Ըստ «Ուալահ» Կայքէջին. Իսրայէլ Թուրքիան Զգուշացուցած Է Իր Ուժերուն Դէմ «Գրգռութիւնները» Կրկնելու Հետեւանքներէն

Իսրայէլեան «Ուալահ» կայքէջը հաղորդեց, որ մինչ իսրայէլեան ապահովական կողմեր վերջերս Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ առեւտրական յարաբերութեանց բարելաւման առնչութեամբ գոհունակութիւն յայտնած են, Իսրայէլ Թուրքիան զգուշացուցած է անցեալ տարուան ընթացքին թրքական ուժերու կողմէ իսրայէլեան ուժերու դէմ օդի եւ ծովու մէջ «գրգռութիւններու» ձեւով տեղի ունեցած միջադէպերու կրկնութեան հետեւանքներէն:

Իսրայէլեան ապահովական բարձրաստիճան աղբիւր մը կայքէջին յայտնած է, որ «թուրքերը մեզ այնպիսի ձեւով գրգռեցին, որ ծովուն եւ օդին մէջ աղէտալի աւարտ մը կը նախատեսուէր»` նշելով, որ ճակատումի մը ենթահող պատրաստելու համար տարատեսակ բողոքներ եւ գրգռութիւններ տեղի ունեցած են, «եւ մենք իրենց շարք մը խողովակներու ճամբով խիստ ոճի պատգամներ փոխանցեցինք. այդ մէկը յաջողեցաւ եւ անոնք հանդարտեցան»:

Աղբիւրը նշած է, որ «Թուրքիա ջանացած եւ յաջողած է ՕԹԱՆ-ի մէջ Իսրայէլի աշխատանքը անդամալուծել»:

 

Share this Article
CATEGORIES