Բանակը Դատական Իշխանութիւններուն Կը Յանձնէ Լիբանանցի Մը Եւ Թուրք Մը
Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ականուած ինքնաշարժներու պատրաստութեան եւ զանոնք պայթեցնելու յանցանքով բանակը դատական իշխանութիւններուն յանձնած է լիբանանցի Մոհամետ Նայեֆ Աթրաշը եւ թուրք Մոհամետ Սապահէտտին Էօզտեմիրը, որոնք 19 եւ 23 հոկտեմբերին ձերբակալուած էին:
Բանակին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ձերբակալեալները հետաքննութեան ընթացքին խոստովանած են, թէ կը պատկանին զինեալ խմբաւորումի մը, որուն մաս կը կազմեն լիբանանցիներ եւ սուրիացիներ:
«Լիբանանցին խոստովանած է, թէ հրթիռարձակում կատարած է Հերմելի եւ Լապուէի դէմ, ինչպէս նաեւ զինեալ խմբաւորումին մնացեալ անդամներուն հետ ծրագրած է յարձակումներ գործել Արսալի մէջ գտնուող բանակի անցարգելներուն դէմ եւ գրաւել բանակին զէնքերն ու զինամթերքը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
ՆՇԵՆՔ, որ Զինուորական ատեանի դատախազ Ֆատի Սուան երէկ 17 ամբաստանեալներ դատապարտեց Պալլունէի, Արամունի եւ Հարաւային արուարձաններու դէմ հրթիռներ արձակելու յանցանքով: Նշեալ յանցագործներուն դէմ առաջարկուած պատիժները հասան մինչեւ մահապատիժի: