Իրան Փաքիստանէն Կը Պահանջէ Ապահովական Համաձայնագիրները Գործադրել

Իրանեան խորհրդարանի ազգային ապահովութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնախումբի նախագահ Ալատտին Պորուժերտի յայտնեց, որ «փաքիստանեան կառավարութիւնը պէտք է սահմանային շրջաններուն մէջ աւազակախումբերուն դէմ դնէ»` շեշտելով, որ «Իրանի հետ իր կնքած համաձայնագիրներուն հիմամբ, Փաքիստան պէտք է արեւելեան Իրանի Սարաֆան շրջանին մէջ սահմանապահ ուժերուն դէմ գործուած ոճիրին հարցով քայլերու դիմէ»:

Փաքիստանի սահմանակից շրջանին մէջ իրանցի 14 սահմանապահ զինուորներու սպանութեան հարցով ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին Պորուժերտի շեշտեց, որ «եթէ փաքիստանցիները անկարող են այդպիսի աւազակախումբերու դէմ դնելու, ապա պէտք է մեր ուժերուն արտօնեն, որպէսզի անոնք փաքիստանեան հողեր մուտք գործեն եւ այդ աւազակախումբերը հետապնդեն»:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին կարծիքով` Սարաֆանի մէջ տեղի ունեցած «ահաբեկչական» դէպքը «յարանուանական պառակտում ստեղծելու փորձ մըն է»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )