Ժոմպլաթ. «Թրիփոլի Շրջանային Հակադիր Առանցքներուն Միջեւ Գոյութիւն Ունեցող Տագնապին Զոհն Է»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շաբաթական իր յօդուածին մէջ հարց տուաւ, թէ արդեօք Թրիփոլի ստիպուա՞ծ է վճարելու այս կամ այն քաղաքական ուժերուն ստացագիրները եւ զոհը դառնալու շրջանային հակադիր առանցքներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տագնապին:
Ժոմպլաթ նշեց, որ ոմանց կարծիքով, Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ տեղի ունեցող արիւնալի բախումները փոփոխութեան պիտի ենթարկեն Սուրիոյ տագնապին աւարտը եւ կամ պիտի կարենան այդ տագնապին մասնակցող կողմերուն հաւասարակշռութեան տարազները փոխել, «մինչդեռ Սուրիոյ տագնապը համաշխարհային խորք ունի եւ կը գերազանցէ Թրիփոլիի մէջ կռուող այս կամ այն կողմերուն զինեալներուն եւ անոնց զօրակցող կողմերուն ուժը», ըսաւ ան:
Ժոմպլաթ վերյիշեցուց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութիւնը, որուն ընդմէջէն ան կոչ ուղղած էր լիբանանցիներուն վերջ տալու Սուրիոյ տագնապին միջամուխ դառնալու երեւոյթին, ինչպէս նաեւ վերյիշեցուց հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի յայտարարած իմաստուն քաղաքականութիւնը` Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ չէզոք կեցուածք որդեգրելու կարեւորութիւնը:

