ԱՅՍ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՒԱՐՏԻՆ. ՎԱՆ ԿԱԱԼ ՊԻՏԻ ԼՔԷ ՊԱՅԷՐՆ ՄԻՒՆԻԽԸ
Շաբաթասկիզբին, Պայէրն Միւնիխ յատուկ ժողով մը գումարելէ ետք ակումբին հոլանտացի մարզիչ Լուիս Վան Կաալի հետ, յայտարարեց, որ այս տարեշրջանին աւարտին պիտի լքէ խումբը: Հակառակ անոր որ ան մինչեւ 2012 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է խումբին հետ` նկատի ունենալով, որ կազմը լաւ արդիւնքներ չարձանագրեր, երկու կողմերը իրարու հետ համաձայնութեան գալով որոշեցին այդ պայմանագրութիւնը չեղեալ նկատել:
59 տարեկան հոլանտացին, որ անցեալ սեպտեմբերին իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ 2012, անցեալին եղած է նաեւ Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի, Պարսելոնայի եւ Այաքս Ամսթերտամի մարզիչ:
Պունտըսլիկայի տիտղոսին տիրանալու իր յոյսերը կորսնցուցած Պայէրն Միւնիխ այժմ իր ուշադրութիւնը միայն պիտի կեդրոնացնէ «Չեմփիընզ Լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքին վրայ, ուր 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն (յառաջիկայ շաբաթ) պիտի ճակատի տիտղոսակիր Ինթեր Միլանի դէմ: Երթին Պայէրն 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած է: