Պաղըշ. «Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցելուն Կը Խանգարեն Քաղաքական Արգելքներ»
Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան հարցերով Թուրքիոյ պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցելուն կը խանգարեն քաղաքական արգելքներ:
Ըստ նախարարին, Թուրքիոյ անդամակցութեան ձգձգումը պատճառ կը դառնայ, որ քաղաքացիները կորսնցնեն այդ կառոյցին նկատմամբ վստահութիւնը:
Պաղըշ նաեւ նշած է, որ Անգարա պիտի շարունակէ բարեփոխումները` Եւրոպական Միութեան անդամակցելու համար:
Նախապէս Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Առընչ յայտարարած էր, որ քաղաքացիները կորսնցուցած են Եւրոպական Միութեան անդամակցելու նկատմամբ հետաքրքրութիւնը:
CATEGORIES Միջազգային