«Սուրիոյ Դիմագրաւած Վտանգը Սոմալական Տարբերակի Է» Կ’ըսէ Իպրահիմի
Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ ներկայացուցիչ Լախտար Իպրապիմի երէկ Դամասկոսի մէջ յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կրնայ դէպի «Նոր Սուրիա» փոխանցման հանգրուանին մասնակից դառնալ` աւելցնելով, որ Ասատի շրջապատէն շատեր 2014¬ին նախագահի թեկնածու ներկայանալը անխուսափելի կը նկատեն:
Իպրահիմի ըսաւ, որ այն ինչ որ Սուրիոյ կը սպառնայ սոմալական տարբերակի է, սակայն աւելի երկար, խոր պիտի ըլլայ, քան սոմալականը:
Գահիրէի մէջ արաբական դիւանագիտական աղբիւր մը քուէյթեան «Քունա» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարները յառաջիկայ կիրակի օր արտակարգ ժողով մը պիտի գումարեն` քննարկելու համար Սուրիոյ տագնապին առնչուած վերջին զարգացումները:
Ան աւելցուցած է, որ Լիպիոյ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ապտելազիզի նախագահութեամբ գումարուելիք ժողովը պիտի քննարկէ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի շարք մը երկիրներ կատարած շրջապտոյտին արդիւնքները, ինչպէս նաեւ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովի գումարման պատրաստութեան վերաբերող հարցեր:
Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ նախարարական ժողովը պիտի գումարուի սուրիական ընդդիմութեան խնդրանքով, որպէսզի ան «Ժընեւ-2»-ի հարցով արաբական ծածկոյթ մը ստանայ` նշելով, որ այդ հարցին շուրջ արաբական երկիրներուն միջեւ տարակարծութիւնները կը շարունակուին:
Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ ինք կը նախատեսէ, որ Արաբական լիկան կիրակի օր «Ժընեւ-2»-ի խորհրդաժողովին ներկայ գտնուելու համաձայն գտնուի:

