Հայաստան Այցելող Սփիւռքահայերու Տպաւորութիւնները

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Ամառնային եղանակը լայն դուռ կը բանայ դէպի Հայաստան այցելութեան, ոչ թէ հիւրի պէս, այլ` տանտիրոջ: Սա մեր երկիրն է, մեր հայրենիքը մեր մանկութեան տարիներէն մեզի փոխանցուած գերագոյն սէրը: Փառք Աստուծոյ, որ առիթներ ունինք եւ ազատ ենք մեր ուզած պահուն երթալու մեր հայրենիքը, երազ կարծուած մեր Հայաստանը: Բախտաւոր է մեր նոր սերունդը, որ կարելիութիւնը ունի այցելելու, վայելելու հայրենիքին օդն ու ջուրը, տեսարժան վայրերը, տեսնելու` Սեւանայ լիճը, Էջմիածինը, Մատենադարանը, Օշականը, Սարդարապատը, Գառնի-Գեղարդը եւ միւս հրաշալիքները, մեր հնօրեայ վանքերը, մեր տաճարները: Հրաշալի է մեր հայրենիքը, զոր շահած-պահած են մեր նախահայրերը, մեր ճարտար վարպետները, ճարտարապետները: Կը զարմանաս, թէ հին հին դարերուն թեքնոլոժի ըսուած գիտական ձեռնտու պայմաններու բացակայութեան ինչպէ՞ս բարձրացուցած են գմբէթ ու կամար, կառուցած են Գառնին, Գեղարդը: Հրաշքի համազօր կառոյցներ:

Հայաստան երկիր դրախտավայր: Այս բանաձեւը ի զօրու է միշտ: Ուրախութեամբ կը հետեւինք մեր միութենական ծրագիրներուն, ամառնային եղանակին կատարուած այցելութիւններուն` սփիւռքի բոլոր շրջաններէն: Համացանցային, հեռաձայնային լրատուութիւնները արդէն օրը օրին կ՛իմացնեն մեզի, թէ ո՛ր գաղութներէն հայեր այցելած են Հայաստան: Հայաստանի պատկերասփիւռներն ալ կը ծանուցեն հայ զբօսաշրջիկներու այցելութեանց մասին: Կը ծանօթանանք համբաւաւոր հայերու ներկայութեան հայրենիքի մէջ: Միացեալ Նահանգներու հայկական վարժարաններու շրջանաւարտները կը բախտաւորուին Հայաստան այցելութեամբ, քանի մը շաբաթներու շրջապտոյտով:

Լիբանանահայեր կազմ ու պատրաստ են ամէն ամառ իրենց արձակուրդը անցընելու Հայաստանի մէջ: Մեր ճամբորդական գրասենեակները կը յորդին ճամբորդներով: Թէեւ կան դժգոհութիւններ` տոմսերու սակի սղութեան համար, բայց դարձեալ սիրով կը ստանձնեն յաւելեալ գումարներ վճարել վասն հայրենեաց:

Էր երբեմն, խորհրդային վարչաձեւի օրերուն, կային առանձնաշնորհեալ անձեր, որոնց համար դիւրին էր Հայաստան ելումուտը, յաճախակի: 1960-ական թուականներէն սկսեալ «Երկաթէ վարագոյրը» քիչ մը եւս բացուեցաւ Հայաստան այցելելու փափաքողներուն համար: Իրենց հարազատներուն այցելելու գացող ընտանիքները բազմացան: Հայաստան այցելողները իրենց հետ կը տանէին տեսակաւոր ապրանքներ եւ կը վերադառնային թանկարժէք իրերով: Հարստանալու ճամբան բացուած էր, օգտուողները` շատ, որոնք նախանձը կը գրգռէին այդպիսի առաւելութիւններէն զրկեալներուն…

Օրերը անցան, համայնավարութիւնը փուլ եկաւ: Եկաւ անկախ ապրելու ժամանակաշրջանը, բայց մինչ այդ Հայաստան արդէն պարպուած էր իր հարստութիւններէն: Կողոպուտի լայնածիր առիթներ եւ Հայաստան կ՛աղքատանար: Դուռ կը բացուէր արտագաղթի: Ողջ մնար մանաւանդ Ռուսիան: Ամերիկաները նուազ օգուտ չունեցան: Հայաստան կորսնցուց իր բնակչութեան մեծ մասը, գաղթ, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:

Սփիւռքի նախարարը կոչ ուղղեց սփիւռքին, «Արի տուն» կանչով…

2013 թուական: Հայաստանի այցելուները բազմաթիւ են` ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները: Լիբանանահայ պատանեկան, երիտասարդական միութիւններ բազմանդամ են, իրենց տարեկան բանակումները կը կատարեն հայրենիքի մէջ: Արցախի զանազան տարածքներու, նաեւ` Հայաստանի մէջ: Ընտանեկան այցելութիւններն ալ բազմացած են: Վարձուած բնակարաններ, պանդոկներ, ուրիշներ արդէն ունին սեփական տուներ: Դիւրացած են ամառնային արձակուրդի շաբաթներ կամ ամիսներ անցընելու պայմանները: Կարեւորը պիւտճէի բաւարարութիւնն է…

Եթէ Լիբանանէն Զաւարեան ուսանողական միութեան խումբերը Արցախ չերթային, ծրագրած չըլլային Քաշաթաղի մէջ որոշ գործունէութիւն, չունենային կամաւոր աշխատանքի փափաք, պիտի չլսէինք, թէ գիւղ կամ գաւառ կոչուած այդ վայրերուն մէջ հայրենի մշակները, խաշնարածները, հողագործները ինչպիսի դժուարութեամբ կ՛ապրէին: Մեր տղաքը մինչեւ իսկ ջրատար խողովակներ հասցուցին բնակելի տուներու: Ապրի՛ք տղաք եւ աղջիկներ:

Եթէ ԼԵՄ-ականներ Ղարաբաղ երթալով` բանակում չկատարէին Մարտակերտի մէջ, հայրենասիրութեան բացակայութիւն պիտի զգայինք: Լիբանանահայ մեր ոչ նպաստաւոր կեանքին համար այս կը նշանակէ զոհողութիւն վասն հայրենեաց:

ՀԲԸ Միութեան կատարած հայրենասիրական գործունէութեան մասին կ՛իմանանք հայրենի Հ1 պատկերասփիւռին փոխանցած ծանուցումներէն: Ամէնուն վարձքը կատար:

Այս բոլորէն ետք մեր ուրախութիւնը քիչ մը կը պղտորի, երբ Հայաստանէն վերադարձողները կ՛ըսեն գրեթէ միաձայն.

«Հայաստան սքանչելի է պտտելու համար, բայց ոչ` ապրելու»…

Ա՛յս է մեր սիրտերը խոցողը: Ինչո՞ւ:

Հայրենի գիւղերը, գիւղացիները կ՛ապրին դժնդակ պայմաններու մէջ: Խորհրդային օրերուն այլ պայմաննե՞ր կային արդեօք: Կ՛ըսեն, թէ Հայաստանի մէջ երկու դասակարգ կայ. հարուստ եւ աղքատ, ծայր աստիճան չքաւոր: Ինչո՞ւ կ՛անտեսուի գիւղացին, չենք հասկնար:

Այս առիթով Հայաստան մեկնած սուրիահայերուն կը մաղթենք բարի կեցութիւն: Երանի թէ նոր Հալէպ թաղամասը շուտով իրականութիւն դառնար: Երանի թէ սփիւռքահայը փափաքէր փոխադրուիլ հայրենիք, որպէսզի հաւատք ունենար յայտարարելու.

«Հայաստան սքանչելի երկիր է, կ՛արժէ ապրիլ հոն…»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES