Շահէ Եպս. Փանոսեան Շնորհաւորութիւններ Կ՛ընդունի
Երէկ` երկուշաբթի, 28 հոկտեմբերին, Լիբանանի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ` ընդունեց շնորհաւորութիւններ` իր ընտրութեան առիթով:
Լիբանանահայ գաղութի ազգային, պետական, կուսակցական, յարանուանական, միութենական, մշակութային, բարեսիրական եւ այլ մարզերը ներկայացնող անձնաւորութիւններ շնորհաւորեցին նորընտիր առաջնորդը` յաջողութիւն մաղթելով անոր իր ստանձնած պատասխանատուութեան մէջ:
Շնորհաւորութիւններու ընդունումը կը շարունակուի նաեւ այսօր:
CATEGORIES Գաղութային