«Պէտք Է Վերջ Տալ Սուրիոյ Ճակատագիրին Սպասելու Ու Գրաւներ Դնելու Քաղաքականութեան Եւ Լուծել Լիբանանի Ներքին Հարցերը» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա
«Ռասուլ Աազամ» հիւանդանոցին հիմնադրութեան 25-ամեակին առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ այդ հաստատութիւնը եւս մաս կը կազմէ Դիմադրութեան` նկատի ունենալով, որ ան ընկերակցած է Դիմադրութեան` անոր շրջանցած բոլոր հանգրուաններուն ընթացքին:
Սէյիտ Նասրալլա բարձր գնահատեց հիւանդանոցին եւ անոր աշխատակազմին զոհողութիւնները, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց բոլոր պարգեւատրեալները` յաջողութիւն մաղթելով բոլորին:
Անդրադառնալով Լիբանանի ներկայ իրավիճակին` սէյիտ Նասրալլա լուսարձակի տակ առաւ հիմնական երկու թղթածրարներ, որոնցմէ մէկը մարդկային է, իսկ միւսը` քաղաքական:
Մարդկային առումով, սէյիտ Նասրալլա շնորհաւորեց ազատ արձակուած լիբանանցիներն ու անոնց ընտանիքները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին անոնց ազատ արձակումին:
Ան կոչ ուղղեց դատական իշխանութիւններուն հետաքննութիւն բանալու անոնց հարցով եւ գիտնալու անոնց առեւանգումին դրդապատճառները, առեւանգող կողմին ինքնութիւնն ու այդ արարքին նպատակները, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ հարցով քննութիւն կատարել, պատասխանատուները ճշդել, ճշմարտութիւնները բացայայտել, ինչպէս նաեւ ոմանց դիմակները վար առնել:
Սէյիտ Նասրալլա մաղթեց, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսները եւս ազատ արձակուին, ինչպէս նաեւ անյայտ կորսուած լիբանանցիները` ըլլան անոնք Սուրիոյ բանտերուն մէջ թէ թշնամի Իսրայէլի մօտ, վերադառնան Լիբանան:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ անյայտ կորսուած լիբանանցիներուն տունդարձին առումով պետական մակարդակով աշխատանքի եւ լուրջ քայլեր առնելու կարիք կայ: «Այս թղթածրարներուն պէտք է պատասխանատուութեամբ մօտենալ` անկախ քաղաքական շահերէ: Ինքզինք եւ իր քաղաքացիները յարգող պետութիւն մը լրջօրէն կը հետապնդէ այս հարցը եւ անոր վերջնական լուծում կը գտնէ», հաստատեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ այս շրջագիծին մէջ իրենց հասած տեղեկութիւններուն հիման վրայ Իսրայէլի մէջ կը գտնուին 17 հազար անհատներ, որոնց կարգին են նաեւ Լիբանանի մէջ առեւանգուած չորս իրանցի դիւանագէտները: Ան աւելցուց նաեւ, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է հետապնդէ նաեւ իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն` շէյխ Մոհամետ Եաագուպի եւ Ապպաս Պատրէտտինի թղթածրարը:
«Ասիկա երկրին արժանապատուութիւնն է եւ ազգային հարց է», ըսաւ ան:
Քաղաքական առումով, սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ լիբանանեան քաղաքական այն կողմերուն, որոնք իրենց գրաւը դրած են Սուրիոյ իրադարձութիւններուն վրայ եւ կը սպասեն Սուրիոյ մէջ արձանագրուելիք զարգացումներուն, որպէսզի ըստ այնմ որոշեն Լիբանանի մէջ իրենց կեցուածքները:
«Թող լիբանանցիները դատեն, թէ ո՛վ է խորհրդարանի աշխատանքները, օրէնսդրական նիստերը, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, կառավարութեան արտակարգ նիստերու գումարումն ու ազգային երկխօսութիւնը խոչընդոտողը», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Սուրիոյ` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ գետնի վրայ Սուրիոյ բանակը յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ, եւ Սուրիոյ տագնապին լուծման առումով գրեթէ ամբողջ աշխարհին եւ ներքին սուրիական իմաստով համոզում գոյացած է, թէ այդ լուծումը պիտի ըլլայ քաղաքական եւ ոչ թէ զինուորական:
«Ի բացառութիւն կարգ մը պետութիւններէ, որոնց շարքին նաեւ Սէուտական Արաբիայէն, որ խիստ ընդվզած են այս իրականութենէն, որովհետեւ անոնք Սուրիոյ մէջ այլ նպատակներ կը հետապնդեն», յայտնեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերն ու Մուսթաքպալ հոսանքը իրենց կարգին կը հաւատան Սուրիոյ վարչակարգին տապալումին եւ Սուրիոյ մէջ զինուորական լուծման պարտադրումին:
Սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պէտք է վերջ տան իրենց սպասումին` աւելցնելով, որ եթէ անոնք քիչ մը եւս սպասեն, ապա տիրող պայմանները աւելի նպաստաւոր պիտի ըլլան իրենց հակառակորդ քաղաքական կողմերուն համար:
«Մենք այս եզրերով չենք սպառնար, այլ` իրարու խորհուրդներ կը փոխանցենք», աւելցուց ան:
Իսկ անոնց, որոնք կը սպասեն Դամասկոսի օդակայանէն Լիբանան վերադարձին, սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ աւելի լաւ է, որ անոնք Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Լիբանան վերադառնան, եթէ չեն ուզեր Լիբանանէն հեռու մնալ:
Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն գետնի վրայ քննարկելու երկրին իրադարձութիւնները եւ լուծելու անլոյծ մնացած թղթածրարները:
Ան շեշտեց, որ 9+9+6 տարազին հիման վրայ կառավարութեան մը կազմութիւնը պէտք է բոլորին կողմէ ընդունելի ըլլայ, որովհետեւ այդ տարազը արդէն իսկ իրենց իրաւունքներէն զիջում կը նկատուի:
«Խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը խոչընդոտող քաղաքական ուժերը քաջ գիտեն, թէ իրենց արարքը հակասահմանադրական է, սակայն կը շարունակեն իրենց այդ կեցուածքը` քաղաքական պատճառներով», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը պէտք է հիմնական երկու հարցերով արտակարգ նիստ մը գումարէ` քննարկելու համար լիբանանեան քարիւղի եւ բնական կազի հարստութիւնն ու Թրիփոլիի ապահովական կացութիւնը:
Ան կոչ ուղղեց Թրիփոլիի կրօնաւորներուն` դիւրացնելու բանակին առաքելութիւնը եւ մեղք նկատելու բանակին դէմ կրակ բանալու արարքը, որովհետեւ միայն դէպի իրենց շրջաններ լիբանանեան բանակին մուտքը դիւրացնելով է, որ կարելի է Թրիփոլիի մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատել:
Ան կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահին եւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին` գումարելու այդ նիստը, իսկ քաղաքական մնացեալ ուժերէն խնդրելու խնայել երկիրն ու քաղաքացիները:
Ակնարկելով ականուած ինքնաշարժներու հարցին, սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ պետութիւնը գիտէր ականուած ինքնաշարժներու հարցին` գոյութեան մասին, սակայն ոչինչ ըսաւ այս մասին: «Այս հարցերը պէտք է քննարկուին կառավարութեան նիստերուն ընթացքին», նշեց սէյիտ Նասրալլա:
«Լիբանանը շտապ օգնութեան եւ անմիջական խնամքի բաժանմունքին մէջ գտնուելու կարիք ունի», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա: