Պըրրի – Միքաթի Հանդիպում

Միքաթի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց երկրին ներկայ իրավիճակը:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին իր կատարած այցելութիւնը սովորական այցելութիւն մըն է` քննարկելու համար երկիրը յուզող հարցերը:

Ան աւելցուց, որ հանդիպումն ու քննարկումները դրական ընթացած են:

Թրիփոլիի կացութեան վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով` Միքաթի յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է նաեւ այդ հարցը, յատկապէս շրջանին մէջ բանակին որդեգրած միջոցառումները:

«Բոլոր հարցերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած ենք, ինչպէս նաեւ համաձայնած, որ բանակը իր ամբողջական պատասխանատուութիւնը ստանձնէ` Թրիփոլիի ապահովական խախտումներուն վերջ մը դնելու», շեշտեց Միքաթի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )