Սպանիոյ Վարչապետը Բացատրութիւն Կը Պահանջէ. Միացեալ Նահանգներ Սպանիոյ Մէջ Մէկ Ամսուան Ընթացքին 60 Միլիոն Հեռաձայնային Զրոյց Գաղտնալսած Են

Պի.Այ.» կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոյ իր մօտ կանչած է Սպանիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը, որպէսզի վերջինս բացատրութիւն տայ այն լուրերուն մասին, ըստ որոնց, Միացեալ Նահանգներ գաղտնալսած են սպանացիները:

Սպանական «Էլ Փայիս» օրաթերթը հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան գործակալութիւնը 10 դեկտեմբեր 2012-էն մինչեւ 8 յունուար 2013 երկարող ժամանակաշրջանին Սպանիոյ մէջ շուրջ 60 միլիոն հեռաձայնային զրոյց գաղտնալսած է: Գաղտնալսումը կատարուած է առանց սպանական իշխանութեան համաձայնութեան:

Վերոնշեալ տեղեկութիւնները ներկայացուցած է բրիտանացի լրագրող Կլեն Կրինուալտ, որ յօդուածներ կը հրապարակէ Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան գործակալութեան նախկին աշխատակից Էտուըրտ Սնոուտընի տրամադրած փաստաթուղթերուն հիման վրայ:

Կը հաղորդուի, որ Ազգային անվտանգութեան գործակալութիւնը նպատակ չէ ունեցած «գիտնալ հեռաձայնային զրոյցներուն բովանդակութիւնը, այլ ճշդած է անոնց տեւողութիւնը, բաժանորդներու հեռաձայններուն թիւը եւ գտնուելու վայրերը»:

Եւրոպական Միութեան խորհրդարանական պատուիրակութիւնը Միացեալ Նահանգներու կողմէ իրենց դաշնակիցները գաղտնալսելու դիւանագիտական գայթակղութեան խորապատկերին վրայ կը պատրաստուի մեկնիլ Ուաշինկթըն` քննարկումներու համար:

Պերլին եւ Փարիզ կը պահանջեն, որ Եւրոպական Միութեան անդամ 28 երկիրները «առանց լրտեսումներու» համաձայնագիր ստորագրեն, որուն Մատրիտ մէկ շաբաթ առաջ դէմ էր:

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան գործակալութիւնը դադրեցուցած է գաղտնալսել Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ շարք մը այլ միջազգային ղեկավարներու հեռաձայնային զրոյցները, երբ Սպիտակ տունը համապատասխան ծրագիրներու գոյութեան մասին տեղեկացած է:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը գրէ, որ նման տեղեկութեան յայտնուելէն ետք, որոշում տրուած է դադրեցնելու գաղտնալսումները որոշ ղեկավարներու, ներառեալ` Մերքելի:

Օրաթերթը կը նշէ, որ տակաւին յայտնի չէ, թէ Մերքելէն բացի ուրիշ որու գաղտնալսումը դադրած է:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իր պաշտօնավարման առաջին հինգ տարիներուն ընթացքին չէ գիտցած, որ ամերիկեան հետախուզութիւնը կը գաղտնալսէ միջազգային ղեկավարները:

Սպիտակ տան աղբիւրները հաղորդած են, որ Ազգային անվտանգութեան գործակալութիւնը միաժամանակ բազմաթիւ գործողութիւններ կը կատարէ, եւ պարզապէս կարելի չէ անոնցմէ իւրաքանչիւրին մասին տեղեակ պահել նախագահը:

 

Share this Article
CATEGORIES