Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆՇԱՆԱԿԵԱԼ վարչապետ Թամմամ Սալամ անձնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Ժընեւ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ պատասխանեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի` շեշտելով, որ սուրիական բանտերուն մէջ կան 622 լիբանանցի արգելափակեալներ եւ ոչ թէ անյայտ կորսուածներ:

ՍՈՒՐԻՈՅ տագնապի լուծման հարցով միջազգային պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի հետ: Հանդիպումէն ետք Իպրահիմի մեկնեցաւ Դամասկոս` առանց յայտարարութիւն կատարելու:

ՄԱՐՈՆԻ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Պուլոս Սայեահ եպիսկոպոս շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսներուն մասին յստակ տեղեկութիւններ չկան:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի դասակ մը երէկ մուտք գործեց Ուազզանիի մօտակայքը, ուր հետախուզական կարգ մը աշխատանքներ կատարեց:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր նախատեսեց, որ յառաջիկայ կիրակի օր Արաբական լիկան համաձայնութիւն յայտնէ` «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին ներկայ գտնուելու:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Նազեմ Խուրի հաստատեց, որ Լիբանան կտրականապէս պիտի մերժէ Սուրիոյ քիմիական նիւթի պահեստը Լիբանանի մէջ թաղելու առաջարկը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ լիբանանեան շահերը Հըզպալլայի համար ոչ մէկ նշանակութիւն ունին:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆընէյշ կոչ ուղղեց վերադառնալու պետութեան տրամաբանութեան, վերաշխուժացնելու պետական հաստատութիւնները եւ կազմելու իսկական համագործակցութեան կառավարութիւն մը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Ռամզի Քանժ կոչ ուղղեց նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամին` արագացնելու Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ յայտնեց, որ Լիբանան հասած է ելեւմտական, տնտեսական եւ ապրուստի առումով ամէնէն վտանգաւոր հանգրուանին:

ՄԱՐՈՆԻ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսը յայտնեց, որ կան քաղաքական այնպիսի օրակարգեր, որոնց նպատակն է պառակտել շրջանը եւ զայն դատարկել քրիստոնեայ տարրերէն:

ՀԱՆԴԻՊԵԼԷ ետք երեսփոխան Պահիա Հարիրիի հետ` Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին յայտնեց, որ պահանջուած է Լիբանանի մէջ կառավարութիւն մը կազմել:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլիի չափաւորական աղբիւրներ հաստատած են, որ Սէուտական Արաբիա չի փափաքիր, որ Թրիփոլիի մէջ բախումները վերջ գտնեն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը քանդեն Լիբանանի մէջ ամէն ինչ, նոյնիսկ ապահովական կայունութիւնը:

ՌՈՒՄԻԷԻ բանտին մէջ արգելափակեալ Մոհամետ Նուրէտտին Արապ իր արգելարանին մէջ կախուած գտնուած է:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Սիասա» օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլիի մէջ զինեալ բախումները պիտի դադրին միայն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հրահանգով:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )