Թրիփոլի Կը Մնայ Պատերազմի Մթնոլորտի Մէջ, Իսկ Բանակը Կը Դառնայ Պապ Թըպպանէէն Բացուած Կրակին Նոր Թիրախը
Թրիփոլիի մէջ զինեալ բախումներն ու արձակազինութիւնը երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին շարունակուեցան:
Զինեալ բախումներուն պատճառով Թրիփոլիի փողոցները ամայացան եւ դպրոցները մնացին փակ:
Երեկոյեան Սուրիա փողոցն ու Պաքքարի շրջանը ռմբակոծուեցան` պատճառելով մեծ թիւով վիրաւորներ:
Նշենք սակայն, որ կէսօրուան ժամերուն, երբ բանակը կը փորձէր մուտք գործել Պապ Թըպպանէ, ենթարկուեցաւ կրակոցի, որուն պատճառով արձանագրուեցան երեք վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ «իներկա» տիպի նռնականետի մը թիրախ դարձաւ Ապու Ալիի հրապարակին վրայ գտնուող բանակի անցարգելը:
Այս պատճառով բանակը նահանջ արձանագրեց եւ Պապ Թըպպանէի մէջ չդիրքաւորուեցաւ:
Ուշ երեկոյեան զինեալներ բանակին վրայ կրակեցին Նուր հրապարակին, Զահիրիէի, Ապու Ալի հրապարակին եւ այլ շրջաններու մէջ:
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ բանակին որդեգրած բոլոր քայլերը Թրիփոլիի մէջ ապահովական կայունութիւնը պիտի վերահաստատեն:
Իր կարգին, հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար կոչ ուղղեց Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի բնակիչներուն լաւ վարուելու լիբանանեան բանակին հետ:
Նշենք, որ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն կոչ ուղղեց Թրիփոլիի զինեալ բախումներուն մեղսակցող բոլոր կողմերը հաշուետուութեան կանչելու. ան ընդգծեց Թրիփոլիի մէջ գործադրուելիք ապահովական ծրագիրին կարեւորութիւնը:
Ղոսըն շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած միջադէպերը շատ վտանգաւոր են` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է զինեալներուն տրամադրուած հովանիին վերջ տալ:
Ան կոչ ուղղեց բանակին եւ ապահովական ուժերուն առիթ տալու, որ անոնք Թրիփոլիի մէջ ապահովական կայունութիւն վերահաստատեն` վերջ տալով համայնքային եւ յարանուանական արիւնահեղութեան:
Միւս կողմէ, Լիբանանի պետական թանգարանի մուտքին քաղաքացիական ընկերութեան կողմէ կազմակերպուեցաւ բողոքի նստացոյց մը, որուն ընթացքին մերժուեցաւ Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցող արիւնահեղութիւնը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանէն եւ քաղաքական իշխանութիւններէն պահանջուեցաւ լուծել երկրին եւ քաղաքացիին դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ ստանձնել սահմանադրական իրենց պատասխանատուութիւնները:
Նստացոյցին պատկերասփռուած ճառերով միացան իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներու չորս հոգեւոր պետեր, որոնք ընդգծեցին Լիբանանի փրկութեան համար ամէն ջանք ի գործ դնելու անհրաժեշտութիւնը:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց ամէնէն արագ միջոցին կազմելու կառավարութիւն մը եւ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութիւններուն նախապատրաստական աշխատանքը տանելու, որպէսզի կարելի ըլլայ սահմանադրական ժամկէտները յարգել` նախագահական ընտրութեան առումով:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց անսալու խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած նախաձեռնութեան եւ երկիրը փրկելու իր դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական տագնապներէն:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի կոչ ուղղեց որդեգրելու փրկութեան որոշում մը եւ կազմելու միասնականութեան կառավարութիւն մը, որ կը հոգայ լիբանանցիներուն կարիքները:
Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան անհրաժեշտ նկատեց բանակին զօրակցութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքական պատասխանատու անձնաւորութիւններուն կողմէ լիբանանցիներուն կարիքները հոգալու անհրաժեշտութիւնը:
Նստացոյցին մասնակիցները կոչ ուղղեցին ամէն երկուշաբթի օր կէսօրուան ժամը 12:00-ին տասը վայրկեանի համար կասեցնել աշխատանքը` ամբողջ Լիբանանի տարածքին, որպէսզի քաղաքացիական ընկերութեան վայել շարժումը շարունակուի: