Նախագահ Սլէյման Մքարիի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Հարցերը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցերն ու խորհրդարանական զարգացումները:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, յատկապէս Թրիփոլիի վերաբերող ապահովական միջոցառումները, որոնք կը գործադրուին լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ` հակակշիռի տակ առնելու համար շրջանին ապահովական կացութիւնը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Սելիմ Ժրայսաթի: Քննարկուեցան քաղաքական եւ կառավարական զարգացումները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Ասեմ Արաժի: