Մէկ Շաբթուան Մէջ Զինադադարի Դրութեան 200 Խախտում
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակին տուեալներով` 20-26 հոկտեմբերի ժամանակաշրջանին Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու շփման գիծին վրայ ազրպէյճանական կողմէն զինադադարի դրութիւնը խախտուած է շուրջ 200 անգամ: Տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած են աւելի քան 700 կրակոցներ:
«Բանակի յառաջապահ զօրամասերու կողմէ ձեռնարկուած պատասխան գործողութիւնները պատճառ դարձած են հակառակորդի դրսեւորած աշխուժութեան ճնշման», նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:
CATEGORIES Հայկական