ՃԱՏՐԱԿ. ԻՐԱՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՆՅԱՋՈՂ ՎԵՐՋԱԲԱՆ
Երէկ, Իրանի Մաշհատ քաղաքին մէջ աւարտեցաւ ճատրակի միջազգային մրցաշարք մը, երբ տեղի ունեցան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները:
Այս մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած հայրենի վարպետ Տիգրան Քոթանճեան անյաջող վերջաբան մը ունեցաւ, երբ սեւ քարերով պարտուեցաւ իրանցի իր մրցակիցէն` Ամիր Ռեզա Փորազանելիէն: Իր կրած այս պարտութեամբ ան 228 մասնակցողներու մէջ 7 կէտով գրաւեց ընդհանուր դասաւորման 31-րդ դիրքը:
Բաւական յաջող սկիզբէ մը ետք, Քոթանճեան զարմանալիօրէն սկսաւ նահանջել եւ աւելի բարձր դիրքերու վրայ գտնուելու իր յոյսերը մեծապէս կորսնցուց:
Տիտղոսին տիրացաւ հոլանտացի Սերկէյ Թիվիաքով, որ ապահովեց 8,5 կէտ: Թէեւ անոր նման եօթը այլ վարպետներ եւս ապահովեցին 8,5-ական կէտ, սակայն լրացուցիչ ցուցանիշներով տիտղոսին տիրացաւ հոլանտացին` գանձելով նաեւ 8 հազար ամերիկեան տոլար:
Նիւթական պարգեւներու արժանացան նաեւ անոր ետին գտնուող ինը վարպետները: