, պատիժ մը, որ պիտի ծանրանայ տարուէ տարի: Հաւասարութիւն ըսուածը ի սկզբանէ գոյութիւն պիտի չունենայ, որովհետեւ ապահովագրեալները պիտի բաժնուին քանի մը դասակարգերու (Աստուած հոգին լուսաւորէ Ճորճ Օրուէլի, որ 40-ական տարիներուն հրապարակ նետած էր «կարգ մը հաւասարներ աւելի հաւասար են, քան ուրիշներ» գաղափարը…): Տակաւին, հարց կը տրուի, թէ ի՞նչ բարիք պէտք է սպասել օրէնքէ մը, որ մշակուած է հիւանդանոցներու, դեղի ընկերութեանց եւ նոյնինքն ապահովագրութեան հսկաներու ի նպաստ գործողներու կողմէ, կիրարկումն ալ պիտի դրուի նմաններու հսկողութեան տակ: Յետոյ, այս ծրագիրը կը ստեղծէ այնպիսի վիճակ, ուր բժիշկներ այսուհետեւ ստիպուած պիտի ըլլան նուազ ժամանակ յատկացնել հիւանդներուն, իսկ ապահովագրեալներ ստիպուած պիտի ըլլան փոխնորդ միջոցներու դիմելու, ինչ որ բնականաբար պիտի ծանրացնէ իրենց գրպաններուն բեռը:

Բայց եկուր տես, որ ստեղծուած փոթորիկը բարձրացուցած է այնպիսի ամպ մը, ստեղծած է այնպիսի վիճակ, ուր Օպամայի ծրագիրը ընդունիլը կամ չընդունիլը ստեղծած է շէյքսփիրեան «ըլլա՞լ, թէ՞ չըլլալ» հարցումին նմանող վիճակ մը: Այս կացութեան մէջ, Օպամայի ծրագիրը կը ներկայացուի իբրեւ փրկութեան լաւագոյն ու ցանկալի ընտրանք, հոգ չէ թէ զայն մշակողն ու շուկայ հանողն ալ կ՛ընդունի, թէ լաւագոյն լուծումը չէ, այլ նախկինէն քայլ մը անդին կ՛երթայ:

***

Խորքին մէջ ստեղծուած փոթորիկն ու աղմուկը այնքան մը խափանած են ուղեղներն ու աչքերը, որ լուսանցքի վրայ նետած է ու մոռացութեան մատնած` այլապէս պարզ, արդար եւ իսկական լուծումի ընտրանքը, ձեւ մը, որուն մասին շատ աւելի բարձրաղաղակ կը խօսուէր ու վէճ կը յարուցուէր 2-3 տարի առաջ, քան` այս հանգրուանին, երբ կ՛ըսուի, թէ գործադրութեան պահը հնչած է:

Իսկական ու պարզ լուծումը ո՛չ վառօդի, ո՛չ ալ անիւի գիւտին համազօր է, այլ կ՛ենթադրէ որդեգրումը պետութեան կողմէ բոլոր քաղաքացիներուն անվճար ապահովագրութեան դրութեան մը, որ կը կիրարկուի բազմաթիւ զարգացած երկիրներու, մինչեւ իսկ Երրորդ աշխարհի ցանկին դրուած երկիրներու մէջ, ու ըստ բաւականին կը բաւարարէ այդ երկիրներուն քաղաքացիները, կը փարատէ այն մտահոգութիւնները, որոնցմով կը տանջուին ու պիտի տանջուին ապահովագրութեան ներկայ թէ օպամայական ծրագիրներուն արձանագրուողները:

 

 

 

 

 

Փաստօրէն, ի՞նչ բան կ՛արգիլէ, որ նիւթական ու տնտեսական անսպառ կարողութիւններով օժտուած այս երկիրը չկարենայ լիարժէք ապահովագրութիւն տրամադրել իր քաղաքացիներուն, այնպէս` ինչպէս կ՛ընեն Անգլիա, Քանատա, եւրոպական ու ասիական երկիրներ, մինչեւ անգամ «ատելի» Քուպան: Ինչո՞ւ այս երկրի իշխանութիւնները անկարող պիտի մնան զսպելու սանձարձակ շահամոլութիւնը, թող տալու, որ հսկայական գումարներ կուտակուին փոքրաթիւ ընկերութիւններու ձեռքին, որոնք պատանդ կը պահեն զանգուածները, նոյնինքն իշխանութիւնները: Տակաւին, ի՞նչ են ժողովուրդը ձեռնածալ հպատակութեան ենթարկող կաշկանդումները, իր վիճակին ծանրացման հանդէպ անտարբերութիւն որդեգրելու հարկադրանքները: Պրազիլի, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Սպանիոյ եւ շարք մը այլ երկիրներու ժողովուրդներուն ընդվզումի արտայայտութիւնները իրաւատիրութիւն չե՞ն արդեօք, թէ՞ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդը հասած է քաղաքակրթութեան այնպիսի մակարդակի մը, ուր իրաւունքի պաշտպանութեան համար պահանջատիրական ցոյցերը պիտի նկատուին… ահաբեկչական արարք, տգիտութիւն, յետամնացութիւն եւ այլ տեսակի «մահացու մեղքեր»:

Ծանրացող տագնապներուն շինծու լուծումները չեն կրնար ընդմիշտ լռութեան մատնել արդարութեան պահանջը: Կու գայ հանգրուան, ուր ժողովուրդը կը տեսնէ, թէ հանրապետական-դեմոկրատ խաղերը միայն աչքի փոշի ցանելու կը միտին, թէ` կա՛ն ընկերային հաւասարութիւն հաստատելու գործնական ձեւեր, որոնք կրնան աւլել-տանիլ խեղկատակ «ղեկավարներ»-ը, երբ փարատին այժմու փոշիի ամպերը: Այլ խօսքով, ժողովուրդը կամազուրկ հպատակ սեպողները ի վերջոյ կրնան ահեղ հաշուետուութեան կանչուիլ, ինչպէս եղած է պատմութեան նախընթաց հանգրուաններուն, ինչպէս տեղի կ՛ունենայ այսօրուան աշխարհի տարբեր ծագերուն:

 22 հոկտեմբեր, 2013

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )