Միօրեայ Սեմինար Դպրեվանքին Մէջ
Շաբաթ, 26 հոկտեմբեր 2013-ին, կազմակերպութեամբ դպրեվանքի տեսչութեան, «Բրաբիոն Տումանեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ միօրեայ սեմինար մը, որուն մասնակցեցան դպրեվանքի բարձրագոյն կարգի ուսանողները:
Սեմինարի առաջին նիւթն էր, «Ընկերային մետիայի կարեւորութիւնը եւ անպատեհութիւնները ընկերային, երիտասարդական եւ մասնագիտական կեանքին մէջ: Ներկայացման յաջորդեց աշխատանոց մը, ուր դպրեվանեցիները ծանօթացան ընկերային մետիայի տարբերակներուն: Այս ծիրին մէջ անդրադարձ եղաւ զարգացած նոր ծրագիրի մը` «մայքրոմափըրզ»-ի կիրարկման մասին, որ վերջերս գործադրման դրուեցաւ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան կողմէ` աղէտներուն ընթացքին մարդասիրական կազմակերպութիւններու աշխատանքին դիւրութիւն ընծայելու, որպէսզի աւելի արագ եւ ազդու միջոցներով կարենան արժեւորել տեղւոյն կացութիւնը եւ ըստ այնմ համադրել կիրարկուելիք շտապօգնութիւնը:
Օրուան երկրորդ նիւթն էր «Ղեկավարութիւն եւ վարչական գործունէութիւն» (Լիտըրշիփ էնտ Մենեճմընթ): Դպրեվանեցիները ծանօթացան յաջող ղեկավարի մը ունակութեան եւ դերակատարութեան ու անոնց ընդմէջէն իրենց առօրեան լաւագոյնս օգտագործելու եւ արդիւնաւորելու միջոցներուն մասին: Ապա, աշխատանոցի մը ընդմէջէն, կրցան վերարժեւորել իրենց ուսանողի անհատական կարողութիւնները եւ ընկերաբարոյական առաքինութիւնները:
Օրուան աւարտին, ուսանողները զրոյցի մը ընթացքին արծարծեցին աշակերտական կեանքի եւ առօրեայի հետ կապուած զանազան ժամանակակից հարցեր: Ապա, շնորհակալութիւն յայտնեցին Տանիա Օհանեանին, որ տեսչութեան հրաւէրով յանձն առած էր օրուան նիւթերուն ներկայացումները:
Դպրեվանքի տեսչութիւնը սոյն ուսումնական-կրթական տարեշրջանի ընթացքին նախատեսած է կազմակերպել այժմէական բնոյթ ունեցող նմանատիպ սեմինարներ եւ աշխատանոցներ: